Զովացնող բարեկա՞մ,
թէ՝ հրաշունչ ոսոխ
Վիշապ։ Կարդալով այս բառը դող մը պատե՞ց ձեր մարմինը։ Ինչո՛ւ զարմանալ։ Ձեր մօտ անկասկած արթնցաւ ամպրոպային փոթորիկներ յառաջացնող, երկինք բարձրացող, ապա երկիր սուրացող, արեւը խափանող, խաւարումի պատճառ դարձող, ջրային, այլանդակ ու անհեթեթ հրաշունչ թեւաւոր օձի մը սարսափեցնող մտապատկերը։ Ամբողջացնենք պատկերը. վիշապը նաեւ տարբեր կենդանիներու այլանդակ համադրութիւն մըն է, գերբնական էակ մը հրէշադէմ։ Բարեբախտաբար, մանուկներուն մղձաւանջ պատճառող վիշապային հեքիաթները կը վերջանան հետեւեալ ձեւով. դիւցազնի քաջութեամբ կը սպաննուի այդ անասունը, անոր հսկած գանձերը կ՚ազատին ու զոհաբերութեան համար անոր մատուցուած կոյսը կը փրկուի նոյն դիւցազնի ձեռքով։ Սակայն, լեզուաբանական եւ պատմական հակիրճ ակնարկ մը «վիշապ» բառին՝ ու կը տեսնենք, թէ որքան խորհրդաւոր է վիշա՛պը, նոյնքան ալ խորհրդաւոր եւ առասպելախառն է «վիշապ» բառը։
«Վիշապ» բառը, -համաձայն են բոլոր լեզուաբանները, բառարանագէտերը, իրանագէտերը եւ արեւելագէտ եւրոպացիները-, ունի իրանական ծագում, բունը vešāp, աւեստերէն višāpa։ Արմատն է «վիշա», թոյն։ Այս արմատով ալ սեռած են օձի այլեւայլ անուններ. վիշանի, վիշադանտաքա, աչիվիշաս, վիշարա, մահավիշա... Այս վերջինները չեն համարձակած յարձակիլ հայկական լեռնաշխարհ ու մնացեր են իրանական լեզուներու եւ տափաստաններու մէջ։ Հայաստանի մէջ, մինչդեռ, վիշապը հաստատեր է բոլորովին տարբեր՝ բարի եւ ազնիւ, «զովացնող» բնակութիւն։ Բուն հայկական։ Եւ այդ մէկը տեսնելու համար պէտք է ճամբորդել... Վիշապալիճ։
Հայաստանի մէջ, Գեղամայ լեռներու վրայ թագնուած է գեղատեսիլ Վիշապալիճը։ Ան շրջապատուած է երկու վիթխարի լեռներով։ Այդ լեռներուն անուննե՞րը... Վիշապասար եւ Աժդահակ։ Իսկ լիճի մօտ կանգնած են երեքուկէս մեթր բարձրութիւն ունեցող, ձուկի տեսքով քանդակուած երկու «վիշապաքար»։ Այո, պարզուած է, թէ վիշապը Հայաստանի մէջ պաշտուած է որպէս ջուրը, անձրեւը եւ առատութիւնը պարգեւող ոգի։ Վիշապաքարերը, այդ քարակոթող յուշարձանները յատուկ են Հայաստանին ու տեղադրուած են գետերու ակունքներու, բնական աղբիւրներու, լիճերու, ջրաւազաններու մօտ։ Անոնց վրայ քանդակուած կ՚ըլլան արագիլ, ցուլ, օձ, ձուկ եւ այլ կենդանիներ։ Յայտնաբերուած է, թէ Հայկական լեռնաշխարհի վրայ կայ 150 վիշապաքար, 90 հատը Հայաստանի հանրապետութեան սահմաններէն ներս։ Կայ վիշապաքար, որուն բարձրութիւնը կը հասնի հինգ մեթրի, իսկ հնութիւնը՝ Ք.Ա. 7-րդ հազարամեակի։ Այս բոլոր տուեալներու համար երախտապարտ պէտք է ըլլալ Ատրպետին, Ղարսի զաւակ, պատմա-բանասիրական հետազօտութիւններու հեղինակ եւ արեւմտահայ գիւղաշխարհի նուիրեալ արձակագիրին, որ առաջին անգամ 1880-ական թուականներուն սկսաւ վիշապաքարերը ուսումնասիրել։
Այդ թուականներուն «վիշապ» բառը նախ դարձաւ քննական գործ. «Վահագն վիշապաքաղը…» (Մկրտիչ Էմին, 1873), ապա՝ գիրքերու անուն. «Վիշապ. Պատկերներ տաճկա-հայ պանդուխտ մշակների կեանքից», «Վիշապամայր», «Վիշապների աշխարհում», «Հեքիաթ դարբնի որդու եւ եօթգլխանի վիշապի մասին», «Վիշապներ կոչուած կոթողներն իբրեւ Աստղիկ- Դերկետօ դիցուհու արձաններ»։
