Անունը վերացաւ, կիսանդրի բացին

21 Մայիս Երկուշաբթի օր, Պոմոնթիի հայ կաթողիկէ վարժարանի պարտէզին մէջ բացումը կատարուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Սեբաստացիի կիսանդրիին։ Աբբահօր կիսանդրին քանդակուած է Չաղտաշ Էրչելիք եւ Տենիզ Չոպանքենթի կողմէ։ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Արհիապատիւ Գերապայծառ Լեւոն Արք. Զէքիեան հանդէսի աւարտին ունեցած ելոյթին մէջ ափսոսանք յայտնեց, թէ Միաբանութեան երկու դպրոցներէն ալ անհետացած է Մխիթար Սեբաստացիի անունը։ Արդարեւ այժմ միաբանութեան Վենետիկեան ուխտին պատկանող նախակրթարանը պաշտօնապէս կը կոչուի «Պոմոնթի էրմէնի քաթոլիք իլքէօղրեթիմ օքուլու» եւ Վիենական ուխտին պատկանող ճեմարանն ալ «Փանկալթը լիսէսի» անունով։

Երբ ազգային հաստատութիւններ այսքան հեզասահ կերպով կը հրաժարին իրենց անուններէն ինչպէս ակնկալել, որ հասարակ անհատը գիտակցութիւն պահէ իր ազգային դիմագիծը հանդիսացող անունին պահապան ըլլայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