ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԾՈՎ


Մեր բառերուն ամէնէն ծովածաւալը

Գիշերուան ուշ ժամերուն, աւանդական խնճոյքով աւարտեցաւ մեր խաղը՝ «Սիրոյ Լիճէ 7-րդ լող-փառատօնը, որուն յաջողութեան մէջ մեծ բաժին ունեցաւ հայոց լեզուի ծիծաղախիտ եւ ստեղծամիտ «լիճ» բառը։ Հի­մա ծով լռու­թիւն է։ Լո­ղորդ տղա­ները, այս տա­րուան եւ նա­խորդ մրցումնե­րու «Թա­մար»նե­րը, անոնց դա­սըն­կե­րու­հի­ները կը գի­շերեն կղզիի վրայ։ Շա­տեր ար­դէն քա­շուած են իրենց վրան­նե­րը։ -Աղ­թա­մար կղզին եր­բեք այսքան վրան չէր տե­սած։

Կիջ­նեմ ծո­վափ- ո՛չ՝ լճափ, յի­շելով, թէ մեր նախ­նի­ները սի­րած են «ծով» կո­չել ջու­րի այս ջրաշ­խարհիկ աւա­զանը։ Սա­ւանի պէս... Երբ ծո­վը սա­ւանի պէս է՝ կ՚առինքնէ, «Եկո՛ւր, զիս լո­ղա՛ե... Կը հա­մակեր­պիմ։ Միշտ հա­մակեր­պած եմ։ Զով է ջու­րը։ Սթա­փեց­նող։ Ոտ­քե­րէս մին­չեւ ու­սերս դող մը կը բարձրա­նայ։ Փոքր ոս­տում մը՝ ու բա­զուկ առ բա­զուկ կը սկսիմ կղզիէն հե­ռանալ։ Կէս­գի­շերա­յին այդ խա­ղաղ մի­ջոցը, ժամ մը մօ­տաւո­րապէս, ծո­վածա­ւալ միտ­քեր կ՚արթնցնէ «ծով» բա­ռէն մին­չեւ դի­մացի ծո­վափը։

Նախ պէտք է ըսել, թէ «ծով» բա­ռի ծա­գումնա­բանու­թիւնը, հա­կառակ ջու­րի այս ջինջ եւ հան­դարտ տա­րածու­թեան, շատ փրփրա­լից է, չը­սելու հա­մար՝ ալե­կոծ։ Բազ­մա­թիւ հմուտ լե­զուա­բան­ներ փոր­ձեր են լո­ղալ անոր ջու­րե­րու մէջ, բայց աւաղ, դար­ձեր են ծո­վամոյն։ Կայ տա­սի չափ մեկ­նա­բանու­թիւն, թէ մեր «ծով»ը ի՛նչ ծնունդ ու­նի... Դե­ռեւս ան եկած է հնդեւ­րո­պական g՛ob ար­մա­տէն... Դե­ռեւս զայն կա­րելի է հա­մեմա­տել իռ­լանդե­րէն go, ինչպէս նաեւ հին իռ­լանդե­րէն kaf բա­ռերուն հետ, որոնք կը նշա­նակեն «ծով»… Կրնայ ըլ­լալ որ բա­ռը կապ ու­նի վրա­ցերէն նոյ­նի­մաստ «զղվա» բա­ռին հետ, կամ յոյ­նե­րու «զէօ» բայն է անոր ար­մա­տը, որ կը նշա­նակէ «եռալ, եփիլ, պղպջալ»։ Երբ փոք­րա­ցած կղզին դի­տելու հա­մար դա­դար մը կ՚առ­նեմ, պատ­կե­րը կը յստա­կանայ. «Ծո­վ» բա­ռը ծնունդ առած է այս ջու­րե­րէն եւ հա­յոց լե­զուի ամե­նահին բա­ռերէն մէկն է։ Ապա­ցոյ­ցը՝ մեր ամե­նահին բա­նաս­տեղծու­թիւնն է, «Վա­հագ­նի Ծնունդ»ը.

«Երկնէր եր­կին, երկնէր եր­կիր,

Երկնէր եւ ծովն ծի­րանի.

