Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահը անշուշտ որ միակ մեղաւորը չէ երկրի ներկայ դժուարութիւններուն։ Ո՛չ տնտեսական շրջափակումը, ո՛չ կաշառակերութիւնը եւ ո՛չ ալ արտագաղթը իր հնարածներն են։ Իր գործունէութիւնը շարունակութիւնն է իրմէ առաջ ձեւաւորուած օլիկարխներու համակարգին։
Բոլորին ծանօթ է հայոց երրորդ հանրապետութեան հիմնադրութեան պայմանները։ Կազմալուծուած Խորհրդային կայսրութիւնը իր ետին թողած էր ճարտարագիտական թափածոյ մը միայն։ Երկրի տնտեսութեան շարժակը հանդիսացող հսկայ գործարանները չէին պատշաճաց օրուայ պահանջներուն։
Խորհրդային պետութենէ դէպի անկախութեան անցման շրջանին երկիրը արդէն մատնուած էր օրհասական ինչ ինչ հարցերու։ Ազգը փորձուած էր կործանիչ երկրաշարժով։
Ղարաբաղի հայութիւնը եւս կ՚ապրէր օրհասական ժամանակներ, երբ Ատրպէյճան կը սպառնար տարածքի ինքնավարութեան։
Անկախ պետութեան առաջին գործունէութիւններն էին Երեւանը շնչահեղձ ընող «Նաիրիտ» կաուչուկի գործարանի եւ Մեծամօրի ատոմակայանի աշխատութեան դադարեցումը։ Մանաւանդ այդ երկրորդը շատ սուղ արժած էր ուժանիւթի ճգնաժամի մատնուած երկրին համար։
Կրկին բոլորին ծանօթ է թէ այդ տարիներուն ինչպէս թալանուեցան անտէրութեան մատնուած գործարաններու հաստոցները եւ սարքերը։ Մարդիկ ինչպէս թռիչքի տոմսի գնով վաճառեցին իրենց նոր սեփականատէր դարձած բնակարանները եւ բռնեցին գաղթի ճամբան։
Անցումային շրջանի այս ձախողութիւններու հետեւանքով ամբողջ հանրապետութեան տնտեսութիւնը դարձաւ երկու կամ երեք տասնեակ ընտանիքներու, այլ խօսքով օլիկարխներու մենաշնորհը։
Այդ օրուայ նախագահը Լեւոն Տէր Պետրոսեան, յաջորդը Ռոպէրթ Քոչարեան եւ դուք իբրեւ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգիսեան հաւասար կերպով պատասխանատու էք ազգին այսօրուայ վիճակէն։
Բնական էր որ հասարակութեան զայրոյթը ուղղուէր ձեզ։
Անբնականը, օրինակելին ձեր վեհանձն կեցուածքը եղաւ մեծայարգ Սարգսեան, որուն համար մեր ժողովուրդը երախտապարտ է ձեզ։ Շնորհակալութիւն ձեր հրաժարականին մէջ նշուած այդ երեք բառերուն, «Ատիկա ի՛մը չէ» արտայայտութեան համար։
Բովանդակ հայաշխարհը Արցախեան յաղթանակէն ետք առաջին անգամ է որ կ՛ապրի միասնական ուրախութիւն։ Որքան հակասական է թէ այդ ուրախութեան պատճառն է ձեր հրաժարումը, բայց նոյնքան կարեւորը, այդ հանգրուանին առանց արիւնահոսութեան հասնելու իրողութիւնը։ Դուք ձեր արդար բաժինը ունիք երկու երեւոյթին մէջ հաւասարապէս։ Սխալ ընթացքը պէտք էր խափանուէր եւ դուք կը ներկայանայիք որպէս այդ ընթացքի գլխաւոր դերակատար։ Հայութիւնը վախ ու թողով կը հետեւեր զարգացումներուն, միշտ յիշելով տասը զոհեր խլած Մարտի մէկի դէպքերը։ Ճակատումի շեմին էին ձեզ բողոքելու համար փողոց իջնողներն ու իբրեւ թէ կարգապահութիւնը ապահովելով պաշտօնակոչուած ոստիկանները։ Եթէ կողմերու միջեւ արիւնալի դէպքեր չեն պատահած, սա կը վերաբերի պարագլուխներուն՝ ձեր եւ պարոն Փաշինեանի աչալուրջ մերձեցման։ Այժմ դուք պարոն Սարգսեան, Պիղատոսի նման լուացած եք ձեր ձեռքերը, իսկ մենք՝ որպէս ժողովուրդ յայտնի է որ տակաւին որոշ ժամանակ պիտի տառապինք արձանագրուած յաղթանակը բոլորին պիտանի լուծումի մը տանելու համար։
Արար աշխարհ տեսաւ թէ հայու միասնական կամքը արժանի է յաջողութեան, ուրեմն չենք կրնար ի սպառ հանել գոյացած այս ակնկալութիւնը։
Պիտի յաջողինք, անպայման պիտի յաջողինք եւ պարոն Սարգիսեան, դուք ունիք մեզ յաջողութեան տանող ճանապարհի մէջ ձեր թանկագին ներդրումը։
pakrates@yahoo.com