ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Հաստատութեան մը ամբողջ դէմքը երեւելի կը դառնայ այն զեկոյցներուն կամ գրութիւններուն մէջ, զորս կը հրատարակէ ան պաշտօնապէս կամ անպաշտօն կերպով։ «Ոճը մարդն է», ինչպէս ըսած է Ի դարու յայտնի մտածողներէն Պերկսըն։ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան կրօնական ժողովն ալ անցեալ ուրբաթ հրապարակեց իր ամօթալի զեկոյցներէն մէկը. ամօթալի նաեւ այն առումով, որ ամէն մէկ տողէն թափթփածութիւն ու կեղծաւորութիւն կը կաթի։ Յայտնապէս կը յայտարարեն բանի մը մասին, որուն իրենք ալ չեն հաւատար, կը զեկուցեն դէպք մը, որ չէ կրցած զիրենք ալ համոզել։
ԶԵԿՈՅՑ
Ստանպուլի Կուսակալութենէն 05 Փետրուար 2018 թուականին Պատրիարքարանիս հասած պաշտօնական նամակով հաղորդուած էր Ներքին Գործոց Նախարարութենէն հասած պաշտօնագրի պարունակութիւնը։
Ուրեմն սկսինք ամենածայրէն։ Բան մը կամ այս պարագային՝ նամակ մը, չի հասնիր պատրիարքարանին, այլ պատրիարքարան։ Ո՛չ թէ անձ, այլ վայր մը ըլլալուն՝ պարագան պէտք է գործածել հայցականով։
Կուսակալութիւն, պատրիարքարան, ներքին գործոց նախարարութիւն հասարակ անուններ են՝ գլխագիրի պէտք չկայ։
Նոյն նախադասութեան մէջ նոյն դերբայը երկու անգամ գործածել գեղեցիկ չէ (հասած), կարելի էր դնել այլ բայեր։
Սոյն պաշտօնագիրը արժեւորելու համար Աթոռիս Պատկառելի Կրօն. Ժողովի Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանի հրաւէրով՝ ժողովական հայրերը մէկտեղուեցան նախաճաշի սեղանի շուրջ, գլխաւորութեամբ Բարձր. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։ Գերաշնորհ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան, որ նախաճաշէն առաջ Սահակ Սրբազանին բանաւոր յայտնած լինելով հրաժարելու իր մտադրութիւնը, չփափաքեցաւ մասնակցիլ սեղանին։
Հոսկէ կը հասկնանք որ ժողովական հայրերը աղուոր մը կշտացուցած են իրենց փորերը, բայց թէ ինչո՞ւ Արամ Աթէշեանի գլխաւորութեամբ՝ կը մնայ մեծ հարցական մը։ Արամ Աթէշեան չէ՞ որ նոյն այդ կրօնականներուն կողմէ անցեալ տարուան յունիս 28-ին հեռացուած էր իր պաշտօնէն։ Արդեօք նախաճաշի սեղանները շա՞տ սիրելուն համար ինք գլխաւորած է։ Զեկոյցը կը լռէ։
Եղբայրական սիրոյ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման աւարտին պաշտօնական նիստ գումարուեցաւ նախագահութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։ Յետ խորհրդակցութեան յստակացան հետեւեալ կէտերը.
