Թուրքիոյ հայոց պատրիարքական աթոռը դէպի վեց դարերու հասնող իր պատմութեան մէջ կ՚ապրի ծանր ճգնաժամ մը։ Անշուշտ, որ այդ վեց դարերու ընթացքին ալ պատահած են զանազան անցումային շրջաններ, որոնց աւարտին աթոռը յաջողած է իր անսասանութիւնը պահելու։ Կասկած չկայ, որ այս անգամ ալ նմանը պիտի ըլլայ եւ Պատրիարքարանը պիտի տիրանայ իր արժանաւոր գահակալին։ Սակայն դէպի այդ փուլը ընթացող գործընթացի մէջ առայժմ կ՚ապրինք մտահոգիչ երեւոյթներ։ Մտահոգիչ՝ այն առումով, թէ կը խորտակուի աթոռին վարքն ու պատիւը։ Եթէ յետադարձ ակնարկով մը դիտենք նախորդ շաբաթը, ամէն ինչ սկսաւ Իսթանպուլի կուսակալութեան 5 Փետրուար թուակիր նամակի յայտնութիւնով։ Սոյն նամակը կը մերժէր պատրիարքական աթոռի թափուր ըլլալու իրողութիւնը եւ Մեսրոպ Բ. պատրիարքը կը համարէր առկայ պատրիարք։ Մօտ տասը տարի է անգործունակ պատրիարքի յաջորդը ընտրելու համար կը պարտադրէր այժմու պատրիարքի վախճանումը։ Իսկ գործնականապէս խորհուրդ կու տար մինչեւ այդ թուականը պատրիարքարանի ընթացիկ գործերը կատարել պետութեան կողմէ ալ ճանաչում տեսած ընդհանուր փոխանորդի, յանձին Արամ արք. Աթէշեանի հետ։
Այս նամակի յայտնութենէն անմիջապէս ետք 7 Փետրուարին Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու իր հետ ունենալով Ոստիկան զօրաց հրամանատարը եւ Ապահովութեան տնօրէնը ժողով մը գումարեց պոլսահայ համայնքի խումբ մը բարերարներու եւ համայնքային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, որ կտրուկ կրկնեց Կուսակալութենէն եկած նամակի բովանդակութիւնը։
Այդ ժողովին միայն Կետիկփաշայի Սուրբ Յավհաննէս Եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը եւ պատրիարքական ընտրութեան Կարգադիր յանձնախումբի բանբեր իրաւաբան Սեպուհ Ասլանկիլ համարձակեցան առարկել նախարարի պարտադրանքին, պնդելով թէ նոր պատրիարքի ընտրութիւնը անհրաժեշտութիւն մըն է մեզի համար։ Իրենց այդ ելոյթը յաջորդ օրուայ հայերէն թերթերուն մէջ քննադատութեան նիւթ դարձաւ եւ նոյնիսկ համայնքի «բանիմաց մարդ»ու յաւակնութիւն ունեցող կարգ մը անձեր իրենց ընդվզումը յայտնեցին՝ «մեր համայնքին վնաս կը հասցնեն ինչպէս կարգ մը երեսփոխաններ, այնպէս ալ կարգ մը փաստաբաններ» ըսելով։
Այս զարգացումներէն ետք կայացաւ Կրօնական ժողովի նիստը Սահակ արք. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ։ Պետական լուծի հետեւանքով գոյացած ճգնաժամը նոր հարուած մը եւս ստացաւ Կրօնական ժողովի վերջին որոշումով, ըստ որու հնազանդութիւն կը յայտնուէր պետութեան անընդունելի ճնշումին դիմաց եւ նոյն ժողովի կողմէ ընտրուած տեղապահի կոչումը ետ կ՚առնուէր ընթացք տալու համար Արամ արք. Աթէշեանի փոխանորդի կոչումին վերահաստատման։ Կատարուած իրողութիւնը բառին բուն իսկ իմաստով խայտառակութիւն մըն էր Պոլսոյ պատրիարքական աթոռի պատմութեան մէջ։
