Սրբազանի սրբազան առաքելութիւնը

Անցնող 16 տա­րինե­րու գոր­ծունէու­թիւննե­րով ար­դէն շա­տերուն ծա­նօթ հաս­տա­տու­թիւն մըն է Վա­նաձոր քա­ղաքի «Ծի­ծեռ­նակ» եւ «Հրանդ Տինք» ման­կա­պատա­նեկան ճամ­բարնե­րը։ Սոյն ճամ­բարնե­րը կը գոր­ծեն Գու­գա­րաց Թե­մի առաջ­նորդ Սե­պուհ Ար­քե­պիս­կո­պոս Չուլճեանի ան­մի­ջական հսկո­ղու­թեան եւ հո­վանա­ւորու­թեամբ։ Այս մա­սին Չուլճեան սրբա­զան իր հա­մոզու­մը կը յայտնէ՝ «Յա­նուն մա­տաղ սերնդի հա­յեցի դաս­տիարա­կու­թեան ու հո­գեւոր ամ­բողջա­կանու­թեան՝ Հայ Եկե­ղեցին ոչինչ պէտք չէ խնա­յի» հաս­տա­տու­մով։ Ար­դա­րեւ ման­կա­պատա­նեկան այս ճամ­բարնե­րը Լո­ռուայ ան­տա­ռաշատ գրկին մէջ ոչ միայն կազ­դուրման կա­յան են, այ­լեւ պա­տանի­ներու մտքի եւ հո­գու կրթու­թեան ու դաս­տիարա­կու­թեան, հան­դուրժո­ղակա­նու­թեան ու սի­րոյ օր­րան։

Մին­չեւ օրս ճամ­բա­րի ընդձե­ռած առիթ­նե­րէն օգ­տուած են 9-14 տա­րեկա­նի մի­ջեւ 15,250 պա­տանի։ Այս տա­րի Լո­ռի մար­զի Ալա­ւեր­դի, Ախ­թա­լա, Սպի­տակ, Ստե­փանա­վան, Տա­շիր քա­ղաք­նե­րէն եւ տաս­նեակ գիւ­ղե­րէն, մայ­րա­քաղաք Երե­ւանէն, Էջ­միածի­նէն, Կիւմրի­ւէն, ԼՂՀ Մար­տա­կեր­տի շրջա­նէն եկած 1,220 երա­խաներ հիւ­րընկա­լուե­ցան ճամ­բա­րին մէջ։

Ճամ­բա­րը կա­րեւոր տպա­ւորու­թիւններ կը թո­ղու օրընդմէջ այ­ցե­լու­թեան եկող­նե­րուն վրայ եւս։ Այս տա­րի անոնց միացած էին նաեւ ՀՀ Սփիւռքի Նա­խարա­րու­թեան «Արի Տուն» ծրագ­րի շրջա­նակ­նե­րով Հա­յաս­տան ժա­մանած պոլ­սա­հայ երի­տասարդնե­րու խումբ։ Անոնք բա­ցի ճամ­բա­րային ծրա­գիր­նե­րէն ուխտա­ւորա­բար այ­ցե­լեցին Սա­նահին, Հաղ­պատ, Օձուն եւ Սուրբ Յով­հան Օձ­նե­ցի Հայ­րա­պետի շի­րիմ­նե­րը։

Այս տա­րուայ ճամ­բա­րային ծրագ­րի մէկ հեր­թա­փոխի հո­վանա­ւոր­ներն էին նաեւ խումբ մը պոլ­սա­հայ ազ­նիւ հա­յոր­դի­ներ, որոնք հա­մես­տօ­րէն ցան­կա­ցան լուռ մնալ։

Գու­գա­րաց Թե­մի Առաջ­նորդ Սե­պուհ Ար­քե­պիս­կո­պոս Չուլճեանի նուիրեալ ջան­քե­րով ծաղ­կած «Ծի­ծեռ­նակ», «Հրանդ Տինք» ճամ­բարնե­րը իրենց հա­յեաց­քը ուղղած են ապա­գային, միշտ յու­սա­լով այս եր­դի­կին տակ դաս­տիարա­կուած սերունդը անպայման իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ համայն ժողովուրդի պայծառ ապագային մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