Մեր բառերուն ամենէն յարդարունը
Ընդունիլ պէտք է. ճաշակաւոր յարդարեալ մըն է ան։ Կը սիրէ շէնք-շնորհքը։ Անոր զարդասէր նկարագիրը թէեւ չէ հասած պճնամոլութեան, սակայն լաւ գիտէ հանրութեան առջեւ գրաւիչ երեւիլ։ Յարգելի ընթերցող, ո՛չ, գեղեցկուհիի մը մասին չէ, որ կը խօսինք, այլ՝ «արդ» բառի մասին։ Հակառակ անոր, որ անշուք միավանկ մըն է ան, միշտ ունեցաւ մեծնալու զօրաւոր կիրք։ Բազմազան օժանդակ տարրերու, ածանցումներու եւ բարդութիւններու շնորհիւ, յաջողեցաւ աւելի ճոխ եւ փարթամ երեւալ, քան իր իսկութիւնը։ «Արդ» բառին հոգեբանութիւնը վերլուծելու համար, այսօր պիտի խորանանք անոր արմատներուն, որմէ յետոյ կարելի պիտի ըլլայ հասկնալ, թէ ուրկէ՛ կու գայ զարդարանքի հանդէպ անոր հետաքրքրութիւնը։
Բառս բուն հնդեւրոպական է։ Ունի յունարէն, լատիներէն եւ սանսկրիտ ծննդակից բառեր։ Բոլորն ալ կը նշանակեն «կարգաւորութիւն, կազմութիւն, յօրինուածք, սարք, կարգ, կանոն, ձեւ»։ Այս ստուգաբանութիւնը կը բաւէ ապացուցանել, թէ ան հայոց լեզուի ամենէն բարեկարգ բառն է։ Ինչպէս հին դարերուն երիտասարդուհիները առանձին չէին տեսնուիր հանրութեան մէջ ու միշտ կ՚ունենային ուղեկից պառաւ դայեակ մը՝ նոյնպէս ալ «արդ» բառի ամէն քայլափոխին անոր հետեւեցան «յ» եւ «զ» մասնիկները։ Առանց անոնց, հազուադէպ էր, որ այս անարդ բառը տեսնուէր հայկական գրականութեան մէջ, բառարաններէն ներս։ Սակաւաթիւ են այն բառերը, որոնց մէջ «արդ» արմատը անշպար է, ինչպէս՝ «արդել»- ձեւ տալ, «անարդ»- տձեւ, տգեղ, անձեւ, անկազմ, «արդուած»- ձեւաւորուած, «ծործորարդ» գոգաւոր, «վիմարդ» քարի պէս ամուր, «արդուկ», այն գործիքը, որ տարազներուն հարթութիւն եւ բարեձեւութիւն կու տայ, ինչպէս նաեւ՝ խորանի եւ հաւկիթի ձեւեր ունեցող երկու բառ, խորանարդ եւ ձուարդ։ Մասնաւոր ուշադրութեան արժանի է «գմբէթարդ» բառը, միանաւ կամ եռանաւ եկեղեցիներու խորանը հովանաւորող այն կիսաշրջանաձեւ կառուցուածքը, ուր տեղ գտած կ՚ըլլան Քրիստոսի, Աստուածամօր կամ սուրբերու խճանկարները կամ որմանկարները։ Ամէն արուեստասէր պիտի ուզէր տեսնել անոնց տպաւորիչ մէկ օրինակը՝ Արուճի Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ նկարազարդուած գմբէթարդը, որ ունի 7 մ. բարձրութեամբ պատկերուած Քրիստոս, ձախ ձեռքին մագաղաթագալարով։
«Արդ» բառին բազմանդամ ընտանիքը գործածութեան մէջ տեսնելու համար, յարգելի ընթերցող, կը բաւէ Յունիս ամսուան երրորդ շաբաթ օրը Սեւանայ լիճ ճամբորդած ըլլալ, բարձրանալ Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ բակը, նստիլ քարի մը վրայ կամ խոտերուն, ու դիտել «Հին Աստուածներ» թատերախաղի աշակերտական ու խիստ սիրողական այն ներկայացումը, զոր ամէնամեայ աւանդութեան վերածեր ենք։ Այս տարի պատրաստած ենք Մարիամ իշխանուհիին եւ Յովհաննէս վանահօր տեսարանը։ Քրիստինան «իշխանուհի» է, Շանթը՝ «վանահայր»։ Երկու պատանիները եկեղեցւոյ մէջ են հիմա։ Զբաղած են իրենց արդուզարդով։ Լորենին մեր դիմայարդարն է, կը բարեզարդէ «իշխանուհիի» յօնքերն ու այտերը, թեթեւ կարմրութիւն մը կու տայ անոր դէմքին։ Իսկ մեր բեմայարդարը աշխարհի առաջին եւ ամենէն ստեղծագործ արուեստագէտն է- ի՛նքը արարիչը, ան որ մեր խաղի համար պատրաստեր է բարձրադիր կապոյտ լիճ մը, կղզի մը անոր մէջ ու չորս կողմը ձիւնազարդ լեռներ։ Ուշագրաւ են նաեւ տեսարանը ամբողջացնող կանանչազարդ բլուրները, տեսակաւոր թռչունները, լուռ սահող ամպերը եւ յետմիջօրէի զովացնող զեփիւռը։
