Համերգ Յովհաննէս Չէքիճեանի 90-ամեակին առթիւ
ՎԱՂԱՐՇԱԿ ՍՐԿ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ
Հայաստանի Պետական Ակադէմական Երգչախումբի խմբավար, նախկին իսթանպուլահայ Յովհաննէս Չէքիճեանի ծննդեան 90-ամեակին առթիւ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ համանուն Դպրաց Դաս-Երգչախումբը մեծարանքի հանդիսութեան առթիւ համերգ մը սարքեց։ Այս հանդիսութիւնը ներառնուած էր «Իսթանպուլի Հայ համայնքի օրերը Հայաստանում» ծրագրին։
Յիշեցնենք նաեւ որ Մաէսթրոյի ծննդավայր Իսթանպուլի, Ֆուլիա արուեստի կեդրոնին մէջ (Պէշիկթաշ) 12 Մայիս 2017ին սարքուած էր մեծարանքի համերգ մը եւ յաջորդ կիրակի (14 Մայիս), Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ, ի ժամ Ս. Պատարագի յանձնուած էր Պատրիարքական Աթոռոյ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի անուան ոսկեայ շքանշանը։
Ժամանում
Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի վաթսուն հոգինոց խումբը, 31 Օգոստոս 2017, Հինգշաբթի լուսաբացին ժամանեց Հայաստան։
Այց՝ Սփիւռքի Նախարարին
Նոյն երեկոյեան, ժամը 18.00-ին, Ֆէրիգիւղի Եկեղեցւոյ ընտանիքի անդամներէն խումբ մը, գլխաւորութեամբ Եկեղեցւոյ քարոզիչ եւ դասու նախագահ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար Մեծարգոյ Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանին։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, Դասու Դպրապետ Բրշ. Սեդրաք Սրկ. Տավութհան, Խմբավար Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեան, Ատենապետ Նուպար Կիւզէլտէվլէթեան, Թաղային Խորհրդոյ ներկայացուցիչ Նուրհան Փալաքօղլու եւ Մէրամէթճեան Վարժարանի Տնօրէն Արփի Մանուկեան։
Մեծարգոյ Նախարարուհին բարի գալուստ մաղթելէ ետք, դրուատեց Վարդանանց Երգչախումբի գործունէութիւնը, գնահատեց սոյն ծրագրի իրագործումը։ Ան, բարձր գնահատելով իսթանպուլահայ համայնքը, հետաքրքրուեցաւ համայնքային կեանքի հետ։
Համերգ
1 Սեպտեմբեր 2017, Ուրբաթ երեկոյեան, ժամը 19.00-ին սկսաւ համերգը, Արամ Խաչատուրեանի անուան մեծ համերգասրահին մէջ։ Համերգին ներկայ էին Սփիւռքի փոխնախարարը, Գերշ. Տ. Սեպուհ Արքեպս. Չուլճեան, Գերշ. Տ. Արտակ Եպս. Տիգրանեան, մեծարեալ Յովհաննէս Չէքիճեան, Ֆէրիգիւղի Թաղային Խորհուրդի անդամները՝ Մանուկ Էօղէրի գլխաւորութեամբ, պայրամի արձակուրդի առթիւ Հայաստան ժամանած իսթանպուլահայեր եւ տեղացի մշակութասէր ժողովուրդը։
Նախ կատարուեցաւ բացման խօսք հաղորդավար Գարէն Քէօսէօղլու-Թէրզեանի կողմէ, որ Յովհաննէս Չէքիճեանի մասին դրուատալից խօսքերով հանդէս գալով, ծանօթացուց երգչախումբն ու իր գործունէութիւնը։
Ապա դասու նախագահ Հայր Սուրբը շեշտելով Յովհաննէս Չէքիճեանի միջմշակութային հանգամանքը, ընդգծեց իսթանպուլահայ դպրաց դասերու կարեւորութիւնը։ Ան շեշտեց նաեւ հայ երգի կարեւորութիւնը եւ օտար երաժշտութենէ խուսափելու հրամայականը։ Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան եւ բոլոր պատասխանատուներուն, որոնք խորապէս կը գիտակցին թէ մշակոյթն է որ կանգուն կը պահէ ազգ մը եւ պետութիւնը այդ ուղղութեամբ նեղ պայմաններով ձեռք կը մեկնէ մշակութային շարժումներուն։
