Աբգար թագաւորն ու Քրիստոսը

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetian@gmail.com

Ամենքիս է յայտնի Քրիստոսի ու Աբգար թագաւորի մասին զրոյցը, ըստ որի՝ Եդեսիայի Աբգար թագաւորն առաջինն է արքաների մէջ, ով դեռեւս Քրիստոսի կենդանութեան օրօք լսելով Նրա հրաշագործութիւնների մասին՝ հաւատաց, որ Նա Աստծոյ Որդին է։

Աւանդութեան համաձայն՝ Աբգար թագաւորը անբուժելի հիւանդ էր, եւ նա նամակ կը յղէ Յիսուսին, որով կը խնդրէր գալ բժշկել իրեն եւ խաղաղ բնակուել իւր երկրում։

Քրիստոս Աբգարին կը պատասխանէ, որ ինքը պէտք է աւարտի իւր առաքելութիւնը Իսրայէլում, որմէ ետքը իր աշակերտներէն մէկին կ՚ուղարկէ Աբգարին բժշկելու եւ նրան պարգեւելու յաւիտենական կեանքի աւետիսը։ Քրիստոս սուրհանդակի հետ միասին Աբգար թագաւորին կ՚ուղարկէ նաեւ իւր անձեռակերտ սրբապատկերը, որը Նա իր դէմքի հպումով պատկերել էր դաստառակի վրայ։

Քրիստոսի համբարձումէն ետքը Ս. Թադէոս առաքեալը, իրապէս, կու գայ Եդեսիա, կը բժշկէ Աբգարին ու քաղաքի բոլոր հիւանդներուն, որմէ ետքը քաղաքի ողջ ժողովուրդը դարձի կու գայ եւ կը մկրտուի։ Այդու ետք Ս. Թադէոս կ՚ուղեւորուի դէպի Հայաստան՝ քարոզելու հայոց Սանատրուկ արքային։

Ինչեւէ, այսօր ձեզ պիտի պատմենք մէկ ուրիշ աւանդութիւն կամ, գուցէ, այս աւանդութեան քիչ մը ձեւափոխուած եւ ժողովրդականացուած տարբերակը։

Եւ ահա օր մը հայոց Աբգար թագաւորը որոշում կ՚առնէ հանել տալ իր երկու աչքը՝ իբր թէ այդպէս նա դատերի ժամանակ աւելի շիտակ վճիռներ կը կայացնէ՝ տարբերութիւն չի դնի աղքատի եւ հարուստի, հասարակ գիւղացու եւ ազնուականի միջեւ։

Եւ կուրացած Աբգար թագաւորն, իրապէս, շատ իմաստուն վճիռներ կը կայացնէ, ու նրա համբաւը կը տարածուի շուրջ բոլորը։

Նրա այդ համբաւը կը հասնի նաեւ Քրիստոսին։ Յիսուս մտիկ կ՚անէ գնալ եւ ստուգել Աբգար թագաւորին եւ ճամբայ կ՚ընկնէ նրա երկիրը։

Յիսուս կ՚իջեւանէ պառաւի մը տանը։ Գիշերը, երբ ծեր կինը արդէն քնած էր, Յիսուս դուրս կու գայ բակ, կը մօտենայ պառաւի կովին, կը խաչակնքէ նրա հորթուկին, եւ հորթուկն անմիջապէս կը վազէ Քրիստոսի ջորու փորի տակը կը մտնէ։

Առաւօտ, երբ արեւը կը ծագի, Քրիստոս կ՚ուզէ շարունակել իւր ճամբան՝ ջորու ու հորթի հետ միասին։ Պառաւը շատ կը զարմանայ եւ կը յանդիմանէ Քրիստոսին թէ՝ «այդ իմ կովի հորթուկն է, նրան ինչու կը տանես քեզ հետ, իրաւունք չունես»։

Քրիստոս կը պատասխանէ թէ։ «եթէ քո կովի հորթուկ է, իմ ջորու փորի տակ ի՞նչ գործ ունի, կ՚երեւայ այն ոչ թէ քո, այլ իմ հորթն է»։ Երկար կը վիճեն, վերջը որոշում կ՚առնեն գնալ Աբգար թագաւորի մօտ, որպէսզի նա իրաւացի որոշում կայացնէ։

Կու գան Աբգար թագաւորի մօտ եւ ամէն ինչ կը պատմեն։ կինը կ՚ըսէ թէ հորթը իրենն է, Քրիստոսն ալ՝ «թէ որ այդպէս լինէր, իմ ջորու մօտ չէր մնայ, այդ հորթը իմ ջորու հորթն է»։

Աբգար թագաւորը կը լսէ նրանց պատմութիւնը, բայց բան մը չէր ըսեր։ Այդպէս լուռ նստած ինչ-որ տեղ կ՚աշէր։

Քրիստոս կը խախտէ լռութիւնը, թէ։ «Աբգար թագաւոր, ես ճանապարհորդ մարդ եմ, ինչո՞ւ մի բան չես ասում, հարցն աւարտենք, ես իմ ճամբան շարունակեմ»։

Աբգար թագաւորն ալ կ՚ըսէ թէ։ «Ես ուրիշ բան մը մտիկ կ՚ընեմ։ Ձեզմէ առաջ մարդ մը եկաւ, ըսաւ՝ ծովի ափին գարի եմ ցանել, ամմա գիշերը ձկները ծովէն կ՚ելնեն, կու գան կ՚ուտեն իմ ցանած գարին»։

Քրիստոս կ՚ըսէ։ «Աբգար թագաւոր, բա ձուկը – գարի՞»։ Աբգար թագաւորն ալ կը պատասխանէ՝ «Բա ջորին – հո՞րթ»։

Քրիստոս կը տեսնէ որ Աբգար թագաւորն իրաւամբ շատ իմաստուն կը թագաւորէ, այդու կը խաչակնքէ հորթին, ան ետ կը վազէ պառաւի մօտ, ետքը Քրիստոս կը խաչակնքէ Աբգար թագաւորին, եւ նրա աչքերը կը բացուեն։

Բայց երբ Աբգար թագաւորը կը բանայ իւր աչքերը, Քրիստոս անմիջապէս կ՚անյայտանայ։

Աբգար թագաւորը կը դառնայ ծեր կնոջը թէ։ «Երանի՜ քեզ, ա՛յ պառաւ, այդ մարդը Քրիստոսն էր, նա քո տանը իջեւանեց եւ դու նրան տեսար, հազա՜ր ափսոս, որ ես յիմարութիւն արեցի ու հանել տուեցի իմ աչքերը եւ այդպէս ալ չկրցայ տեսնել Քրիստոսին»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