ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԾՈՎ

Թէ ինչեր ծնան «ծով»էն…
(Շար.՝ նախորդ թիւէն)


Աղթամար կղզիի եւ լճափի հաւասար հեռաւորութեան մէջ առած փոք­րիկ դա­դարս առիթ տուաւ, որ թէ՛ զգամ Վա­նայ ծո­վուն մե­ծու­թիւնը եւ թէ մտա­բերեմ, թէ ին­չե՜ր ծներ են հա­յոց «ծով»երէն։

«Ծով»ը, այդ ծո­վածա­ւալ եւ առա­տաձեռն միավան­կը հա­րիւ­րա­ւոր բարդ բա­ռեր, ածանց բա­ռեր, ար­տա­յայ­տութիւններ եւ ասա­ցուածքներ պար­գե­ւելէ բա­ցի, ծնունդ տուաւ բազ­մա­թիւ պատ­կե­րալից փո­խաբե­րու­թիւննե­րու, որոնք սի­րահար հայ աշուղնե­րու եւ բա­նաս­տեղծնե­րու տուին ներշնչում։ Նախ պէտք է յի­շել Նա­հապետ Քու­չա­կը, այս ծո­վու ծնունդ աշու­ղը։ Քու­չա­կի հայ­րեննե­րու մէջ «ծով»ը եարի աչ­քեր են՝ կա­պոյտ, խոր եւ հմա­յիչ- «Աչերդ է ծո­վէն առած, եւ ու­ներդ է ի թուխ ամ­պէն»։ Նաեւ եարի զո­վաց­նող ծոցն է ծո­վը- «Քո ծոցդ է ի ծով նման, ծո­վըն դեղ կ՚ասեն ի ջեր­ման»։ Ծո­վու ջու­րե­րու մէջ սի­րեց լո­ղալ նաեւ Սա­յաթ Նո­վան.

«Աշ­խարհքըն՝ ծով, դուն՝ մէ­ջըն նաւ, ման գու քաս, փրփուր իս, ա՛ խպեր,

Թէ­գուզ նընգնիմ ծո­վի մէ­ջըն՝ հով­նա­լու ճար չիս անի»։

Ծո­վը նաեւ դար­ձաւ առա­տու­թիւն, ճո­խու­թիւն եւ փար­թա­մու­թիւն, ինչպէս «ծով մա­զեր» ար­տա­յայ­տութեան մէջ։ Չա­րեն­ցը «ծով»ու մէջ տե­սաւ արիւն եւ ար­տա­սուք. «Եր­կի­րը ծով էր արեան ու կա­րիքը- անսպառ»։ Իսկ երբ որե­ւէ բան, ինչպէս խել­քը, անսպառ էր՝ ըսինք «խել­քի ծով»։ Գուրգէն Մա­հարին «ծով»ու մէջ տե­սաւ խորք եւ էու­թիւն. «Սի­րուդ հող­մը սրտիս ծովն է յու­զել»։ Ո՛չ միշտ քնա­րական գոյն էր ծո­վը, այլ՝ որե­ւէ բա­նի չա­փազանց քա­նակու­թիւն, ինչպէս հայ­րե­նի մա­մու­լի սա խո­րագի­րը. «Ծո­վագիւ­ղի ծով հոգ­սե­րը»։ Կեան­քի ամե­նամութ օրե­րուն ու­նե­ցանք նաեւ «ծով կա­րօտ», «ծով վիշ­տ» եւ «ծով տա­ռապանք»։ Բայց օր մը Յով­հաննէս Շի­րազը եկաւ եւ ազ­գին տուաւ վե­րականգնե­լու յոյ­սը. «Մի բուռ ազգ մի ծով բազ­մա­նայ»։ Եւ ա՛ն է որ հար­բե­ցաւ այս իսկ ծո­վու ջու­րե­րով.