Երկն ի ծո­վուն ու­նէր եւ զկարմրիկն եղեգ­նիկ»

Եւ այս հա­մեստ բա­ռը, շար­ժած է հա­յու երե­ւակա­յու­թիւնը, ծնունդ տուած է «ծովն ծի­րանի» քնա­րական բա­ռակա­պակ­ցութեան։ Կաս­կած չու­նիմ. այնքան հին է «ծո­վ» բա­ռը, որ­քան հին են Հայ­կա­կան լեռ­նաշխար­հի ծո­վերը։ Հա­յոց «ծով»ը նաեւ հա­զարա­ւոր տա­րիներ մկրտուած ըլ­լալ կ՛երե­ւի իր բնաշ­խարհիկ ջու­րե­րուն մէջ։ Փաս­տը այն է, թէ Աս­տուածա­շունչի թարգմա­նու­թեան ժա­մանակ ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նէին «ծո­վագոյն, ծո­վակ, ծո­վակողմն, ծո­վամաց, ծո­վափ­նեայ, ծո­վեզե­րեայ, ծո­վեզր» բա­ռերը։ Կ՚ար­ժէ ըսել նաեւ, թէ «ծով» բա­ռը 463 ան­գամ գոր­ծա­ծուած է Սուրբ Գիր­քի մէջ, իսկ յի­շուած ածան­ցումնե­րը՝ 120 ան­գամ։

Տե­սարա­նը զգլխիչ է։ Լու­սի­նը կը յայտնա­բերէ հա­մերաշխ ու­րուագիծ մը- կղզին եւ Ս. Խա­չը իր վե­ղարով։ Այս խորհրդա­ւոր տե­սարանն է որ ծո­վափի ամե­նասուրբ բա­նաս­տեղծին, Գրի­գոր Նա­րեկա­ցիին ներշնչում տուած պէտք է որ ըլ­լայ։ (Ծի­ծաղով կը մտա­բերեմ. երբ մեր լո­ղորդ տղա­ներու հա­սակն ու­նէր Նա­րեկ գիւ­ղի Գրի­գորը, Ս. Խաչ եկե­ղեցին կը տօ­նէր իր յիս­նա­մեակը)։ Երբ Հայ­կեան 3495 թուակա­նին, կամ 452-ին Հա­յոց շար­ժա­կան տո­մարի, երկրա­յին կեան­քը վերջ գտաւ Գրի­գոր Նա­րեկա­ցիին, ան հա­յոց լե­զուին ժա­ռան­գած էր «ծով» բա­ռով ստեղ­ծուած պատ­կե­րաւոր ար­տա­յայ­տութիւննե­րու հարստու­թիւն մը. «ի սիրտս ծո­վու», «խռո­վու­թեան մրրկած ծո­վու ծփե­ցայ», «կո­րու­սեալ ի տիեզե­րատա­րածն ծո­վու», «ծայ­րից ծփմանց ազ­դե­լոյ ծո­վուն», «լայ­նա­ծաւալ ծփա­նաց աշ­խարհիս ծո­վու», «շա­ւիղ վստա­հու­թեան ուղղես ի ծո­վու», «Աւա­զակ ծո­վակուր»… Գրի­գոր Նա­րեկա­ցին նաեւ մե­զի ձգեց հան­դի­սաւոր տաղ մը, որ զոր արա­կան ձայ­նը աւան­դա­կանօ­րէն կ՚եր­գէ լայ­նա­ծաւալ ու ըն­դարձակ. «Աչքն ծով ի ծով ծի­ծաղա­խիտ ծա­ւալա­նար յա­ռաւօ­տուն»։

