ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԼԻՃ

Բառերուն ամենէն ծիծաղախիտը

- Այս տարի ո՞վ պիտի շահի, կը կարծես։

- Վազ­գէ՛ն, ո՛չ բո­լոր տղա­ները առա­ջին ըլ­լա­լու նպա­տակով կը լո­ղան։ Բնա­կանա­բար արագ լո­ղացող­նե­րը աւե­լի մեծ հա­ւանա­կանու­թիւն կ՚ու­նե­նան շա­հելու, բայց նոյնքան եւ աւե­լի կա­րեւոր է շնչա­ռու­թիւնը հա­ւասա­րակշռուած պա­հել մին­չեւ Աղ­թա­մար։ Նա­ւակը պատ­րաստ է, նստինք։ Հի­մա կը սկսին։

Օգոս­տոս 11-ի ջեր­մացնող արե­ւուն տակ, բո­լոր ափե­րէն նա­ւակ­նե­րով հա­սած հա­րիւ­րա­ւոր հան­դի­սատես­նե­րով լե­ցուած է Վա­նայ լի­ճի առափ­նեայ այս փոք­րիկ գիւ­ղի նա­ւահան­գիստի հրա­պարա­կը, ինչպէս նաեւ անոր սրճա­րան­նե­րը, լճե­զերեայ նստա­րան­նե­րը եւ մա­նաւանդ պաղ­պա­ղակ կամ եգիպ­տա­ցորեն վա­ճառե­լու հա­մար ժա­մանա­կաւո­րապէս բա­ցուած կրպակ­նե­րը։ Նա­ւահան­գիստի վրայ կը ծա­ծանի հսկա­յական նարնջա­գոյն ցու­ցա­նակը, որուն վրայ սեւ, թաւ տա­ռերով գրուած է. «ՍԻ­ՐՈՅ ԼԻՃ- 7րդ Աւան­դա­կան Լող-Փա­ռատօն»։ Եւ այդ դրօ­շական­ման ցու­ցա­նակին տակ, իրենց ոտ­քե­րը ջու­րին դրած, սու­լի­չի կան­չին կը սպա­սեն եր­կու տաս­նեակ տղա­ներ, -ըստ փա­ռատօ­նի օրէնքնե­րուն, լճա­մերձ վար­ժա­րան­նե­րու 12-րդ դա­սարա­նի նո­րաւարտ հա­յոր­դի­ները-, որոնք պատ­րաստ են եռան­դով լո­ղալ երեք քի­լօմեթր ու հաս­նիլ «Թա­մար»ին։

- Ի՛նչ հե­տաքրքրա­կան փա­ռատօն։

- Խա­ղով սկսաւ, Վազ­գէն... Մա­յիս ամիսն էր։ Կ՚ու­զէինք Թու­մա­նեանի «Ախ­թա­մար»ը վե­րակեն­դա­նաց­նել։ Դա­սարա­նի տղա­ները պատ­րաստ էին մէկ ան­գա­մէն լո­ղալու։ Ես 11 Օգոս­տոս թուակա­նը առա­ջար­կե­ցի։ Այդ օր, ձկնորս Վահ­րա­մին նա­ւակով աշա­կեր­տուհի­ները դի­մաց ան­ցուցինք։ Ձիւ­նի­կը «Թա­մար» եղաւ։ Լապ­տեր մը բռնած սպա­սեց ախո­յեանին։ Մու­րա­տը եղաւ առա­ջինը։ Մու­րա­տը եւ Ձիւ­նի­կը... Յե­տոյ հասկցանք, թէ զի­րար ար­դէն կը սի­րեն եղեր։ Լայն ար­ձա­գանգ գտաւ կա­տարուածը։ Դար­ձաւ աւան­դա­կան։