Եղբայրակա՞ն։ Թռչունները այդպէս չեն ըսեր… Տարօրինա՛կ։ Կրօնականներուն կը վայլէ՞ սուտ խօսիլ, մանաւանդ գրել։
Յստակ չէ, թէ Արամ Աթէշեան ե՞րբ փոխանորդ հռչակուեցաւ։ Իր այնքան սիրած նախաճաշի սեղանի՞ն վրայ։ Թէյերով ու ձիթապտուղներով, անուշներով ու ձուածեղերով ծածկուած սեղանին վրայ, երբ այրած հացի անուշ հոտեր կը բարձրանային առ աստուած, ո՛չ միայն քանի մը ամիս առաջ ջնջուած պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնը վերահաստատուեցաւ, այլ փոխանորդ մըն ալ նշանակուեցաւ անմիջապէս։ Կրօնականներու լոլիկով ու վարունգով, ազատքեղով ու երշիկով օրհնեալ շրթունքները բացուեցան եւ օրհնանք երգեցին Աթէշեանին։
Ա. Պատրիարքական ընտրութիւնը կը կատարուի եւ կը վերջանայ Եկեղեցւոյ եւ Պետութեան համակամ ընթացքով։ Պատրիարքական Աթոռոյ պատմութեան մէջ միշտ յայտնուած է այս իրողութիւնը։ Հետեւաբար սոյն պաշտօնագրի պարունակութիւնը ընկալուեցաւ այս իրողութեան լոյսին տակ։ Պետութեան կամքը յայտնուած է այն շեշտադրութեամբ թէ 85.րդ Պատրիարքը ընտրելու պայմանները գոյացած չէ եւ հետեւաբար տեղապահի մը ընտրութիւնը անհիմն կը նկատուի։ Հետեւաբար Մեսրոպ Պատրիարք Հայրը կարելի չէ հանգստեան կոչելով Աթոռը թափուր հռչակել ըստ օրինաց։
Համակա՞մ։ Դուք այստեղ «համակամ ընթացք» մը կը տեսնէ՞ք, սիրելի ընթերցողներ։ Երկու տող վարը Կրօնական ժողովի դիւանը պետութեան կամքին շեշտադրումէն կը խօսի. պետութեան կամքը, կ՚ըսէ, պատրիարք ընտրելու պայմանները գոյացած չի նկատեր, կ՚ըսէ ու կ՚աւելցնէ, թէ տեղապահի ընտրութիւնը անհիմն կը նկատէ։ Խորհեցէք որ աշխարհական գործիչներէ (մեծ մասամբ սիւննի-իսլամ) բաղկացած պետութիւնը Հայ եկեղեցւոյ կարգուսարքին վերաբերեալ հեղինակաւոր կարծիք ունենայ, երբ մեր Վատիփի հայ-քրիստոնեայ թաղականները անգամ հազիւ կը հասկնան անցած-դարձածը։ Չըլլա՞յ ասիկա կամազրկում է։ Կամ՝ կամազերծո՞ւմ։ Պիտի չուզէի գործածել չկամ, անկամ կամ թուլակամ ածականները, ինչքան ալ անոնք պատշաճին այս վիճակին։
Նա՛եւ… Հայերէնը չունի դասական թուականի նման ուղղագրութիւն մը՝ 85.րդ։ Ճիշդը պէտք է ըլլայ՝ 85-րդ։
Բ. Սոյն նամակը կը պահանջէր վերադառնալ 26 Հոկտեմբեր 2016 թուականին գումարուած Եկեղեցական Ընդհանուր Համագումարէն առաջուայ իրավիճակին, որուն ընթացքին Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք Հայրը հանգստեան կոչուած էր։ Ուրեմն նոյն նամակով կը հաստատուէր թէ 1 Յուլիս 2010 թուականին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ ընտրուած Բարձր. Արամ Սրբազան Հայրը կը շարունակէ իր պաշտօնը Նախարարաց Խորհուրդի 18 Օգոստոս 2010 թուակիր պաշտօնագրի զօրութեամբ։