«Բեր Վա­նայ ծովն աչ­քե­րովդ՝ ծով գիրկն ընկնեմ, հո­վանամ

Գէթ պատ­կե­րը բեր իմ աչ­քե­րին, եկ, ծո­վանամ այս գի­շեր»։

Վե­րադառ­նալ պէտք է։ Թե­ւերու հա­մաչափ, հան­դարտ շար­ժումնե­րով կը վերսկսիմ լո­ղալ։ Ալեակ­նե­րու ճող­փիւնն է միայն լսե­լի լռու­թեան այդ ծո­վու մէջ։ Իւ­րա­քան­չիւր թե­ւափո­խին ծո­վու ծո­վածա­ւալ պատ­մութեան մէկ նոր էջ կը յայտնուի։ Առա­ջինը կը տես­նեմ, 1791 թուականն է։ Վե­նետի­կի մէջ լոյս կը տես­նէ «Աշ­խարհա­ցոյց տախ­տակ Սեաւ Ծո­վու եւ շրջա­գային» քար­տէ­զը, 23x41 սան­թիմ չափ ու­նե­ցող թեր­թիկ մը, իր խո­րագ­րի մէջ «ծո­վ» բա­ռը ու­նե­ցող հայ­կա­կան հրա­տարա­կու­թիւննե­րու առաջ­նե­կը։ Անոր հե­տեւե­ցաւ Մի­նաս Բժշկեանի ու­սումնա­սիրու­թիւնը. «Պատ­մութիւն Պոն­տո­սի որ է Սեաւ Ծով», 1819, Վե­նետիկ։ Հե­տաքրքրա­կան է. «ծով» բա­ռի անդրա­նիկ հրա­տարա­կու­թիւննե­րը լոյս տե­սած են ծո­վեզե­րեայ քա­ղաք­նե­րու մէջ։ Գէորգ Զա­քարեանի «Ջա­ւա կամ ընդհա­նուր ծա­նօթու­թիւն բազ­մակղզի ծո­վու արե­ւելեան հնդկաց» աշ­խա­տասի­րու­թիւնը՝ Կալ­կա­թայի մէջ, Ար­մե­նակ Պա­լապա­նեանի «Յ. Տը­քուր ծո­վամոյն»ը՝ Զմիւռնիոյ մէջ, իսկ Ժիւլ Վէր­նի «Քսան հա­զար փար­սախ ծո­վերուն տակ» ար­կա­ծախնդրա­կան վէ­պը՝ Կ. Պոլ­սոյ մէջ։ 1888 թուակա­նին «ծո­վինար» բառն էր, որ առա­ջին ան­գամ հրա­պարակ ելաւ։ Ան, շնոր­հիւ Սար­գիս Քա­մալեանի գրի­չին եւ երե­ւակա­յու­թեան, որ­պէս ման­կա­պատա­նեկան հէ­քիաթ, լոյս տե­սաւ Թիֆ­լի­սի մէջ։

Թեւ առ թեւ կը մօ­տանամ Աղ­թա­մարին։ Աւե­լի տե­սանե­լի են վրան­նե­րը ու լսե­լի է նաեւ... երգ մը։ Սեւ ստուեր­ներ են, նստած՝ կրա­կի շուրջ։ Հո­վը կը բե­րէ Նա­նօրին անուշ ձայ­նը. «Ծի­ծաղա­խիտ վա­նայ ծո­վի...», տղա­ները կը միանան անոր, « փոք­րիկ գիւ­ղից առափ­նեայ...»։ Ապա՝ երգ մը եւս։ Այս ան­գամ Նա­նօրը կը մե­ներ­գէ. «Վա՜յ, դլէ եաման, էկաւ, հա­սաւ ջուր ծո­վու կէս, վա՜յ, դլէ եաման, գա­մին հա­սաւ ծո­վու բե­րան...»։

Մեր լե­զուն խորթ չգտաւ օտար ծո­վերու մէջ լո­ղալու եւ անոնց միր­գե­րէն օգ­տուելու գա­ղափա­րը։ Ուստի հա­յերէ­նի մէջ ու­նե­ցանք լա­տինե­րէնէ կա­տարուած փո­խառու­թիւններ. «Ծո­վէ ծով»- A mare usque ad mare, «Փակ ծով»- Mare clausum, այն ծո­վը, որ երկրի մը իրա­ւասու­թեան մէջ է ու «փա­կ» է ու­րիշ եր­կիրնե­րու հա­մար, «Ազատ ծով»- Mare liberum, մի­ջազ­գա­յին նա­ւագ­նա­ցու­թեան բաց ծով եւ «Մեր ծո­վը»- Mare Nostrum, Մի­ջերկրա­կան ծո­վը՝ Հռով­մէական կայսրու­թեան բար­ձունքի ժա­մանակ։

«Ծո­վ» բա­ռը, նա­ւար­կե­լէ ետք աշ­խարհի եօթը ծո­վերը, որո­շեց վե­րադառ­նալ իր բնօր­րա­նը։ Մեր Լեռ­նաշխար­հի մէջ, բարձրու­թիւննե­րու եւ ան­նուաճե­լի գա­գաթ­նե­րու վրայ ան դար­ձաւ... տե­ղանուն։ Ծա­նօ՞թ է ձե­զի «Ծովք»ը։ Կը յի­շեն ան­կասկած խար­բերդցի­ները։ Ձկնա­ռատ եւ քաղցրա­համ լիճ էր արեւմտեան Տիգ­րի­սի ակունքնե­րու մէջ, 1223 մեթր բարձրու­թեան վրայ։ Ծովք մը եւս կար. Գիւղ էր Խար­բերդի գա­ւառի մէջ։ Եւ կ՚ար­ժէ յի­շել նաեւ այն Ծով­քը, որ Բա­լուի գա­ւառա­կի հա­մեստ մէկ գիւղն էր։ Ջու­րի սթա­փեց­նող ալիք­նե­րը կը բե­րեն ու­րիշ մէկ յի­շողու­թիւն... «Ծովք»երու ամե­նէն նշա­նաւո­րը՝ Ծովք բեր­դը, ան որ 1106 թուակա­նին դար­ձած էր կա­թողի­կոսա­նիստ թե­րակղզի՝ հա­մանուն լի­ճի մօտ։ Ու­նե­ցանք նաեւ «ծո­վաբերդ» բա­ռը, հա­պա ծո­վաբե՞րդ մը իս­կա­կան։ Այո, ու­նե­ցանք։ Սա Կի­լիկեան Հա­յաս­տա­նի Կո­ռիկոս ծո­վաբերդն էր։ Իսկ մեր բարձրա­դիր հայ­րե­նիքին չէ՞ր վա­յելեր «ծո­վաբերդ» մը։ Այդ մէկն ալ գո­յու­թիւն ու­նի, Սե­ւանայ լի­ճի հա­րաւ արեւմտեան ափի վրայ, Վար­դա­ձոր գիւ­ղի մօտ, ծո­վէն 2300 մ. բարձրու­թեան վրայ։

