Վիպականացած գողը
Կը յիշէ՞ք «աւազակ»-ը, ան, որ գող էր եւ ճամբու յելուզակ, աւարառու էր եւ հէն, հրոսակ էր եւ ասպատակող, կողոպտիչ էր եւ թալանող… Ան, որ նաեւ հայոց լեզուին շնորհած էր ափ մը բարդ բառ եւ արտայայտութիւն՝ անտառներու, քարայրներու մէջ իր ամբարած հարստութենէն համեստ բաժին մը։ Այո, այդ աւազակը, զարմացնելով բոլորս, զայրացնելով նաեւ, գրական աշխարհի մէջ վերելք ունեցաւ, հերոսացաւ եւ վիպականացաւ։ Այդ ծպտեալը, (բառին ստուգաբանութիւնը մինչեւ այսօր կը մնայ քօղարկուած) որ խորհրդաւոր էութիւն էր, ինչպէս «աւազակ» բառը, յանկարծ յայտնուեցաւ մեր մեծագոյն վէպերու եւ պատմուածքներու մէջ եւ յաջողեցաւ մեծապատիւ, «գրագէտ» տիպար մը դառնալ։ Այսօր կը զրուցենք խորհրդաւոր աւազակներու եւ «աւազակ» բառի խորհուրդներու մասին։
«Աւազակ» բառի եւ տիպարի վիպականացումը, կարելի է վերագրել հայկական գրականութեան գեղապաշտ շրջանին, յատկապէս պատմական վէպերու մեծագոյն երկու հեղինակներ՝ Ծերենցին եւ Ռաֆֆիին։
Նախ ճամբորդենք 1881 թուականի Պոլիսը։ Հոն լոյս տեսած է Ծերենցի «Թէոդորոս Ռշտունի» պատմավէպը։ Հեղինակը հոն բազմաթիւ անգամներ տեղ տուած է Միջագետքի աւազակներուն։ Բայց աւելի կարեւորը ան կը փիլիսոփայէ անոնց կենցաղի մասին. «Աւազներու որդի աւազակ կը ծնինք, եւ աւազակ կ՚ապրինք եւ աւազակի պէս կը մեռնինք»։
Բայց, 1882-83-ին, Թիֆլիսի «Մշակ» թերթի էջերէն ներս լոյս տեսած «Խաչագողի Յիշատակարանը» վէպին մէջ է, որ բառս վայելած է մեծագոյն ընդունելութիւնը։ Ան ո՛չ թէ միայն յաջողած է 81 անգամ յայտնուիլ, բայց նաեւ արժանացած է բազմաթիւ շողշողուն կոչումներու։ Ռաֆֆիի խօսքով. «… Այդ անունը՝ աւազակապետ, ամենեւին սազ չէր գալիս նրան, նրա մէջ կային շատ գեղեցիկ յատկութիւններ… մեծահոգի ու բարի էր որպէս մի ազնիւ հերոս։ … Աւազակապետը անկիրթ եւս չէր. նրա բաւական մշակուած լեզուն եւ առողջ դատողութիւնները ցոյց էին տալիս, թէ ինքը գրագէտ ոմն էր»։ Աւելին՝ յարգելի ընթերցող, կրնա՞ք հաւատալ, թէ հեղինակը զայն դիտած է որպէս արդարամիտ եւ աղքատախնամ Ռոպին Հուտ մը. «Նա … թշուառականների ամբողջ հասարակութեան վրայ նայում էր խորին ցաւակցութեամբ։ Այդ պատճառով բոլորը յարգում էին նրան»։
20-րդ դարու սեմին, «աւազակ»-ը առաջին անգամ արժանացաւ գիրքի անուն դառնալու։ Այո, սա պատահեցաւ 1905 թուականին, Էջմիածնի մէջ, Մայր Աթոռի տպարանէն ներս։ Բանահաւաք եւ ազգագրագէտ Սարգիս Հայկունին, իր ծննդավայր Տրապիզոնի կեանքէ առնուած 95 էջնոց պատմական ուսումնասիրութիւն մը լոյս ընծայեց հետեւեալ խորագիրով. «Յուսէփցի ազգատոհմ եւ տարօրինակ աւազակ Աբրիեօմ Տրապիզոնի հայ գիւղերու մէջ 1795-1840»։ Ըստ հեղինակի, Տրապիզոնի եւ շրջակայ բնակավայրերու հայութիւնը «հաճութեամբ եւ տհաճութեամբ» պատմեր է այդ աւազակի արկածախնդրութիւնները։
Հայկական գրականութեան մէջ ո՛չ ամէն հեղինակ նոյն աչքով դիտած է կողոպտիչները։ Յովհաննէս Թումանեանը, օրինակ, ատած է յատկապէս 1405 թուականին արեւելքէն եկածը։ Բանաստեղծը «մեծ աւազակ»-ը նկարագրած է հետեւեալ ձեւով.