Գիտէինք որ եկեղեցին մարգարէութիւններ կ՚ընդունի, ունեցած է ապագայատեսիլ սուրբեր ալ, բայց յայտնութիւն մը եղաւ յետաշրջումի, յետադիմութեան այս պարագան։ Այսինքն՝ «դա՞րձ ի շրջանս իւր»։ Ութ տարի մը ե՞տ երթալ։ Ութ տարի առաջ նոյնպէս կուսակալութեան միջամտութեամբ չէ՞ր կայացած նորաթուխ փոխանորդութեան այդ պաշտօնը։ Հիմա այդ նոյն կուսակալութիւնը դարձեալ իր ուզածը կը թելադրէ։ Կրօնական ժողովն ալ կաթը թափած կատուի նման, նախաճաշի սեղանի մը վրայ (կաթը բարեբախտաբար նախաճաշի սեղանին վրայ թափած չէ), ի գործ կ՚ածէ այդ թելադրանքը։ Ներողութիւն ալ խնդրեցէք գոնէ, ատ է որ կը վայելէ ձեզի։
Գ. Ժողավական հայրերը հարկաւոր նկատեցին ընդառաջել պաշտօնագրի պարունակութեան վասն բարւօք ընթացման ապագայի մէջ ցանկալի Պատրիարքական ընտրութեան համար։
Ուրեմն դուք դեռ յո՞յս ունիք պատրիարաքական ընտրութիւն կատարելու։ «ապագայի մէջ»։ Այդ ապագան Պոլսոյ թաղերէն մէ՞կն է, թէ Քաֆ լերան ետին գիւղ մը։ Ժողովական հայրերը նախաճաշին թէյը քիչ մը շատ խմած ըլլալու են կարծեմ։ Իսկ ինչո՞ւ անոնք «հարկաւոր նկատեցին ընդառաջել պաշտօնագրի պարունակութեան»։ Այդ մասին ոչինչ ըսուած է։ Սանկ բանայիք ու կարդայիք գոնէ թէ ինչ ըրած է նոյն այդ Կրօնական ժողովը 1998-ին։ Թէ ձեր այնքան սիրած ու յարգած Մեսրոպ սրբազանը ինչպէս պատասխանած է կուսակալութեան այդ թուականին կատարել փորձած միջամտութեան։ Թերեւս նախաճաշի սեղանին վրայ կաթը շատ խմեցիք ու մոռցա՞ք։ Եւ կեցուածք ունեցող նոյնիսկ մէ՛կ հոգեւորական չեղաւ որ հրաժարէր այդ Կրօնական ժողովէն։ Ո՛չ թէ նախաճաշի, այլ չիլինկիրի սեղան պէտք էր յիշողութիւն մթագնելու համար։ Դուք ի՞նչ կը խմէիք նախաճաշին, սիրելիներ։
Ի դէպ, ո՛չ թէ բարւօք, այլ՝ բարւոք։
Դ. Ժողովական հայրերը շեշտեցին նաեւ ի պատեհ ժամանակի Պատրիարքի ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը։
Մեր համայնքի զաւակները կը հրաւիրենք, որ համայնքային մեր խաղաղութիւնը գերադասեն ամէն տեսակի անձնական նկատառումներէ եւ մտածումներէ։ Հեռու կենան վիրաւորիչ, պառակտիչ եւ արդէն բխրուն վիճակի մէջ գտնուող համայնքային խաղաղութիւնը խանգարող նախաձեռնութիւններէ եւ արտայայտութիւններէ։
ԴԻՒԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ
Շատ լաւ։ Հոն ուր համայնքի զաւակները կը հրաւիրէք՝ դուք հասա՞ծ էք արդեօք։ Երբ գանք՝ չենք ուզեր տունը պարապ գտնել։ «Անկիրթ»ը «վիրաւորի՞չ» «արտայայտութիւն» մըն է արդեօք։ Չեղեալ հռչակուած պաշտօնի մը կառչիլ ու հրաժարական տալ խոստանալով հանդերձ չհրաժարիլը «անձնական նկատառո՞ւմ» մըն է։ Չհրաժարիլ ու ամէն կերպ օրինաւորապէս ընտրեալ պաշտօնեայի գլխուն դեմոկլեան սուրի մը պէս կախուիլն ու նենգութեամբ անոր իյնալուն համար աշխատիլը «անձնական մտածո՞ւմ» է։ Վերջապէ՛ս ըսէք որ գիտնանք մեր սահմանները, որովհետեւ անոնք բաւական ընդարձակ են եթէ ձեր օրինակին հետեւելու ըլլանք։