Մօտ է կղզին։ Առ­ջեւս է խորհրդա­ւոր ծո­վան­կար մը։ Կը մտա­բերեմ 1817 թուակա­նի Յու­լիս ամ­սուան 17-րդ, նոր հա­շիւով 29-րդ օրը, երբ ծնաւ... «ծո­վան­կա­րիչ» բա­ռը, ու կը մտա­ծեմ, քա­նի՞ հատ բառ կայ, որ գի­տէ իր ծննդեան թուակա­նը։ Շատ քիչ։ «Ծո­վան­կա­րիչ» բա­ռը այդ սա­կաւա­թիւե­րէն մէկն է, Յով­հաննէս Այ­վա­զովսքիով մար­մին առած։ Անոր շնոր­հիւ «ծո­վ» բա­ռը պի­տի դառ­նար մե­ծահռչակ պատ­կե­րաս­րահնե­րու եւ արուես­տի թան­գա­րան­նե­րու գլխա­ւոր զար­դը- գե­ղան­կարներ, որոնք «ծով» բա­ռը իրենց անու­նին մէջ կրե­լու պա­տիւը պի­տի ու­նե­նային, ինչպէս՝ «Ծո­վը Պե­տեր­բուրգի մա­տոյցնե­րում», «Ծո­վափ», «Սի­նոպի ծո­վամար­տը», «Նա­ւարա­նի ծո­վամար­տը», «Նէապո­լի ծո­վածո­ցը լուսնկայ գի­շերով», «Փո­թորի­կը Սեւ ծո­վում», «Սեւ ծո­վը», «Փո­թորի­կը Ազո­վի ծո­վում», «Պետ­րոս Ա.ը Ֆին­նա­կան ծո­վածո­ցի ափին», «Թուրքա­կան նա­ւերը Մար­մա­րա ծովն են թա­փում հա­յերի­ն»... Իսկ 1894 թուակա­նին Կար­սի մէջ ծնաւ մէկ այլ բառ. «ծո­վակալ»- Յով­հաննէս Իսա­կովի կող­մէ մարմնա­ցած- ան, որ պի­տի դառ­նար Խորհրդա­յին Միու­թեան ծո­վակալ, զինհրա­մանա­տար, ինչպէս նաեւ՝ «Ծո­վային Ատ­լաս»ի խմբա­գիր։

Վա­նայ ծո­վու մէջ լո­ղալու ծի­սակա­տարու­թիւնս կը վեր­ջա­նայ։ Կ՚ել­լեմ ափ։ Ին­ծի կ՚ըկե­րակ­ցին եր­կու նրբա­հոգի բա­նաս­տեղծներ, աշուղ Ճի­ւանին եւ Ռաֆ­ֆին, որոնք շնչած ըլ­լա­լու են ծո­վերու աղի ջու­րե­րը։ Ահա Ճի­ւանին.

«Հա­րիւր նաւս ծո­վերու մէ­ջը լո­ղար

Մէկ խե­լօք նա­ւավար ես ու­նե­նայի»։

Իսկ Ռաֆ­ֆին սի­րած է ծո­վու հետ խօ­սիլ.

«Ալիք­ներդ մէկ մէկ սար ես դարձրել,

Կա­տաղած ծով, արըն­կեր ծով, ան­գութ ծով.

Ձա՛յն տուր, ով ծո­վակ, ին­չո՞ւ լռում ես»։

Ս. Խա­չի պա­տերուն տակ, խա­րոյ­կին առ­ջեւ մեր տղա­ներն ու աղ­ջիկներն են, որոնք մեր­ժած են քու­նին յանձնուիլ.

- Պա­րոն, ամ­բողջ ծո­վը լո­ղացի՞ք։

- «Ծով»ը այնքան մեծ է, ան­սահմա­նափա­կելի եւ առատ, կա­րելի չե­ղաւ ամ­բողջը «լո­ղալ»։ Պէտք է գիտ­նալ դա­դար տալ եւ համ­բերել մինչեւ յաջորդ ծիսակատարութիւնները։ Որովհետեւ, չենք գիտեր, թէ ծովէն ինչե՜ր կը ծնին։