- Անունն ալ դրիք «Սի­րոյ լիճ»։

- Թու­մա­նեանն ալ այդպէս կ՚ու­զէր տես­նել։

Ժա­մը հա­սաւ։ Բազ­մութիւ­նը աւե­լի կը մօ­տենայ լճափ։ Նա­րեկը, նա­խորդ տա­րուան ախո­յեանը, ուժգին շունչ մը կու տայ սու­լի­չին։ Վեր­ջի­նին ձայ­նը նախ կը հաս­նի Աղ­թա­մար, ապա կը զար­նուի Սի­փան։ Այդ սուր ձայ­նը դեռ ար­ձա­գան­գի չվե­րածուած, տղա­ները ար­դէն սկսած են դէ­պի կղզին սու­րալ։ Վազ­գէ­նը լու­սանկա­րիչ է եւ պատ­կե­րահան։ Հրա­ւիրած ենք, որ մրցու­մը ար­ձա­նագ­րէ։ Վա­ւերագ­րա­կան մը որո­շած ենք պատ­րաստել։

- Որ­քա՞ն ժա­մանակ կը տե­ւէ։

- Ըսենք, մէկ ժամ, երբ այսպէս հան­դարտ է լի­ճը։

Եւ այդ ժա­մը մե­զի առիթ կու տայ, որ մտա­ւոր նա­ւուղղու­թիւն ու­նե­նանք «լիճ» բա­ռի զո­վաց­նող ջու­րե­րուն մէջ։

- Վազ­գէ՛ն, «լիճ» բա­ռը բնիկ հայ­կա­կան է, ինչպէս բնիկ հայ­կա­կան է այս լի­ճը։ Ըստ լե­զուա­բան­նե­րու, որոնք հնդ-եւ­րո­պական նա­խալե­զուի մը գո­յու­թեան կը հա­ւատան, բա­ռին ար­մատն էր leg, laq կամ laku, որ կ՚են­թադրուի նշա­նակած ըլ­լալ «վա­զել, մզիլ, հո­սիլ»։ Աճա­ռեանը բո­լորո­վին հա­մաձայն չէ եղած այս տե­սու­թեան։ Իսկ ու­րիշներ մեր «լիճ»ը հա­մեմա­տած են լա­տինե­րէն lacus բա­ռին հետ։

- Կղզիի վրայ ո՞վ կը սպա­սէ այս տա­րի։

- Նա­նօրը։ Շատ փա­փաքե­ցաւ, որով­հե­տեւ Վա­հէն լո­ղացող­նե­րուն մէջն է... Վազ­գէ՛ն, «լիճ» բա­ռը չմնաց լճա­ցած։ Ան նկա­րագի­րով տար­բեր էր, օրի­նակ, «կղզի» բա­ռէն, որ որո­շած էր մնալ... կղզիացած։ «Լիճ»ը, որ ու­նէր վառվռուն եւ «ծի­ծաղա­խիտ» նկա­րագիր, սի­րեց ծփալ։ Եւ ան­կէ հո­սեցաւ քա­ռասու­նի չափ փայ­լա­տակող բառ։ Կ՚ար­ժէ յի­շել անոնք, որոնք տեղ գտան մեր գրա­կանու­թեան եւ կեր­պա­րուես­տին մէջ. լճակ, լճա­նալ, լճա­ցած, լճափ, լճափ­նեայ, լայ­նա­լիճ, ծո­վալիճ, լճա­շէն։