Բեմ եկաւ դասու դպրապետ՝ Բրշ. Սեդրաք Սրկ. Տավութհան, որ կարդաց Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի նոյն առթիւ յղած օրհնութեան գիրը։
Օրհնութեան Գիր
Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի Համերգին Առթիւ
Հոգեւոր ուրախութիւն է մեզի համար, թէ քաղաքիս Ֆէրիգիւղ թաղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ համանուն Դպրաց Դաս Երգչախումբը իր կազմութեան 85 ամեակի ծիրէն ներս կ՚այցելէ Հայաստան եւ Սփիւռքի Նախարարութեան մեկենասութեամբ կը սարքէ մեծարանքի համերգ մը ի պատիւ մաէսթրօ Յովհաննէս Չէքիճի։
Իսթանպուլահայ իրականութեան մէջ կարեւոր է դերը դպրաց դաս երգչախումբերու, որոնք մեր եկեղեցիներու շրջափակներուն մէջ կը գործեն ի փառս Աստուծոյ, ի շինութիւն եկեղեցիներու եւ ի մխիթարութիւն հաւատացեալ ժողովուրդի։ Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբը ծանօթ է իր բազմաբեղուն գործունէութեամբ, թէ հոգեւոր եւ թէ աշխարհիկ երաժշտութեանց զոյգ ոլորտներէն ներս։ Մենք արդար հպարտութեամբ կ՚արձանագրենք անդամներու երաժշտական վաստակը, որ ամէն առթիւ արձագանք գտած է ու կը գտնէ Հայ եւ օտար շրջանակներու մօտ։
Այսօր, Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբը Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի ղեկավարութեան ներքեւ հասած է նախանձելի եւ պատուաբեր դիրքի մը, մանաւանդ արտասահմանի հանրածանօթ սրահներու մէջ միջազգային փառատօներու մասնակցութեամբ, տիրաբար մեկնաբանելով դասական, ժողովրդական եւ հոգեւոր ստեղծագործութիւններ։ Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի պատմութեան այս հանգրուանը կ՚ողջունենք գոհունակութեամբ եւ յանձին իր նախագահին՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կը շնորհաւորենք Տնօրէն Խորհուրդը եւ բոլոր անդամները։ Աստուած իրենց պարգեւէ ոյժ եւ կարողութիւն ու անսպառ եռանդ որպէսզի նոյն ոգիով շարունակեն իրենց եկեղեցանուէր ծառայութիւնը։
Ուրախութիւն է մեզի համար անդրադառնալ նաեւ, թէ Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբը Մաէսթրօ Յովհաննէս Չէքիճի ծննդեան 90-ամեակին նուիրուած սոյն համերգով կը ներկայանայ երաժշտասէր հանրութեան։ Հանրածանօթ մաէսթրօն իր երաժշտական վաստակով արժանացած է բազմաթիւ գնահատականներու եւ զանոնք կը կրէ իր կուրծքին վրայ։ Մեծատաղանդ երաժշտագէտը կը շարունակէ մնալ իր երաժշտական գործունէութեան պատնէշին վրայ, հպարտութիւն առթելով մեր ժողովուրդին։ Մաէսթրօ Յովհաննէս Չէքիճ օտար անուն մը չէ իսթանպուլահայ համայնքին համար։ Ան մեր քաղաքացին է։ Հին սերունդի պատկանող անձեր կը վկայեն իր երաժշտական գործունէութեան, մանաւանդ երգչախմբային աշխատութեանց մասին։ Հոգեւոր ուրախութեամբ կ՚ողջունենք մեծանուն երաժշտագէտը, իր ծննդեան 90-ամեակին առթիւ ու իրեն կը մաղթենք քաջառողջ կեանք։
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռէն երաժշտասէր հասարակութեան կ՚առաքենք մեր ողջոյնները։ Վստահ ենք, թէ հանդիսատեսներ պիտի խանդավառուին սոյն համերգով։
