Կեանքի մղիչ տարրն է ուժը։ Կը գոյատեւենք ուժ սպառելով եւ ուժ կուտակելով։ Մարմնի իւրաքանչիւր շարժում ուժի սպառում է։ Այդ սպառածը վերստին կը ստանաք սնունդներու միջոցաւ։ Ամէն ինչ բնականոն կ՚ընդանայ, երբ ուժի սպառումը եւ կուտակումը համապատասխան են իրարու։ Մարդու մարմնի այս հիմնական կանոնը նոյնութեամբ կը գործէ ճարտարագիտութեան ոլորտի մէջ ալ։ Զանազան ուժանիւթերու օգտագործումով կարելի է մեծ ուժեր գոյացնել։ Օրինակի համար ջրաշոգին ուժի վերածելով յաջողեցանք հսկայ ծանրութիւնները մեծ արագութեամբ փոխադրել վայրաշարժի մը կապուած կառաշարի վրայ։
Ուժի կիրառումով արշաւեցինք երկինք ու երկիր։ Հասանք ցամաքամասերու հեռաւորագոյն կէտերը, հատեցինք ովկիանոսներ, ինքնաթիռներով կը ճամբորդենք երկնքի մէջ եւ հիմա կը փորձենք տիեզերքը արշաւել։
Սակայն այս բոլորը յաջողելու համար կարիքը կը զգանք ուժը զսպելու դրութեան։ Այս երկրորդը աւելի կարեւոր է քան ուժը գոյացնել։ Տարիներ առաջ ինքնաշարժներու անիւներ արտադրող ընկերութեան մը գովազդին մէջ կը լսէինք հետեւեալ կարգախօսը՝. «Հսկողութենէ զերծ ուժը ուժ չէ»։
Եթէ հետեւինք գովազդի կարգախօսին եւ հարցնենք՝ «Հապա ի՞նչ է» պիտի գտնենք պարզ պատասխան մը՝ «Փորձանք»։
Թուրքիոյ կառավարական համակարգը, յատկապէս վերջին տարիներուն, շնորհիւ Նախագահ Էրտողանի բարձր հեղինակութեան, մեծ ուժ մը ըլլալով կը ներկայանայ։ Էրտողան եւ իր գլխաւորած կառավարութիւնը իրենց կամքը գործադրելու առումով գերազանցած են հանրապետութեան շրջանի նախորդ կառավարութիւնները։ Տիրացած են այնպիսի հզօր ուժի, որ ցանկացած պահուն կրնայ փոթորիկներ ստեղծել քաղաքական գետնի վրայ։ Դիւրաւ կրնայ կռիւներ ստեղծել իր դաշնակիցներուն դէմ, կամ խաղաղութեան մեղմ հովեր գոյացնել վաղեմի հակառակորդներուն հետ։Ո՞ր պետութիւնը չուզեր նման ուժի մը տիրանալ։
ԱՄՆ նախկին նախագահ (ա) Պուշ նման ուժի ապաւինելով արշաւեց Իրաքը։ Քիմիական զէնքի սուտով մը բարբարոսաբար կործանեց չքնաղ Պաղտատը։ Հիւսիսային Քորէաի մանկամիտ նախագահն ալ իր կուտակած հիւլէական ուժին ապաւինելով ելած է արար աշխարհի դէմ ասպարէզ կարդալու։ Հսկողութենէ զերծ մնացած ուժին պատճառած փորձանքներէն երկու օրինակներ միայն։
Վերադառնանք երկրի պայմաններուն։ Հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր Սեզկին Թանրըքուլու խորհրդարանի ամպիոնէն ահազանգ հնչեցուց զինեալ անօդաչու սարքերուն խաղաղ բնակիչներու վրայ ռումբ տեղացնելուն մասին։ Ան այս պնդումը կատարեց օր, ժամ, վայր նշելով։ Փոխանցեց զոհուած ու վիրաւորուած քաղաքացիներու անունները, աւելցնելով թէ ուր կը դարմանուին այդ վիրաւորները։
Պատգամաւորի այս ելոյթէն օրեր անց, Նախագահ Էրտողան շատ խիստ ոճով քննադատեց Թանրըքուլուն, որմէ ետք դատախազութիւնը հարցաքննութեան ձեռնարկեց երեսփոխանին դէմ։
Ներկայ Թուրքիոյ մէջ Էրտողանի ուժը սանձելու կարողութիւն ունեցող համակարգ մը գոյութիւն չունի։ Փոխարէնը կայ շատ աւելի մտահոգիչ սարք մը։ Այդ սարքը Նախագահին ելոյթները ազդարարութիւն համարելով կը յարձակի ներկայացուած թիրախի, կամ աւելի ճիշդ ընտրուած զոհի վրայ։ Այդ է որ կը տեսնենք Ներքին Գործոց Նախարար Սիւլէյման Սոյլուի, Արդարադատութեան Նախարար Ապտիւլհամիտ Կիւլի, կառավարութեան բամբեր Պեքիր Պոզտաղի ելոյթներուն մէջ եւ իշխանամէտ մամուլի էջերուն վրայ։
Ափսոս որ պատգամաւոր Թանրըքուլուի անդամակցած ընդդիմադիր կուսակցութիւնն ալ սմքած է այս համատարած յարձակումներուն կամ անսանձ ուժին դիմաց։ Միւս կողմէ վերեւ նշուած նախարարները դառն փորձառութեամբ գիտեն թէ երբ օրը հասնի մէկ դի կրնան շպրտուիլ գործածուած թաշկինակի մը նման։ Բայց ինչ ըսես որ անդիմադրելի է անսանձ ուժի հրապոյրը։