Բառ մը, որ չորս ուղղութիւններով ներթափանցեցաւ մեր լեզուին
Աւազակ։ Բոլորիս ծանօթ որպէս նաեւ «ճամբու յելուզակ, գող, կողոպտիչ, աւարառու, հուղկահար, հէն, թալանող, հրոսակ, ասպատակող, սպանող ուղեւորած… »։ Հոմանիշներու հարստութի՞ւն մը նկատեցիք։ Զարմանալի չէ։ Աւազակը կը սիրէ հարստութիւն. ուրիշներու հարստութիւնը։ Բայց կարելի՞ է հաւատալ, թէ ան կրնար ըլլալ նաեւ արդարադատ իմաստասէր մը՝ «մեծահոգի», «բարի», «ազնիւ»։ (Վերջին որակումները, ո՛չ, «Հոմանիշ բառերու բառարան»-է մը չենք առած։ Անոնք կը պատկանին վիպագիր Ռաֆֆիին։ Յաջորդ թիւին մէջ դուք կը զարմանաք, թէ ո՛ր աւազակը արժանացած է այդ պատուաբեր ածականներուն եւ ինչո՛ւ)։
Այսօր միայն զրուցենք «աւազակ» բառի մասին եւ ստուգենք, թէ ուրկէ՛ եկաւ այդ բառը, -մանաւանդ երբ հայաստանեան մամուլի մէջ «աւազակ»-ի գործածութեան սաստկացող յաճախականութիւն մը կայ։ Կ՚ուզենք ձեզի հետ բաժնեկցիլ քանի որ խորագիր. «Կառավարութեան անդամները գող եւ աւազակ են», «Վարչապետ չէ, աւազակապետ է», «Սա գող-աւազակ ապօրինի գաղթականները», «Ոստիկանն էլ է աւազակ»…։
Գիտենք, թէ միջազգային աւազակներու համար գրաւիչ երկիր եղած է Հայաստանը։ Անոնք եկած են արեւելքէն եւ հարաւէն, երբեմն ալ՝ հիւսիսէն եւ արեւմուտքէն։ Այժմ փորձենք յայտնաբերել, թէ, ուրկէ՛ եւ ե՛րբ եկաւ «աւազակ» բառը ու տեղ գրաւեց մեր լեզուին մէջ, մեր գրականութենէն ներս։ «Փորձել» ըսինք, որովհետեւ ինչպէս աւազակ մը, կամ քառասուն հեծեալներու աւազակախումբ, ծածկած կ՚ըլլայ իր դէմքն ու ինքնութիւնը, նոյնպէս ալ բառին ստուգաբանութիւնը մինչեւ այսօր կը մնայ քօղարկուած։
Թէ՛ հայ, եւ թէ՝ օտար լեզուաբաններ առաջարկած են բազմաթիւ ծագումնաբանութիւններ։ Առաջինը. ըստ «Նոր բառգիրք հայկազեան լեզուի» աշխատասիրութեան (1836-37, Վենետիկ), որ մխիթարեան երեք վարդապետներու յիսուն տարուայ աշխատանքով պատրաստուած է, բառը եկած է «աւազ» կամ «վազել» արմատներէն։ Հետեւեալն է մեկնաբանութիւնը. «Հէն աւազուտ վայրաց կամ ի վերայ վազող»։ Ըստ աւստրիացի լեզուաբան եւ հայագէտ Ֆ. Միւլլէրի (1834-1898) մէկ աշխատասիրութեան, լոյս տեսած՝ 1929-ին Վիեննայի համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքի պարբերականի մէջ, բառը եկած է հարաւ-արեւելքէն՝ պահլաւերէն «պաչակ» կամ պարսկերէն «պազա» բառերէն, որոնք կը նշանակեն «մեղք, յանցանք»։ Իսկ ըստ վրացի արեւելագէտ, հայագէտ, լեզուաբան եւ հնագէտ Նիկողայոս Մառի, այո, ա՛ն, որ Անիի պեղումներով յայտնի է, «աւազակ» բառը եկած է հիւսիսէն՝ Սեւ Ծովու արեւելեան ափերու բնակիչ, սովետական շրջանին Վրաստանի քաղաքացի, այժմ անկախութիւն հռչակած, ինքնավար «ափխազ» ազգի անունէն։ Կայ նաեւ աւելի նոր մեկնաբանութիւն մը, որ կը պատկանի իրանագէտ, բանասէր, Երեւանի պետական համալսարանի իրանւագիտութեան բաժնի վարիչ եւ իրանագիտութեան կովկասեան կեդրոնի տնօրէն Գառնիկ Ասատրեանին։ Ըստ անոր, բառը հաւանաբար ունի միջին պարսկերէն ծագում եւ սեռած է «ուազ» (waz) բայէն, որ կը նշանակէ «տանիլ, փոխադրել»։ Ապա բառը ստացեր է «ա» նախամասնիկը եւ «ակ» վերջածանցը ու դարձեր է ԱՒԱԶԱԿ։ Որպէս արկածախնդիր բառ, ան սիրած է օտար երկիրներ սպրդիլ, ձիու վրայ եւ կէս գիշերին անկասկած, ու յայտնուած է նաեւ դրացի ժողովուրդներու լեզուներու մէջ։ Այսպէս՝ հայկական «աւազակ»-ի փոխառութիւններ են վրացերէն, մեգրելերէն «աւազակի» եւ ուտիերէն «աբազակ» բառերը։
Անկախ իր ծագումնաբանութենէն, «աւազակ» բառը եւ աւազակները միշտ ներկայ եղած են հայկական հողի վրայ, հայկական լեզուի մէջ։ Սկսինք յիշել պատմական օրինակներ։ Աստուածաշունչի մէջ կայ եօթը «աւազակ» եւ մէկ «աւազակապետ»։ Գործողութիւններու առատ դաշտ գտնելով հայերէնի մէջ, 5-րդ դարէն սկսեալ որոշ զարգացում ցոյց տուած է ան ու բարդ եւ ածանց բառերու հարստութիւն մը դիզած է մեր բառարաններէն ներս։ Քանի որ անոր շառաւիղները այնքան շատ չեն, որքան, օրինակի համար, «միտք» կամ «շունչ» բառերու բարդութիւնները, ուստի կարելի է բոլոր «աւազակ»-ները հոս յիշել. աւազակաբար, աւազակաբարոյ, աւազակաբնակ, աւազակաբոյն, աւազակախաղ, աւազակախողխող, աւազակակուր, աւազակամիտ, աւազակային, աւազականոց, աւազակապէս, աւազակասպան, աւազակավարի, աւազակատիպ, աւազակարան, աւազակել, աւազակութիւն, աւազակակուռ, աւազակուտ, աւազակօրէն։ Աւազակ մը անշուշտ առանձինն պիտի չհամարձակէր ուղտերու երկար կարաւան կը ահաբեկել ու վերոյիշեալ բառացանկի վրայ պէտք եղաւ աւելցնել նոր բառ մը. «աւազակախումբ»։ Իսկ ո՞վ պիտի առաջնորդէր քառասուն արծաթամոլ, ընչաքաղց եւ խոժոռադէմ աւազակներու խումբ մը։ Այո, պէտք էր բառ մը եւս. «աւազակապետ»։ Վերջապէս, ո՞վ ըսաւ, որ ասիական անապատներով եւ կովկասեան լեռներով սահմանուած պէտք էր մնար աւազակի աւարառութիւնները։ Օր մը ան ձեռք բերաւ «աւազականաւ» եւ ունեցաւ Սեւ ծովն ու Միջերկրականը, Պարսից ծոցն ու Հնդկական ովկիանոսը ահաբեկելու ախորժաբեր հնարաւորութիւնը։ Բայց, դուք կը կարծէ՞ք, թէ եղած է արշաւանք, որմէ աւազակները վերադարձած են ձեռնունայն։ Ըստ հայկական յայտնի առածի՝ այո. «Քառասուն աւազակ մէկ տկլորի չեն կարողացած կողոպտել», կամ ինչպէս մեր նախնիները ըսեր են, «Մերկ մարդ յաւազակաց ոչ երկնչի»։
Գալ շաբաթ դուք կը ծանօթանաք վիպականացած տրապիզոնցի աւազակի մը, «իմաստասէր, բարեսիրտ եւ ուսեալ» աւազակապետի մը, որուն հիացում ունէր վիպագիր Ռաֆֆին, երեւանեան թաղամասի մը, որուն բնակիչներու խճանկարին մաս կը կազմէին յարգարժան աւազակներ, ինչպէս նաեւ Ղրիմի տափաստանները ասպատակող հեծեալ աւազակապետի մը, որ Յովհաննէս Այվազովսկիին հարս եկող գեղեցկուհիին ճամբան կտրեց։ Մինչեւ այն ժամանակ, ձեր ճամբան մնայ բաց եւ ապահով։