Հի­մա կղզին աւե­լի ամ­փո­փուած է։ Փոք­րիկ լապ­տերնե­րով լու­սա­ւորուած վրան­նե­րը հե­ռուէն կու տան այն տպա­ւորու­թիւնը, թէ բլրա­կի վրայ գու­նա­ւոր սունկեր են բու­սած։ Կը վերսկսիմ հան­դարտ լո­ղալ։ Կը ստեղ­ծեմ ալեակ­ներ։ Նոյնպէս ալեակ առ ալեակ ծա­ւալեր է «ծով» բա­ռը մեր մայ­րե­նիի մէջ։ Ան տուեր է աւե­լի քան 270 բարդ եւ ածանց բառ, մէ­կը միւ­սէն պատ­կե­րալից. ծո­վաբիւ­րեղ, ծո­վաբ­նակ, ծո­վաբոյր, ծո­վագ­նաց, ծո­վագոգ, ծո­վադուստր, ծո­վախտ, ծո­վախո­ռոչ, ծո­վախոյզ, ծո­վածա­ծան, ծո­վածի­ծաղ, ծո­վածին, ծո­ված­փուն, ծո­վաբան, ծո­վակ, ծո­վահա­յեաց, ծո­վահարս, ծո­վահէն, ծո­վամայր, ծո­վամարտ, ծո­վանոյշ, ծո­վաշարժ, ծո­վատա­րած, ծո­վեզե­րեայ, ծո­վինար, ծո­վուժ... Իւ­րա­քան­չիւր բառ ու­նի ի՛ր պատ­մութիւ­նը, ի՛ր առաս­պե­լը։ Ով­կիանոս մը պէտք է անցնիլ, որ­պէսզի բո­լորը կտրե­լու բա­ւարար ժա­մանակ ու­նե­նանք։ Իսկ «ծով» բա­ռով շի­նուած ար­տա­յայ­տութիւննե՞րը… Անոնք ու­րիշ ծո­վաշ­խարհ մը կը կազ­մեն, ինչպէս՝ «ծով կա­պել» ջու­րը հա­ւաքե­լով լճաց­նել, կամ տա­կը շատ թրջել, «ծով կտրիլ» ծո­վանալ, «ծով բա­ցուիլ» նա­ւով ծո­վագ­նա­ցու­թիւն ու­նե­նալ, «ծո­վեր կպցնող» առաս­պե­լական սու­տեր խօ­սող, «ծո­վու պէս» առատ, ան­սահման, «եօթը ծով ան­դին» շատ հե­ռու, «ծով մա­կար­դել» բամ­բա­սանք ընել, «ծո­վու մէջ կա­թիլ մը» շատ փոք­րա­քանակ, «ծով մտնել, չոր դուրս գալ» դժուարու­թիւննե­րէն անվտանգ դուրս ել­լել, «ծո­վերէն անցնիլ, առուին մէջ խեղ­դուիլ» մեծ դժուարու­թիւնը յաղ­թա­հարել, բայց փոք­րի մէջ ձա­խողիլ... Առա­ւել պատ­կե­րալից են վեր­ջիննե­րը. «ծով հրդե­հել»- անի­րագոր­ծե­լի բա­նի ձեռ­նարկել, անի­րակա­նալի երազ­նե­րու հե­տապնդել, եւ «ծո­վային գայլ»- փոր­ձուած նա­ւաս­տի։

Կրկին դա­դար կ՚առ­նեմ։ Ծո­վափի եւ կղզիի հա­ւասար հե­ռաւո­րու­թեան մէջ առան­ձին, կը զգամ Վա­նայ ծո­վուն եւ «ծով» բա­ռին մե­ծու­թիւնը։ Կ՛անդրա­դառ­նամ, թէ որ­քա՛ն լայ­նա­տարած է այս միավան­կը։ Յա­ջորդ հանգրուանին, մեր բա­ռը պի­տի ու­զէ մե­զի ներ­կա­յանալ բո­լորո­վին կեր­պա­րանա­փոխուած։ Ան պի­տի ցոյց տայ, թէ սի­րահար աշուղնե­րու, նկա­րիչ­նե­րու, գրիչ­նե­րու, ինչպէս նաեւ ստեղ­ծա­միտ շի­նական­նե­րու շնոր­հիւ ան ինչպէս դար­ձաւ տե­ղանուն, անձնա­նուն, գե­ղան­կար, երգ, լիճ, բերդ, վի­պակ, պատ­մուածք, բա­նաս­տեղծու­թիւն, սի­րու­հիին աչ­քե­րը կա­պոյտ եւ անոր մա­զերը սեւ... Կա­րելի՞ է գրկել բո­լորը եւ ձայն տալ բո­լորին։ «Ծով» բա­ռի ծո­վածա­ւալ ջրաշ­խարհին մէջ պի­տի շա­րու­նա­կենք լո­ղալ այնքան, որ­քան կը նե­րեն մեր մտքի բա­զուկները ։

(Շարունակելի)