Արեւմտահայերէն լրատուական կայք «Եռագոյն»ի թղթակցութիւնով վերահասու կ՚ըլլանք փարիզահայութեան պատմական օրաթերթ «Յառաջ»ի 80-ամեայ հաւաքածոյի թուայնացման լուրին։ Ներկայ ժամանակներու կարեւորագոյն հրամայականն է տպագրութեան յատկապէս ալ պատմական արժէք ներկայացնող օրինակներուն թուայնացումը։ Թուայնացումը ինքնին բնութեան բնական աւերին դէմ պայքարելու եղանակն է, որու շնորհիւ բազմաթիւ գրականութիւն կ՚ազատուի փճանալու հաւանական աղտէն։ Ստորեւ մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան կը ներկայացնենք այս շատ կարեւոր աշխատութեան մանրամասնութիւններուն։
Մարսիլիոյ մէջ գործող «Յիշողութեան հետազօտութեան եւ տոմարագրութեան հայկական ընկերակցութիւն»՝ ԱՐԱՄ-ը 2011-ին նախաձեռնած էր «Յառաջ» թերթի թիւերու թուայնացման աշխատանքին, թուղթէ տարբերակին յանձնուած աւելի քան 80-ամեայ պատմութիւնը ժամանակի անողոք ճիրաններէն փրկելու, նաեւ համացանցի միջոցաւ՝ ամբողջ աշխարհի հայութեան հասանելի դարձնելու նպատակով։
ԱՐԱՄ «Յառաջ»-ի բովանդակ հաւաքածոն ունէր իր տրամադրութեան տակ, շնորհիւ INALCO-ի BULAC գրադարանին հետ կնքած գործընկերութեան համաձայնութեան. այսպէս, վերջինս թերթին՝ տարի առ տարի հսկայ հատորներու ձեւով կազմուած հաւաքածոներու ամբողջութիւնը կը դնէր ԱՐԱՄ-ի տրամադրութեան տակ։ «Յառաջ»-ի տնօրէնուհի Տիկին Արփիկ Միսաքեան ալ տուած էր անհրաժեշտ արտօնութիւնը՝ թուայնացման այս աշխատանքին եւ այնուհետեւ ալ՝ webaram.com-ի կողմէ թերթին թուայնացուած թիւերուն՝ համացանցի վրայ հրապարակման համար։
«Յառաջ», որ 1925-ին հիմնուած է Շաւարշ Միսաքեանի կողմէ, հանդիսացած է Եւրոպայի հայութեան առաջին օրաթերթը։ 1957 Յունուար 26-ին հիմնադիրին մահէն անմիջապէս ետք թերթին ղեկը ստանձնած է Տիկին Արփիկ Միսաքեան։
Թերթը իր վերջին թիւը մամուլին յանձնեց 2009 Մայիս 30-ին, այդպէսով վերջ դնելով 84-ամեայ անցեալի մը, ի բաց առեալ Ֆրանսայի՝ գերմանական գրաւման տարիները, որոնց ընթացքին Շաւարշ Միսաքեան կամովին դադրեցուցած էր հրատարակութիւնը, զերծ մնալու համար գերմանական խիստ գրաքննութենէ եւ հարկադրաբար գործիք չդառնալու համար նացիական քարոզչութեան։ Այդ երկար տասնամեակներու ընթացքին լոյս տեսած է 22.214 թիւ։
Տիկին Արփիկ Միսաքեանի կողմէ ԱՐԱՄ-ին նուիրուած են թերթին վերջին թիւի էջերուն կապարեայ կաղապարներն ալ, որոնք կը ցուցադրուին ընկերակցութեան աշխատանոցին մէջ։ 1925-էն առաջ, «Յառաջ»-ի քանի մը թիւ, – նոյն անունով – լոյս տեսած է Երեւանի մէջ։ Այդ թիւերու պատկերանիշի (logo) բոցավառ յատկանիշը պահպանուած է 1925-էն մեզի ծանօթ «Յառաջ»-ի ճակտին տեղ գրաւածին մէջ եւս։
Թուայնացման աշխատանքները կատարած է այդ բնագաւառին մէջ մասնագիտացած COPEIA ընկերութիւնը։ Այս աշխատանքի իրագործման եւ այդ նպատակով ստացուած նուէրներով միասին՝ անհրաժեշտ գումարները լրացնելու համար ԱՐԱՄ ձեռք ձգած է նաեւ զանազան գանձատրումներ՝ Ֆրանսայի Մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան նախարարութենէն, CEPAC-էն (Փրովանսի, Ալպեաններու, Գորսիքայի, ինչպէս նաեւ Անդրծովեան տարածքներու յատուկ դրամատուն, խնայողութեան սնտուկ մը), Պիւլլիւքեան հիմնադրամէն (1960-1969 ժամանակաշրջանի թուայնացման համար), եւ յատկապէս Կիւլպէնկեան հիմնարկութենէն (1970-էն 2009 ժամանակաշրջանին համար)։
Երկար տարիներու նշեալ աշխատանքէն ետք, ԱՐԱՄ այսօր վերջապէս իր տրամադրութեան տակ ունի թուայնացուած տարբերակներու ամբողջութիւնը, այսինքն՝ 1925-էն 2009՝ երկար տասնամեակներու բոլոր թիւերը, թուայնացուած։
Այս առթիւ Հինգշաբթի, Ապրիլ 5-ին ներկայացման ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ ԱՐԱՄ-ի Մարսիլիոյ կեդրոնատեղիին մէջ։ Նախ խօսք առաւ ԱՐԱՄ-ի նախագահ Ժաք Ուլուսեան, որ բարիգալստեան եւ ներածականի հանգամանք կրող իր ելոյթին մէջ նշեց գլուխ հանուած գործին կարեւորութիւնը, յատկապէս ֆրանսահայ համայնքի պատմութեան պահպանման տեսանկիւնէն։ Իրենց կարգին՝ «Յառաջ»-ին եւ կատարուած աշխատանքին քաջածանօթ գրող Գրիգոր Պըլտեան, թերթի տարիներու խմբագիր Արփի Թոթոյեան եւս ողջունեցին կատարուած աշխատանքին արժէքն ու կարեւորութիւնը։ Խօսք առին նաեւ BULAC-ի գիտական տնօրէն Պենժամէն Կիշառ, COPEIA ընկերութեան թուայնացման բաժնի պատասխանատու Ռեժիս Ռոժէ, ԱՐԱՄ-էն Միշէլ Ահարոնեան եւ Կիւլպէնկեանի արեւմտահայերէնի զարգացման բաժնի պատասխանատու Անի Կարմիրեան։