Պէքճեան սրբազան լուաց իր ձեռքերը
Այս պայմաններու տակ տեղապահ Պէքճեան սրբազանի համար սպառած էին իր առաքելութիւնը արժանի կերպով կատարելու հնարաւորութիւնները։ Արդարեւ սրբազանը Երեքշաբթի օր խումբ մը ազգայիններու ընկերակցութեամբ հրաժեշտ առաւ պատրիարքարանէն ու մեկնեցաւ դէպի Իսթանպուլի օդակայանը, վերադառնալու համար իր նախապէս պաշտօնավարած քաղաքը։ Այստեղ ցնցիչ է նաեւ այն իրողութիւնը, թէ Պէքճեան սրբազան ստանձնելով Պոլսոյ մէջ իրեն վստահուած ծառայութիւնը հրաժարած էր իր նախկին պաշտօնէն՝ Գերմանիոյ հայոց հոգեւոր առաջնորդի պաշտօնը փոխանցելով իր յաջորդին։
Բիւզանդական խառնարանը անգամ մը եւս եռացած էր իր հին աւանդութիւններով եւ ի սպառ հանած էր բարի նպատակներով սկսած գործը։ Խնդիրները այս գիտակցութիւնով դիտողներու համար ներկայ օրերը վերածուած են սուգի։ Իսկ անդին կան յաղթանակի շեփոր հնչեցնող զանգուած մը։ Այդ զանգուածը այժմ տարուած է իր տարած այս «յաղթանակի գինովութենէն» եւ բնականաբար իրեն իրաւունք կը պահէ ամէն տեսակ մեծխօսիկութեան համար։ Այս բոլորը դիտելով անգամ մը եւս կը յիշենք հայոց այն առածը, ուր կ՚ըսուի «Վա՜յ քեզ քաղաք, որ թագաւորդ մանուկ է»։
Յայտարարութիւններու տարափ
Բոլոր այս դժբախտութեան մէջ նոյնիսկ յաղթանակի շեփորներուն աղմուկին տակ իսկ տեսանելի է կատարուած իրողութեան տգեղութիւնը։ Հետեւաբար այս անգամ ալ իրարայաջորդ կերպով կը լսենք ներկայ մղձաւանջէն ձերբազատուելու համար կատարուած առաջարկները։ Օրինակի համար Գարեգին Պէքճեան սրբազանի տեղապահի կոչումին վերջ տուող Կրօնական ժողովի ատենապետը այս անգամ հրապարակ կ՚ելլէ ըսելով, թէ միակ լուծումը պատրիարքի ընտրութիւնն է։ Մինչդեռ իր գլխաւորած ժողովն էր, որ համակերպեցաւ կուսակալութեան պարտադրանքին եւ յօժարեցաւ մինչեւ Մեսրոպ պատրիարքի վախճանումը ընտրութիւն չընել։
Վերջապէս մեր ժամանակներու պայմաններուն մէջ երկրի որդեգրած քաղաքականութիւնը ներշնչում պատճառած է մեր կարգ մը գործիչներուն, որոնք եւս յարմար կը տեսնեն իշխանութեան փողը հնչեցնել իրենց սեփական գործերը առաջ տանելու համար։ Իսկապէս ալ, երբ համատարած կերպով կը խօսինք պատրիարքական ընտրութեան մը խնդրին շուրջ, պէտք չէ անտեսենք, որ միւս կողմէն ոմանց համար կայ նաեւ սեփական հաշիւներ։ Մէկ կողմէն մենք միամիտներս մտահոգութիւն կը յայտնենք ազգին արժանապատուութեան համար, միւս կողմէ այդ ազգին իբրեւ թէ ազգայինները տարուած են շատ հսկայ գումարներու փոխանցումով։
Ինչ որ ըսուած էր գրութեան սկզբին, եկեղեցին վերջ ի վերջոյ պիտի յաջողի ելքի միջոց մը գտնել այս անփառունակ ընթացքէն։ Յիշենք գրիչի մեծ վարպետ Չեթին Ալթանի իմաստուն խրատը եւ յոյս ներշնչենք «մի՛ վհատիք ամէն ինչ լաւ կ՚ըլլայ» ըսելով եւ յուսանք թէ մինչեւ այդ պահը ներկայ անելը վնաս չպատճառէ այս հասարակութեան միասնութեան եւ պայծառութեան։