Քսա­ներորդ վայրկեանն է։ Վա­հէն, Վէ­մը եւ Տա­րօնը կը կազ­մեն առա­ջին եռեակը։

- Իսկ Վազ­գէն, կրնա՞ս երե­ւակա­յել, որ «լիճ»ը կրակ ըլ­լար։

- Չէի ու­զեր այդ լի­ճի մէջ լո­ղալ։

- Սա պա­տահե­ցաւ Աս­տուածա­շունչի մէջ։ Հոն տեղ գտած է «լիճ հրոյ» ար­տա­յայ­տութիւ­նը, որ կը նշա­նակէ... դժոխք. «Եւ կեն­դանւոյն ար­կին զնո­սա՝ ի լիճ հրոյ այ­րե­ցելոյ ծծմբով», «Գիրն կե­նաց գրեալ՝ ար­կաւ ի լիճ հրոյ»։ Կան լիճ բա­ռով շի­նուած եր­կու պատ­կե­րալից ար­տա­յայ­տութիւններ եւս. «Լիճ լու­սոյ, կամ ար­տասուաց»՝ աչք, եւ «Լիճ աղե­ղան»՝ աղե­ղի բա­ցուած­քը։ Այս վեր­ջինն է որ հայ­կեան տոհ­մին շնոր­հեց ազ­գութիւն։ Այս ափէն ո՛չ շատ հե­ռու, սա հա­րաւա­յին լեռ­նե­րու ետե­ւը, Հայ­կը լա­րեց իր «լայ­նա­լիճ» աղե­ղը եւ սպան­նեց Բե­լը։

- Լսած եմ հայ­կա­կան լայ­նա­լիճ աղե­ղի մա­սին։ Այն աղե­ղը, որ հին դա­րերուն հայ­կա­կան ռազ­մա­կան մե­քենա­յին կու տար ան­վի­ճելի գե­րակշռու­թիւն։

Կէս ժամ։ Տղա­ները յոգ­նութեան նշան­ներ ցոյց չեն տար։ Դլփին­նե­րու նման կը լո­ղան սպի­տակ սայթք մը ձգե­լով իրենց քա­մակէն։ Եռեակին հի­մա մօ­տեցած է Ալե­քը, այն յոյն տղան, որ իր ամ­բողջ կեան­քը յա­ճախած է հայ­կա­կան վար­ժա­րան։

- Վազ­գէ՛ն, «լիճ» բա­ռը ներշնչած է հայ բա­նաս­տեղծը։ Ան Պետ­րոս Դու­րեանին պար­գե­ւեց «Լճակ» բա­նաս­տեղծու­թիւնը, իսկ Թու­մա­նեանը պատ­մեց Փա­րուա­նայ ամ­րո­ցի եւ անոր դժբախտ իշ­խա­նու­հիին աւան­դազրոյ­ցը, իր տխուր վախ­ճա­նով. «Էն­քան առաւ լաց ու կոծ, որ լիճ կտրեց ար­տա­սու­քը, ծած­կեց քա­ղաքն ու ամ­րոց»։

- Լճա­բան­նե­րը դեռ մտա­ծեն, թէ ինչպէ՛ս գո­յացած է այդ լեռ­նա­յին լի­ճը։ Մինչդեռ, բա­նաս­տեղծը տուեր է գե­ղեցիկ պա­տաս­խան։