«Լենկթիմուրն եկաւ, հուրն ու սուրն եկաւ,
Անօրէնն եկաւ, եկա՜ւ ու եկա՜ւ.
Հաւաքեց, կիտեց մեր ազգը հայոց,
Փաթաթեց, պատեց, ինչպէս վիշապ-օձ»։ («Աղաւնու Վանքը», 1912)
Այժմ, յարգելի ընթերցողներ, դուք ձեզ պահ մը, ճամբու մէջ աւազակի հանդիպող հարսնացու հայուհիի տեղ դրէք։ Ի՛նչ ահռելի զգացում։ Ասիկա է, որ 1882 թուականին պատահեցաւ Աննա Սարգիսովնային, երբ իր պսակադրութեան օրը, եկեղեցի ուղղուած կառքերուն առջեւ յայտնուեցաւ հեծեալներու խումբ մը, գլխաւորութեամբ՝ Ղրիմի ամենայայտնի աւազակ Ալիմ Այտամաքի։ Կը պարզուի, թէ անոնց նպատակը կողոպուտ չէր. աւազակապետը ուզեր էր Աննային հետ ամուսնանալ։ Հարցը կը լուծուի, Աննան կը հասնի եկեղեցի ու կ՚ամուսնանայ… Յովհաննէս Այվազովսքիի հետ։
20-րդ դարուն, աւազակը կարծես դարձաւ մեր ընկերային խճանկարի մէկ բաժինը։ Հայրենի նկարիչ, մայրաքաղաքի Ֆիրդուս փողոցի մէջ ծնած-մեծցած Յաղթանակ Շահումեանը երանութեամբ կը յիշէ թաղամասի այն հին օրերը, երբ գոյութիւն ունէր իւրայատուկ միջավայր։ Նկարիչի խօսքով. «Բազմատեսակ մարդիկ կային տարբեր շերտերի. հին պոլշեւիկ, ՔԿՊ-ի՝ միլիցիայի աշխատող, գող-աւազակ...։ Բայց էդենց (այնպիսի) միջավայր կար, կարծէք, թէ բոլորը իրար հարազատ լինէին»։
Վիպագիրներու եւ նկարիչներու պատկերացուցած «աւազակ»-ի տիպարէն շատ հեռու է միջնադարու հայ մտածող, օրէնսդիր, հոգեւորական եւ առակագիր Մխիթար Գօշի «աւազակ»-ը։ «Քահանան Եւ Աւազակը» առակին մէջ Մխիթար Գօշը կը թելադրէ, թէ ինչպէս պէտք է վերաբերիլ վերջիններուն հետ։ -Աւազակը, բռնելով քահանայի, կ՚ուզէր անոր սպաննել։ Քահանայի վրայ կ՚իջնէ հզօրութեան ոգի։ Ան կը յաղթէ աւազակին ու կը սկսի հարկ եղած ձեւով տանջել անոր։ Աւազակը կ՚աղաչէ.
- Չէ՞, որ դուն քահանայ ես եւ միշտ կ՚ըսես՝ «խաղաղութիւն ընդ ամենեսեան» եւ ասոր նման այլ բաներ։
- Ո՜վ չարագործ, կը պատասխանէ քահանան, ես խաղաղութիւնը անվտանգ պահելու համար կը տանջեմ քեզ։ -Վերջաւորութեան յայտնի կը դառնայ Գօշ եռամեծար վարդապետի պատգամը. -Հարկ է կռուիլ խաղաղութիւնը անվտանգ պահելու համար։
Բոլոր աւազակները թող մնան վէպերու մէջ եւ հեռու՝ ձեզմէ։