ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@yahoo.com
Կը բարձրանայ ընդուղիի շարժասանդուխը ու ես կը դիտեմ հետզհետէ դէմս բացուող ցուցանակը, ուր նոյն աստիճանով կը մարին կասկածի յետին նշոյլներն իսկ, որոնք կը ջանային գոյատեւել հոգիիս հեռաւոր անկիւններուն մէջ՝ համոզել ջանալով զիս թէ կ՚ապրինք բնականոնացումի միջավայրին մէջ, թէ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ, թէ ապագան լուսաւոր է։ Մէկ ձեռքով տուածը միւսով ետ կ՚առնէ… Համայնքային վերադարձուած կալուածներով ուրախանալու փոխարէն, հիմա նստած պէտք է լանք Սկիւտարի բարձունքի այն հսկայ տարածութեան համար որ ո՛չ թէ գրաւուած է պետութեան կողմէ, այլ փոխանցուած յոյներուն։ Վաքըֆներու տնօրէնութիւնը Ռոպին Հուտի պէս ունեւորէն առած չունեւորին տուած է այս անգամ։
Պաղլարպաշըի նորաբաց կայարանն եմ։ Բազմաթիւ ելքերէն պէտք է ընտրեմ այն մէկը, որ զիս պէտք է հասցնէ «Վաքըֆպանք»ի մարզադահլիճը (վոլէյպոլ դիտելու կ՚երթամ)։ Յարմարագոյնը հինգերորդն է, որովհետեւ ըստ ցուցանակի այդ ելքն է որ զիս պիտի առաջնորդէ դէպի «Նուհքոյուսու» պողոտան ու … յունաց գերեզմանատունը։ Մինչ այդ չէի գիտեր, թէ յոյները գերեզմանատուն մը ունին Պաղլարպաշըի բարձունքին։
Լուրջ ու վաղեմի դաւադրութեան մը դէմ յանդիման ենք կարծեմ… Անզգոյշ քայլ մը եւ ահա անդունդի խորքին կը յայտնուինք յանկարծ…
Մէկէն յիշեցի Պարոնեանին գրածները Սկիւտար Ենի Մահալլէի մասին։ Բաւական տարիներ առաջ, կը գրէր Պարոնեան ասկէ դարուկէս մը առաջ, տեղւոյն յոյները գերեզմանատուն չունենալով հոն՝ կը փափաքին աժան գնով ծախու առնել գետին մը, ուր թաղել կ՚ուզէին իրենց ննջեցեալները։ Թաղին քանի մը հայ աղաները յոյներու այս դիտաւորութիւնը լսելով՝ անոնց հետ կը բանակցին։ Յոյները կ՚ուզեն, որ հայոց գերեզմանատան կէսը իրենցը ըլլայ։ Հայ աղաներուն ընդդիմութեան վրայ յոյները կ՚առաջարկեն գիշերուան մը մէջ Պալըքլըի իրենց գերեզմանատունէն գերեզմանաքարեր բերել տալ, դնել հոն։ Հայ աղաներուն ալ կ՚առաջարկեն հետեւեալ օրը ըսել, թէ յոյները մաս ունին եղեր մեր գերեզմանատան մէջ։ Երբ աղաները կը հարցնեն թէ «ատանկ բան մը կարո՞ղ ենք ընել», յոյները կը պատասխանեն. «Կարո՜ղ էք հապա. դուք թաղին երեւելիներն էք, մեծերն էք. դուք ամբողջ թաղն ալ կրնաք ծախել»։
Քանի մը օր ետք յունական տապանաքարեր կը տեսնուին հայոց գերեզմանատան մէջ. ժողովուրդը իրար կ՚անցնի։ «Մեր գիտցածին նայելով՝ այդ քարերը շատուց ի վեր կային հոն, եւ յոյներն իրաւունք ունին այդ գետնի վրայ», կ՚ըսեն ջոջ աղաները, որոնք կլորիկ գումարներ ալ շահած էին այս առեւտուրէն։
Ժողովուրդը կը յուզուի. գերեզմանատան մէջ կռիւ կը սկսի. յիսունէն աւելի հայ երիտասարդներ կը բանտարկուին, եւ ազգը մեծ դժուարութեամբ կը յաջողի ետ առնել գերեզմանատան կէսը յոյներէն, որոնք ամբողջ գերեզմանատունը կ՚ուզէին։
Յոյները յայտնի է որ իրենց այս վաղեմի դիտաւորութիւնը իրականացուցած են քաղաքապետարանի միջոցով, որ ընդուղիի կայարանի բոլոր ցուցանակներուն ու քարտէզներուն վրայ հայոց գերեզմանատան փոխարէն ամրագրած է յունաց գերեզմանատան անունը։ Կ՚երեւակայէի կայարանին անունը «Պետրոս Դուրեան» տեսնել, բայց եկո՛ւր տես որ ընդարձակ գերեզմանատունն ալ վրայ տուինք։ Պաղ ջո՞ւր մը խմենք, ի՛նչ ընենք…
Կայարանի մը ցուցանակին գրուած արտայայտութիւնը մտմտուքի առարկայ պիտի չդարձնէինք վստահաբար, եթէ չգիտնայինք այս երկրի իշխանաւորներուն համար բարացուցական գործելակերպ մը՝ խեղաթիւրել պարզ ճշմարտութիւններն իսկ, սխալը հետզհետէ վերածել հանրօրէն ընդունելի իրականութեան մը։ Անշուշտ ուղղելի սխալ մըն է ցուցանակինը, սակայն ուղղելիութեան նոյն կարելիութիւնը ունի՞ արդեօք տեղապահը փոխ(ա)նորդով փոխարինելու սխալը, որուն վրայ կը յամառին ներքին գործերու նախարարութեան պաշտօնեաները։
-Թուղթ մը եկեր է, ըսին։ Տեղապահին անունին վրայ գծեր, փոխանորդինը դրեր են։
-Փոխանորդը չէ՞ր հրաժարած։
-Հրաժարելու պէս ըրած էր։
-Կաթողիկոսին առջեւ խօսք տուած էր նէ։
-Այսօրուան եպիսկոպոսները կաթողիկոս-մաթողիկոս, էջմիածին-մէջմիածին չեն ճանչնար որ…
Ժամանակին հայոց գերեզմանատունը յոյներուն վաճառել փորձած հայ ջոջերուն նման, ներկայիս եկեղեցական նուիրապետութիւնը ընդ երեսուն արծաթոյ ոտնակոխող արքեպիսկոպոս մը ունի Պոլիսը։ Նման մարդեր կը կարծէինք թէ պատմութեան տխուր էջերը միայն կը զարդարեն, մինչդեռ ողջ-առողջ, միս ու ոսկոր հագած մեր քովն է ահաւասիկ։
Այդ անձին բարեկամները թող յիշեցնեն իրեն, թէ պարոնեանական ակնարկի մը վերածուած Պաղլարպաշըի գերեզմանոցը յոյներուն վաճառելու պատմութիւնը ինչքան որ այսօր ծիծաղ կը խլէ մեզմէ, այդ մարդուն պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդութիւնն ու անհատական նկարագիրն ալ նոյնքան արժէք ու կշիռ միայն կրնան ունենալ պատմութեան դատաստանին առջեւ ու յաջորդ սերունդներու աչքին։