Ողջ լերուք ի խնամս Տեառն։ Հայրական սիրով եւ օրհնութեամբ,
Գարեգին Արքեպիսկոպոս
Պէքճեան Պատրիարքական
Տեղապահ
Ուղերձներէն ետք ցուցադրուեցաւ յատկապէս պատրաստուած տեսաերիզ մը, որ կը պատկերացնէր Յովհաննէս Չէքիճեանի կեանքն ու գործունէութիւնը։
Ապա բեմը յանձնուեցաւ Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբին, որ սարքեց խնամեալ համերգ մը, խմբավարութեամբ Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Լուսի Գահվէճիօղլուի։
Յայտագիրը կը բաղկանար հայ եւ օտար յօրինողներու տասն եւ հինգ ստեղծագործութիւններէն։ Մեներգեցին Յովսէփ Գույումճեան, Լուսի Գահվէճիօղլու, Գրիգոր Թէրզեան, Ալիս Շահինօղլու, Անէթ Մէհթէրեան։ Համերգը աւարտին հասաւ «Երեւան-Էրէբունի»ով։
Արամ Խաչատուրեանի անուան մեծ սրահը լեցնող ժողովուրդը երկար ատեն յոտնկայս ծափահարեց երգչախումբի սոյն համերգը։
Յայտագրի աւարտին արտայայտուեցաւ Սփիւռքի փոխնախարարը եւ հաղորդեց Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի ու գնահատական խօսքերը, ապա այս առթիւ, յանուն նախարարի կատարեց պարգեւատրումներ։ Այսպէս՝ Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբին՝ պատուոյ մետայլ, բազմամեայ երգեհոնահարուհի Լուսի Քահվէճիօղլուին՝ Կոմիտասի անուան շքանշան, խմբավար Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանին՝ գնահատագիր, իսկ մեներգիչներուն՝ պատուոյ գիր։
Ս. Պատարագ
Առիթ համարելով Հայաստան այցելութիւնը, Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբը 3 Սեպտեմբեր 2017, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին մասնակցեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ եւ կատարեց երգեցողութիւնները։ Ս. Պատարագը մատոյց Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ներկայ էին բազմաթիւ միաբան հայրեր։
Ի ժամ Ս. Պատարագի, Հայր Սուրբը նախ յայտնեց իր եւ Երգչախումբի անդամներուն ուրախութիւնը այս ուխտի պատարագի եւ իրենց մասնակցութեան առթիւ։ Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Վեհափառ Հայրապետի հայրական հոգածութեան համար։ Ան ապա քարոզեց «Դուք տուէք անոնց ուտելիքը» (Մարկոս Զ.37) բնաբանով։
Հայր Սուրբը քարոզին մէջ շեշտեց Քրիստոսի խօսքը լսելու, այդ խօսքին սպասաւորը ըլլալու եւ Քրիստոսի հետեւելու կարեւորութիւնը։
Տաճարը լեցուն էր տեղացի, այցելու, ինչպէս նաեւ Իսթանպուլէ եկած հաւատացեալներով։
Սիրոյ Սեղան
Յաւարտ Ս. Պատարագի, երգչախումբի անդամներ եւ հիւրեր հիւրասիրուեցան վանքի սեղանատան մէջ սիրոյ սեղանով մը։
Հրաժեշտ
Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներ նոյն գիշեր վերադարձան Իսթանպուլ, ուր հասան լուսաբացին։
Այսպիսով վերջաւորութեան հասաւ Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի դէպի Հայաստան կատարած կարճ, սակայն տպաւորիչ ճամբորդութիւնը, աւելցնելով նոր օղակ մը իր յաջողութեանց շղթային եւ անդամներուն վրայ թողելով հայաստանեան մշակութային ու հոգեւոր տպաւորութիւններ։