ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՁԻՒՆ

Մեր բառերուն
ամէնէն ջերացնողը

 Ձիւնիկն ու Մուրատը կը տեսնեմ խարոյկին առջեւ նստած։ Կրակը անոնց դէմքերուն, ինչպէս նաեւ Սուրբ Խա­չի բարձրա­քան­դակնե­րուն վրայ իր նշոյ­լը կը ձգէ՝ խա­ղեր կը խա­ղայ։ Երի­տասարդնե­րը այնքան մօ­տիկ են իրա­րու, անոնց մա­զերը կը խառ­նուին երբ քա­մին փչէ։ Լուսնա­կին տակ, փայ­տի ճար­ճա­տիւ­նի մէջ մե­ղու­նե­րու պէս կը բզզան չես գի­տեր ի՛նչ։

- Նա­նօրն ու Վա­հէն գա­ցի՞ն, կը հարցնեմ անոնց քով քա­րի մը վրայ նստե­լով։

- Շատ յոգ­նած էին պա­րոն...

- Յո՞յնը ուր է։

- Լճափ իջաւ, քիչ մը առանձնա­նալ ու­զեց։ Գի­տէք, երազ­կոտ տղայ է Ալեք­սէ­յը։

Ծած­կոց մը կը պաշտպա­նէ զոյ­գը Վա­նայ լի­ճի կէս­գի­շերա­յին զո­վու­թե­նէն։ Ձիւ­նի­կը՝ «Սի­րոյ Լիճ» լող-փա­ռատօ­նի առա­ջին «Թա­մար»-ը, իսկ Մու­րա՛տը՝ այդ մրցոյ­թին լայ­նա­լանջ ախո­յեանը։ Ճիշդ եօթը տա­րի առաջ։

- Պա­րոն, այս լի­ճը՝ անոր ամէն մէկ կղզին, խոր­շը, հրուան­դա­նը, ափը եզե­րող բլրակ­ներն ու գա­գաթ­նե­րը ազ­նիւ գե­ղեց­կութիւններ են։ Եղա­նակը, շրջա­պատը ան­բա­ցատ­րե­լի եր­ջանկու­թիւն մը կու տան ին­ծի։

- Ձիւ­նի՛կ, Օգոս­տո­սի այս հա­ճելի գի­շերը քե­զի կար­ծել չտայ, որ ամառն է միակ գե­ղեցիկ եղա­նակը։ Դուն գի­տես, թէ ինչպէ՛ս դրախ­տա­վայր կը դառ­նայ այս եր­կի­րը, երբ իջ­նէ ձիւ­նը ու ծած­կէ բո­լոր այդ յի­շած­ներդ… Տղա՛ք, կ՚երե­ւի դուք քնա­նալու միտք չու­նիք։ Թէյ մը դնենք։ Ալեք­սէյն ալ կան­չենք…։ Բնու­թեան խորհրդա­ւոր երե­ւոյթն է. յան­կարծ իջ­նել կ՚որո­շեն փա­թիլ­նե­րը ու ձիւն կու գայ։ Նոյնքան խորհրդա­ւոր է «ձիւն» բա­ռը։ Բնիկ հայ­կա­կան է։ Կաս­կած չկայ։ Բայց, ինչպէ՞ս գո­յացաւ։ Ո՞ր ցուրտը պատ­ճառ եղաւ, որ ան իջ­նէ մեր լե­զուի վրայ։ Չենք գի­տեր։ Աւես­տե­րէն «զյա» եւ լա­տինե­րէն «հէյմս» բա­ռերը մեր «ձիւն»-ի արե­նակի­ցը ըլ­լա­լու յա­ւակ­նութիւ­նը ու­նին։ Կան լե­զուա­բան­ներ, որոնք «ձմեռն» բա­ռի մէջ կը տես­նեն անոր ար­մա­տը։ Ալեք­սէ՛յ, ձեր լե­զուի «հիոն» բա­ռին հետ կը հա­մեմա­տեն մեր «ձիւն»ը։

- Ձե­զի չափ մենք ալ սի­րած ենք բա­ռերու շուրջ առաս­պելներ հիւ­սել... Դի­ցաբա­նու­թիւնը կը պատ­մէ, թէ կար գե­ղեցիկ աղ­ջիկ մը, անու­նը Հիոն։ Անո­պայ գիւ­ղա­ցի մը կը բռնա­բարէ զայն։ Զեւ­սի պա­տուէ­րով, աղջնա­կը կը վե­րածուի ձիւ­նա­բեր ամ­պի ու ան կը սկսի անա­պատի վրայ ձիւ­նե­լու։ Կը հա­ւատանք, թէ այդ աղջկան անու­նէն ծա­գած է մեր «ձիւն» բա­ռը։

