Այս շաբթուայ մէջ կը լրանայ թերթիս հիմնադիր Հրանդ Տինքի մահուան 11-րդ տարելիցը։ Անշուշտ որ խիստ անբաւարար է «մահուան» եզրը, քանի որ կը խօսինք 1,5 միլիոն+1-րդ նահատակի մասին։ Ինչպէս կը տեսնենք Հրանդ Տինք իր նահատակութեամբ յաղթեց մահը։ Այս հաստատումին վառ ապացոյցն է 11-րդ տարելիցին առթիւ ցուցաբերուած աշխարհասփիւռ ուշադրութիւնը։ Արդարեւ ոչ միայն Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ, այլ շատ աւելի ընդարձակ տարածքի մը վրայ կը յիշուի իր ժողովուրդին արդարութեան պահանջին մէջ մարտիրոսացած հերոսի մը յիշատակը։ Սակայն այսօր կ՚արժէ ուշադրութիւնը սեւեռել դէպի այն մթնոլորտը, որուն զոհը գացած է Հրանդ Տինք։ Աշխարհասփիւռ հայութիւնը արդար կերպով այդ թունաւոր մթնոլորտը պիտի կապէ Թուրքիոյ աւանդական չարագործութեան։ Սակայն խնդիրը միայն այս պարզութեան մէջ դիտելը խիստ անբաւարար է։ Պէտք է յիշեն, որ այդ թունաւոր մթնոլորտին մէջ իրենց բաժինը ունէին մեծ թիւով հայեր, որոնք ընդմիշտ պատրաստ էին Հրանդ Տինքը յօշոտելու։ Անոր գաղափարներուն մէջ զիրենք անհանգստացնող բազմաթիւ գործօններու պատճառաւ։ Նախ եւ առաջ Հրանդ Տինք սպառնալիք մըն էր հասարակութեան այն խաւին համար, որ համակերպած էր իր ապրած երկրի բոլոր անարդարութիւններուն, նոյնիսկ կը կիսէր այդ անարդարութիւնները։
Հրանդ Տինքի ելոյթները մտավախութիւն էին անոնց համար, քանի որ կրնային խանգարել իրենց կարծեցեալ անդորրը։ «Հիմա ի՞նչ պէտք կայ այս հին հաշիւները բանալու» կը հարցնէին անոնք։ Տարիներու դառն փորձառութիւնով սորված էին, թէ պետութեան դէմ գլուխ ցցելը խիստ փորձանքաբեր երեւոյթ մըն է, հետեւաբար պէտք է խուսափիլ եւ շարունակել իր ճղճիմ աշխարհին անսասանութիւնը պահելով։ Սակայն Հրանդ կեանքի պատրաստուած էր շատ աւելի յանդուգն խառնուածքով մը եւ բնաւ նպատակ չունէր այս անբարոյ ապահովութեան ապաւինելու։
Անցեալին Հրանդ Տինքը յօշոտողները այսօր իրենց յարձակումներուն թիրախ դարձուցած են նոյնքան քաջարի ուրիշ անուն մը։ Անոնք հիմա ալ կը սոսկան, որ Կարօ Փայլանի պատճառաւ դարձեալ կրնայ խանգարուիլ իրենց անդորրը կամ շուկայի մէջ իրենց ճղճիմ շահերը։ Անցեալին Հրանդը հալածողները այսօր նոյն թափով, նոյն վճռակամութեամբ լծուած են Կարօ Փայլանը հալածելու գործին։ Եթէ յանկարծ իրենց թունաւոր խօսքերուն իբր հետեւանք մեր պատմագրութեան մէջ նշուած նահատակներու թիւը եւս աւելնայ գումարած մէկով, կարծես թէ անոնք պիտի արդարանան իրենց թունաւոր միտքերուն մէջ։ «Յայտնի է, որ այսպէս պիտի ըլլայ։ Ի՞նչ կը կարծէր այդ տխմարը։ Իրեն մնացե՞ր էր երկիրը ազատել» պիտի հարցնեն մեզի այնքան ծանօթ ամբարտաւանութիւնով։ Կեանքի հիմնական նպատակը ոմանց համար միայն ու միայն իր մորթը ապահով պահելով սահմանուած է։ Բայց ո՞վ կրնայ ըսել, որ այս սահմանումը կը բաւարարէ բոլորին։ Ժամանակները հերոսներ կը ծնին, բայց միշտ չէ, որ այդ հերոսները տեսնուին ճղճիմներու կողմէ։
Հրանդ Տինքի մահուան տարելիցը մեզ կը զգուշացնէ նաեւ զգօն ըլլալու համար։ Անցեալին բնաւ քիչ չէին այն հայերը, որոնք մեծ ափսոսանք ու զղջում յայտնեցին այդ չար դէպքին պատահելէն ետք։ Իրենք զիրենք մեղադրեցին օրըստօրէ արթուն չգտնուելով եւ Հրանդը արիւնարբու վոհմակի դիմաց առանձին թողնելու պատճառաւ։ Նոյն ափսոսանքը կրկնելը շատ սուղ պիտի ազդէ բոլորիս։ Ուրեմն արթուն գտնուինք պատշաճ կերպով կասեցնենք Կարօ Փայլանի ուղղուած ամէն տեսակ ցեխարձակումը։ Անմիջապէս այս օրերուն Թուրքիոյ իշխանամէտ մամուլի օրկաններէն մէկուն մէջ ներկայացաւ այդ ցեխարձակման պատկերը։ Իբրեւ թէ ոմանք յաջողած էին կասեցնել ՀՏՓ-ականներու Պատրիարքարանի դէմ սադրանքը։ Այս լուրը իր պատրաստութեան կանոնով, շարադրութեան ոճով եւ ցեխարձակման եղանակով բաւականին ծանօթ էր։ Ծանօթ էր՝ երկու առումով։ Մենք այս ոճը գիտենք նախ սառը պատերազմի ժամանակներուն ապատեղեկատուութեան օրինակներով եւ ապա ուղղակի այս երկրի մէջ մամուլին որդեգրած դերակատարութիւններով։ Պարտաւոր ենք դիմել բոլոր միջոցներու, որպէսզի կասեցնենք այս դաւադրութեան գործընթացը եւ չարտօնենք, որ նոյն չար միտքը անգամ մը եւս ուրախանայ։
pakrates@yahoo.com