- Այս լի­ճը եւ «լիճ» բա­ռը միատեղ, հայ­կա­կան կեր­պա­րուես­տի ամե­նաբարձր պա­տուան­դա­նին բարձրա­ցան, երբ Փա­նոս Թէր­լէ­մէզեանը- Վա­նի կեդ­րո­նական վար­ժա­րանի սան, Սանկտ Պե­տեր­բուրկի եւ Փա­րիզի արուես­տի կա­ճառ­նե­րու շրջա­նաւարտ, Միւ­նի­խի հա­մաեւ­րո­պական ցու­ցա­հան­դէ­սի ոս­կի մե­տալա­կիր, Պո­լիս ապ­րած տա­րինե­րուն՝ Կո­միտա­սի, Վա­րու­ժա­նի, Սիաման­թո­յի եւ Երուանդ Օտեանի մտե­րիմ ըն­կեր, Վան քա­ղաքի ինքնա­պաշտպա­նու­թեան ղե­կավար­նե­րէն եւ հայ­կա­կան բնան­կա­րի լա­ւագոյն ներ­կա­յացու­ցիչ այդ գե­ղան­կա­րիչը- 1915 թուակա­նին այս լճա­փի վրայ կանգնե­ցաւ, բա­ցաւ իր եռո­տանին ու նկա­րեց «Վա­նայ լի­ճը եւ Սի­փան սա­րը Կտուց կղզիէն» կտա­ւը։ Իսկ այս լի­ճէն ան­դին, մեր լեռ­նաշխար­հի արե­ւելեան կող­մը, «լիճ» եւ «լիճք» բա­ռերը՝ գիւղ են, գա­ւառա­մաս, հան­քա­յին աղ­բիւր եւ... գետ։ Այո, Լիճ­քը Գե­ղար­քունի­քի մար­զի մէջ, Գե­ղամայ լեռ­նե­րու փէ­շերէն սկիզբ առ­նող, ապա Սե­ւանայ լիճ թա­փուող գե­տակ է։ Իսկ անոր մօտ կայ նոյ­նա­նուն գիւ­ղը։ «Լիճք» է նաեւ Քա­ռասուն Ման­կանց Տօ­նի օրը՝ կոն­քի մէջ դրուած լու­սա­վառու­թիւնը։ Իսկ զէյ­թունցի­ներու հա­մար «լճել» էր, ըստ Աճա­ռեանի հաս­տա­տու­մով՝ «հե­ղուկ բա­նի մէջ խառ­նել ու շա­ղուել»։ Եւ կայ Լճա­շէնը... Գե­ղամայ լեռ­նե­րու հիւ­սի­սային լան­ջին տե­ղադ­րուած այն հնա­վայ­րը, որ կիկ­լո­պեան եւ այլ ժա­մանա­կաշրջան­նե­րու յու­շարձան­նե­րու հա­մալիր է, կա­րեւո­րագոյ­նը ամ­բողջ Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Վեր­ջին վայրկեան­ներն են։ Խարսխած ենք։ Չորս տղա­ները կա­տաղի մրցակ­ցութեան մէջ են։ Լճափ իջած են Նա­նօրն ու իր դա­սըն­կե­րու­հի­ները։ Կ՚իջ­նենք նա­ւակէն։ Վազ­գէ­նը կ՚ու­զէ ախո­յեանը մօ­տէն նկա­րել։ Վա­հէն է, որ իր առ­նա­ցի բա­զուկնե­րով աւե­լի արագ կը ճեղ­քէ ջու­րը։ «Թա­մար»ը կը վա­ռէ լապ­տե­րը, նշան խա­ղի աւար­տին։ Վա­հէն կը դառ­նայ «Սի­րոյ Լիճ» լող-փա­ռատօ­նին նո­րագոյն ախո­յեանը։ Կղզիէն եւ լճա­փէն կը բարձրա­նան հու­ռա՜ներ։

- Տղա­ներ, աղ­ջիկներ, լու­սանկա՛ր, հա­ւաքուեցէք։ Նախ «Թա­մար»ը եւ լո­ղորդ տղան... Այո, քով քո­վի կե­ցէք։ Շատ լաւ։ Հի­մա խմբան­կար մը։ Բո­լոր տղա­ները եւ աղ­ջիկնե­րը... Ժպիտ... Մէկ հատ եւս։ Շնոր­հա­կալու­թիւն։

Մայ­րա­մու­տին, բաց երկնքի տակ սի­րոյ մեծ սե­ղանին շուրջ բո­լորս ընթրի­քի նստած ենք։ Ու­րախ զրոյցնե­րով եւ եր­գե­րով լե­ցուն այդ պա­հին, կը մտա­ծենք, թէ «լիճ» բա­ռը, հա­կառակ իր բո­լոր տագ­նապնե­րուն եւ ալե­կոծումնե­րուն, մնաց վառվռուն եւ երազ­նե­րով լե­ցուն։ Ու որո­շեցինք- երե­ւակա­յու­թիւննե­րու եւ սէ­րերու ամէ­նէն ծիծաղախիտ աւազանն է «լիճ» բառը։