«Արդ»ը «յ» մասնիկով մեր լեզուին տուաւ բազմաթիւ բառեր։ Առաջինը կը մտաբերեմ, երբ աչքերս բարձրացնեմ դէպի խորան, «խորանայարդար»։ Ապա մի առ մի կը յայտնուին ուրիշներ. «խաչայարդար» ոսկերիչներ, «նուագայարդար» արհեստաւորներ, «փողոցայարդար» եւ «քաղաքայարդար» շինարարներ, «մարտայարդար» սպարապետներ, «սեղանայարդար» նաժիշտներ։ «Երգայարդար» երաժիշտներու շնորհիւ ունեցանք հոգեպարար շարականներ, «գմբէթայարդար» եւ «տաճարայարդար» վարդապետներու շնորհիւ ունեցանք վայելուչ տաճարներ։ Անշուշտ պիտի յիշենք «դիմայարդար»ն ու «բեմայարդար»ը, ինչպէս նաեւ՝ «վարսայարդար», «մատնայարդար», «հանդիսայարդար» եւ «ճակատայարդար» բառերը։ Պիտի չմոռնանք նաեւ «արտաքնայարդար» ածականը, որ ըստ երեւոյթին արդէն ժամանակավրէպ դարձեր է։ Սակայն, այս հազուագիւտ բառը, որ կը նշանակէ «դուրսէն զարդարուած, դուրսէն մաքուր», մեր գրականութեան էջերուն մէջ ունի պատկերալից արտայայտութիւններ. «արտաքնայարդար առաքինութիւն», «արտաքնայարդար ձեւակերպութիւն», «արտաքնայարդար բացատրութիւն», «արտաքնայարդար բարեկարգութիւն»։ Գրիգոր Նարեկացիի գրիչին կը պատկանի այն արտայայտութիւնը, զոր յօրիներ է մեղաւոր կեանք մը նկարագրելու համար. «արտաքնայարդար բաժակ անմաքուր»։
Պատրաստ են դերասանները։ Կ՚ելլենք դուրս։ Ամբողջ դասարանը նստած է գետին։ Պիտի ներկայացնենք պատմութիւն մը, որ 1000 տարի առաջ տեղի ունեցեր է ճիշդ այս վայրի վրայ, այս տաճարի շինարարութեան օրերուն։ (Կը նկատենք նաեւ, թէ մեր Բեմայարդարը տեսարանի մէջ փոփոխութիւն մը կատարած է- կղզին վերածեր է թերակղզիի)։ Կը սկսի խաղը.
- Աստուծոյ օրհնութիւնը քու վրադ, իշխանուհի։
- Եւ քո՛ւ, հայր սուրբ։ Ի՞նչ լուրեր վանքէն…
- Օր օրի կը լրանայ ու կը դառնայ տուն աղօթքի…
Երբ հեթանոս էին այս լեռներն ու կղզին, մեր լեզուն արդէն ունէր «արդ»ով ճոխացած բառապաշար. արդակ, արդակագոյն, արդակել, արդուած, արդիւնք, արդար, արդարեւ, անարդի...
Իշխանուհին, արդարամիտ կին, ունի խոստովանութիւն մը. «Ճշմարտութի՛ւնը, վարդապե՛տ։ Մենք այս եկեղեցին չենք շինած քու բարձրեալ Աստծոյդ համար, ինչպէս որ միշտ կրկներ ես. մի՛ խաբեր քեզ. Այդ եկեղեցին շիներ ենք մենք մեզի համար, մեր սիրոյ Աստծոյն համար»։
Աստուածաշունչի թարգմանութեան օրերուն, մեր «արդ»ուած բառերը արձանագրուեցան մագաղաթի վրայ, յաւերժ զարդարելու համար հայոց լեզուն։ Աստուածաշունչի թարգմանութեան մէջ «արդ» արմատը գործածուած է 1118 անգամ, «արդարութիւն»՝ 479 անգամ, «արդար»՝ 423 անգամ, «յարդարեալ»՝ 4 անգամ։
Լուռ է վանահայրը։ Իշխանուհին արդար պատասխան կը սպասէ. «Այո՛. Այդ քու եկեղեցիդ նուիրուած է ո՛չ թէ Մարիամ Աստուածածնին, այլ քու Մարիամ իշխանուհիիդ։ Ըսէ՛, ճիշդ չէ՞»։
Այս յանդիմանութենէն ետք պատմութիւնը գալ շաբաթ պիտի ունենայ անակնկալ անկիւնադարձ մը, պառակտում մը։ Իսկ «արդ» բառը պիտի գտնէ նոր գործակիցներ, ինչպէս «զ» տառը ու այդ համագործակցութիւններէն պիտի ծնին հարիւրաւոր զարդարուն գաղափարներ եւ անձեր։
(Շարունակելի)