- Ամե­նայնդէպս, մեր լեռ­նաշխար­հը շատ ձիւն տե­սած է։ Մեր երկրի հա­մար նոր չեն «ձիւ­նա­բուք»ն ու «ձիւ­նամրրիկ»ը։ Ինչպէս Վա­հան Տէ­րեանը ըսած է. «Որ­պէս լեռն է մեր պայ­ծառ տե­սել հա­զար ձիւն»։

- Բայց պա­րոն, եղան օրեր, որ մենք ու­նե­ցանք «ձիւ­նա­ծածկ» կու­սա­կան դաշ­տեր եւ «ձիւ­նա­փայլ» վեհ գա­գաթ­ներ, չէ՞… Այդ պատ­կերնե­րով է, որ կը սի­րեմ մեր եր­կի­րը յի­շել...։ Թէ­յը պատ­րաստ է, բո­լորս ալ կը խմենք։

- Տղաք, մեր լե­զուի ար­շա­լոյ­սէն սկսեալ, «ձիւն» բա­ռը առա­տօրէն տե­ղաց ու սպի­տակ սա­ւանի մը նման ծած­կեց հա­յոց լե­զուաշ­խարհը։ Ե. դա­րուն ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նէին «ձիւ­նա­նալ», «ձիւ­նա­ջուր», «ձիւ­նա­բեր», «ձիւ­նա­թաղ», «ձիւ­նա­խաղաղ», «ձիւ­նա­խառն» եւ «ձիւնձիւ­նիկ» բա­ռերը։ Եւ ինչպէս փա­թիլ­նե­րը տեղ տեղ շատ մեծ կ՚ըլ­լան կամ՝ շատ մանր, նոյնպէս ալ «ձիւն» բա­ռը, ամէն գա­ւառ, ամէն բար­բառ առաւ իւ­րա­յատուկ ձեւ։ Հրա­չեայ Աճա­ռեանը ական­ջա­լուր եղած է, թէ հո՛ս, Վա­նայ մէջ ան կը հնչէր «ծիւն», Ալաշ­կերտի, Ակ­նայ, Կար­նոյ, Մշոյ եւ Սե­բաս­տիոյ մէջ «ձ՛ուն», Խար­բերդի, Հաճ­նոյ եւ Երե­ւանի մէջ «ձ՛ին», Համ­շէ­նի մէջ «ծուն», Ռո­տոս­թո­յի եւ Տիգ­րա­նակեր­տի մէջ «ցուն», Զաէյ­թունի մէջ «ծը՛ն», իսկ Սվե­տիոյ մէջ՝ «ձ՛այն»։ Այնքան առատ տե­ղաց, այնքան կու­տա­կուե­ցաւ ան, շար­ժեց ժո­ղովուրդի երե­ւակա­յու­թիւնը ու մեր լե­զուին տուաւ ջեր­մութիւն։

- Այ­սինքն, բարդ եւ ածանց բա­ռեր տուաւ, ըսել կ՚ու­զէք… ինչպէս՝ իմ անունս, Ձիւ­նիկ։

- Անունդ շատ հա­զուա­գիւտ է։ Հա­մապա­տաս­խան անուն մըն ալ ռու­սե­րը ու­նին, «սնե­ժին­քա», այ­սինքն «փա­թիլ», վե­ցաթեւ բիւ­րեղներ աստղան­ման։ «Ձիւն»ը առա­տու­թիւն է եւ միշտ եղաւ առա­տաձեռն։ Ան­կէ ծնած են ութսու­նի չափ պատ­կե­րալից բա­ռեր, ինչպէս՝ ձիւ­նա­բեր, ձիւ­նաբլուր, ձիւ­նա­բուխ, ձիւ­նա­գագաթ, ձիւ­նա­գեղ, ձիւ­նա­գիշեր, ձիւ­նա­զօծ, ձիւ­նա­թաթախ, ձիւ­նա­ծաղիկ, ձիւ­նա­ծին, ձիւ­նա­կոյտ, ձիւ­նա­հարս, ձիւ­նա­ճեր­մակ, ձիւ­նա­շող, ձիւ­նա­պայ­ծառ, ձիւ­նապսակ, ձիւ­նա­վարդ, ձիւ­նա­փաթիլ, ձիւ­նա­փայլ, ձիւ­նա­փառ, ձիւ­նա­փետուր, ձիւ­նաքնքուշ, ձիւ­նե­գորգ, ելն.։