Վիշապը, որ կենարար էր եւ առատաձեռն, նպաստի բաժին մըն ալ շնորհեց մեր բառապաշարին։ Ունեցանք «վիշապ» արմատով ստեղծուած բառերու համեստ, բայց պատկերալից հաւաքածոյ մը։ Շատ չեն անոնք։ Ընդամէնը 47 բառ։ Սակայն, երբ սկսինք նայիլ այդ գոյականներուն եւ ածականներուն, կը յայտնուի, թէ վիշապը ո՛չ միշտ դիտուած է որպէս ազնիւ եւ բարեացակամ արարած։ (Եթէ այս յօդուածը կը կարդաք բարձրաձայն եւ ձեր մօտ կան դեռատիներ, կրնաք ըսել, թէ ուրիշ սենեակ անցնին)։ Ահա քանի մը գոհար. Վիշապագլուխ, վիշապաշունչ, վիշապասպան, վիշապաօձ, վիշապարիւն, վիշապամարտ, վիշապաձեւ, վիշապածին, վիշապակերպ, վիշապազուն, վիշապազօրք, վիշապակործան, վիշապագալար, վիշապոտն... Եւ արտայայտութիւններ. «վիշապ թագաւոր», «վիշապ ձուկ», «վիշապ քամի», «վիշապ օձ»։
Թէ ինչպէ՞ս եղաւ, որ աւելի ուշ ժամանակներուն, մեր վիշապը դարձաւ ահեղութեան, հուրի եւ բոցի, իշխանութեան եւ անիշխանութեան խորհրդանիշ՝ չենք գիտեր։ Երբ չենք գիտեր՝ կը հարցնենք բանաստեղծին։ Յովհաննէս Թումանեանը ունի չորս տող պատասխան.
Լենկթեմուրն եկաւ, հուրն ու սուրն եկաւ,
Անօրէնն եկաւ, եկա՜ւ ու եկա՜ւ.
Հաւաքեց, կիտեց մեր ազգը Հայոց,
Փաթաթեց, պատեց, ինչպէս վիշապ-օձ։
Իսկ Եղիշէ Չարենցը, մեր «անոյշ»
Հայաստանը նկարագրելու համար յարմար գտաւ մէկ այլ սիրելի ածական... «վիշապաձայն».
Սիրում եմ մեր երկինքը մուգ,
ջրերը ջինջ, լիճը լուսէ,
Արեւն ամրան ու ձմեռուայ վիշապաձայն բուքը վսեմ։
Հակառակ իր բացասական ակնարկութիւններուն, «վիշապ» բառը հաւատարմօրէն շարունակեց մեր ստեղծագործ ոգիի արտայայտութեան միջոց դառնալ։ Ան մեզի տուաւ համաշխարհային արժէք ներկայացնող եզակի բառ... «վիշապագորգ». բնիկ հայկական, Արարատեան դաշտի որդան կարմիրով ներկուած, վիշապի ոճաւորուած կերպարով զարդարուած, հայ իգական տաղանդի գեղեցկագոյն եւ ամենաընտիր կտորներ։
Վիշապը եթէ վերածուեցաւ հրաշունչ ոսոխի, դիւցազնը անշուշտ պիտի գլխատէր զայն- թէկուզ ան ըլլար միագլխանի, թէ եօթգլխանի։ Իսկ դուք կը հաւատա՞ք, թէ մա՛րդը կրնար դառնալ «եօթգլխանի վիշապ»։ «Դրօշակ» թերթի 28 Փետրուար 1898-ի թիւին մէջ կը կարդանք. «Ապստամբուած ժողովուրդը առասպելական եօթգլխանի վիշապ է»։
Մեր դիցաբանութեան մէջ Վահագնը, պատերազմի եւ քաջութեան այդ վառվռուն, խարտեաշ պատանին «վիշապաքաղ», մարտնչեցաւ վիշապներու դէմ ու վերահաստատեց լոյսը։ Եւ յաղթանակի այդ դիւցազնը, Երեւանի մէջ, Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանէն ներս, Իսակովի պողոտայի եւ Սեբաստիա փողոցի խաչմերուկի վրայ, 1968 թուականին, քանդակագործ Կառլէն Նուրիճանեանի ճարտար ձեռքով փառաւորապէս դարձաւ... արձան։
Վիշա՛պ, բնակութիւնդ հայոց լեզուի եւ լիճերու մէջ ի՛նչ ցանկալի է, երբ դուն պաշտպան ոգի ես եւ առատութեան հովանաւոր։ Ինչո՞ւ չարանալ, երբ գիտես արուեստ դառնալ, բառ դառնալ։ Այդ շունչը որ ունիս բոցավառ, թող կայծակէ ստեղծագործ միտքերը մեր ու ծնունդ տաս նոր գանձերու։