- Եւ իմ ամե­նասի­րած­ներս, ձիւ­նագնդակ եւ ձիւ­նա­մարդ։ Գա­ւաթ մը եւս լեց­նեմ։

- Տղա՛ք, Ծե­րեն­ցը, պատ­մա­կան վէ­պերու այդ ձիւ­նա­մօրուս վար­պե­տը, «Թո­րոս Լե­ւոնի»-ի մէջ տե­սէ՛ք, ինչպէս նկա­րագ­րած է մեր լեռ­նե­րը. «Հե­ռու եր­կիր բարձրա­բերձ են մեր լե­րինք, սպի­տակա­փայլ ձիւ­նա­զարդ միշտ գը­լըխ­նին…»։ Այս հա­մեստ վան­կը, բա­ռացիօրէն երկնա­յին նուէր, դար­ձաւ նաեւ ար­տա­յայ­տութիւն, բա­ռակա­պակ­ցութիւն կամ առած։ Ուստի, ու­նե­ցանք՝ «հա­լեալ ձիւն», «կոյտ ձեան», «մոյկ ձեան», «սպի­տակ իբ­րեւ ձիւն», «ձիւն իջա­նէ»… Ար­ժէք կամ ազ­դե­ցու­թիւն չու­նե­ցող բա­ներուն ըսինք «ան­ցեալ ձմրան ձիւն», դժբախ­տութիւն կամ փոր­ձանք պատ­ճա­ռելուն՝ «գլխուն ձիւն բե­րել», կծծի մար­դոց՝ «ձմե­ռը ձիւն ու­զես, չի տար», գաղ­տա­գողի գոր­ծողնե­րուն Ակնցի­ները ըսին «ձնա­նը վրայ կը քա­լէ, իզը (հետ­քը) պել­լի­սըզ (ան­յայտ) կ՚ընէ», նոյն տե­սակ նեն­գա­միտ­նե­րուն Մու­սա լեռ­ցի­ները ըսին «ձու­նէն ըր­վան կը քե­լի, հի­տը պյալլյա (յայտնի) չի­նի»։ Բար­դա­ցած գոր­ծե­րուն հա­մար ըսինք «ձիւ­նա­գունդը մեծ­ցաւ»։ Իսկ Ձիւ­նի՛կ, քե­զի հա­մար հի­ները ըսեր են «հատ ձեան»… 1907 թուակա­նին Յով­հաննէս Թու­մա­նեանը նկա­րագ­րեց տա­րուան առա­ջին ձիւ­նը. «Էտ ձիւնն է գա­լի / Փա­թիլն է ձիւ­նի / Որ կար­ծես սպի­տակ / Թի­թեռ­նիկ լի­նի»։ Յով­հաննէս Շի­րազի հա­մար ձիւ­նը մօր գե­րեզ­մա­նի վրայ իջ­նող ան­դորրու­թիւն էր. «Ձիւն է իջ­նում, կու­տա­կուում / Մօրս վրայ վե­րեւից / Ասես փե­տուր է թա­փուում / Հրեշ­տա­կի թե­ւերից»։

- Պա­րոն, չէ՞ք լսեր զան­գա­կատու­նը, անլռե­լի այս զան­գա­կատու­նը, Պա­րոյր Սե­ւակի բա­ռերը կը ղօ­ղան­ջեն. «Ձիւն մա­ղեց մեր բաց գլխին / Ձիւն մա­ղեց՝ կրա­կի պէս… / Գա­րուն ա, ձուն ա արել…»։ Կու տա՞ք գա­ւաթ­նե­րը, վեր­ջին թէյն է։

- Շնոր­հա­կալու­թիւն Ձիւ­նիկ… Ձիւ­նը, թէեւ ու­րա­խու­թիւնն է երե­խանե­րուն, բայց հա­յոց Տի­րան ար­քա­յին հա­մար, յի­շեցէ՛ք «Հար­ճը»ն, ձիւ­նը չե­ղաւ բախ­տա­բեր, այլ՝ դար­ձաւ շի­րիմ։

«Արդ իր դիակը կ՚իշ­խէ յա­ւէր­ժա­նիստ սա­ռին ծոց

Կ՚ըսեն, թէ թա­գը միայն ձիւ­նե­րէն դուրս է մնա­ցած»։

- Տղաք, կրա­կը ես կը մա­րեմ, դուք գա­ցէք, քիչ մը քնա­ցէք։

Մէկ եր­կու ժա­մէն արե­ւը պի­տի ծա­գի ու ձիւ­նի պէս պի­տի փայ­լին Սի­փանը, Նեմ­րուտը եւ ձիւ­նա­ծածկ բո­լոր սա­րերը։ Երբ շրջին ամիս­նե­րը ու հաս­նի ձմե­ռը, ամ­բողջ երկի՛րը պիտի դառնայ ձիւնապաճոյճ։ Իսկ «ձիւն» բառը, հակառակ իր սաստիկ ձիւնաշունչ բնաւորութեան, պիտի շարունակէ ջերմացնել մեր լեզուն։