Հօրս շուքին տակ ուխտագնացութիւն դէպի Սասուն

ՍԻԼՎԱ ԱՐՍԼԱՆ ՏԵՄԻՐՃԻ

Տարիներ շարունակ իր հօրմէ՝ Սատըք Արսլանէն լսած էր Սասնայ պատմութիւնը։ Հօրը մահէն երկու տարի անց ընկերոջ Պեսսէ Քապաքի եւ Պեհճեթ Չիֆթչիի հետ միասին ուխտագնացութիւն մը կատարեց դէպի հօրենական երկիր։ Աւերակի վերածուած եկեղեցիներուն, գերեզմաններուն, տուներուն մէջէն անցնելով անցեալի հետքերը որոնեց եւ տպաւորութիւնները բաժնեց «Ակօս»ի ընթերցողներուն հետ։

Երիտասարդ աղջիկներու հերոսն է հայրիկը։ Վստահութեան աղբիւր է, ամուսնութեան տարիքին որ հասնի իր դիմաց ելլողին մէջ փնտռելիք յատկութիւններու ամբողջութիւնն է հայրիկը։

Շատ երկար տարիներ անցած էին հօրս Սասնայ Լեռներու լանջին գտնուող գիւղը լքելով քաղաք հաստատուելուն վրայէն։ Ապրուստի հոգը, նոր վայրի մը մէջ արմատ թողելու մարմաջը բաւական տանջած էին զինք, բայց վերջապէս յաջողած էր։ Կամ գոնէ ես այդպէս կը կարծէի։

Որքան ալ դաժանութիւններ ապրած ըլլայ, երբեք չհրաժարեցաւ այդ հողերէն։ Սասունը, Սասնայ Լեռները Նաթոփանի ապրումները լաւ կամ վատ յիշատակները շատ լսած եմ։ Բարեկամներ երբ մէկտեղուին միշտ անցեալէն, հիներէն կը խօսէին։ Քանի կը լսէի հետաքրքրութիւնս կ՚աւելնար։ Քանի մը անգամ ինծի ալ տանիլը առաջարկեցի։ Բայց ան չլսել ձեւացուց։ Արդէն երբ իրեն խորդ եղող բան մը ըսուի ձեռքովը ականջը կը փակէր եւ «չեմ լսեր» կ՚ըսէր։ Վերջին անգամ տասը տարի առաջ գացած էր իր գիւղը։ Չէի կրցած համոզել, զիս չէր տարած։ Անցեալէն փոխանցուած վախեր ունէր։ Բացէ ի բաց չէր ըսեր թէեւ, բայց ես գիտէի։ Շատ ցաւեր ապրուած էին այդ ճամբաներու վրայ։ Յատկապէս ալ կիներուն։

Երկու տարի առաջ կորսնցուցի հայրս։ Բացակայութիւնը մեծ պարապութիւն մը յառաջացուց իմ մօտ։ Այն մեծ սօսիի ծառը, որու շուքին կ՚ապաւինէինք, չկար այլեւս։

Մայրս այս տարի Մարութա Սար Բարձր Աստուածածին եկեղեցին ուխտի երթալ ուզեց ու ես կրկին յուսադրուեցայ։ Մեծ յուզումով լծուեցայ պատրաստութիւններու։ Եկուր տես որ մօրս առողջութիւնը արգելք եղաւ այս անգամ։ Հրաժարեցաւ իր ուխտեն, բայց ես այլեւս որոշած էի։ Հեռաձայնեցի ընկերոջս եւ զինք համոզեցի միասին երթալու համար։

Հայրս մեղրով յիշեցի

Առաւօտուայ կանուխ ժամերուն ուխտի ընկերուհիս Պեսսէ Քապաքի հետ կ՚իջնենք Պաթմանի օդակայանը։ Պաթմանի մէջ Սասունի շրջագայութիւններու անփոխարինելի անունն է Պեհչեթ Չիֆթչի։ Ինք ալ կը մասնակցի մեզի ու կը մեկնինք դէպի Քոզլուք։ Որքան շատ լսած եմ այս անունը հօրմէս։ Պահ մը իր պատկերը կը կենդանանայ աչքերուս առջեւ։

Նախքան լեռնային գիւղեր բարձրանալ կ՚այցելենք Հազրոյի Բերդը։ Թէեւ հին փառաւոր տեսքը կորսնցուցած է, բայց կը պահէ, յամառօրէն կը պահէ պատմութեան մէջ իր տեղը։ Աստիճանները մագլցելով կը հասնինք բերդ, ուր մեր առջեւ կը պարզուի Սասնայ Լեռներուն հոյակապ պատկերը։ Քամին կը լիզէ այտերս ու ես անգամ մը եւս կը ողջագուրուիմ հօրս հետ։

Ծանրութիւնները թողելու համար մեր ընտանեկան բարեկամ Միրզա Աղբօր Խրպաք գիւղը կ՚երթանք։ Տնեցիները կը շրջապատեն մեզ։ Տան երիցագոյնն է մեծ մայրիկը, որ հօրս փաթթուած ըլլալու նման կը գրկէ զիս։ Հիւրասիրութեան ջերմութիւնը կը զգամ։ 40 տարուայ բարեկամներու նման ենք այդ պահուն։ Ափսէի մէջ թէյ կը մատուցեն եւ անշուշտ Սասնայ մեղրը։ Հայրս թէ շատ կը սիրէր մեղրը եւ թէ լաւ կը հասկնար։ Ես որ մեղր սիրողը չեմ, մատուցուած մեղրը կը համտեսեմ զինք յիշելով։ Սակայն անոր երկրին մէջ իր բացակայութեան կերած մեղրս կը դառնանայ։ Զրոյցը կը շարունակուի Միրզա եղբօր մօր եւ հօրս բարեկամութեան շուրջ։ Կը փառաբանեն հօրս բարութիւնը։ Միշտ պատիւ զգացի իր դուստրը ըլլալով։ Այսօր այս հեռաւոր գիւղին մէջ լսածներովս ալ աւելի կը հպարտանամ։

Աղօթք Շամամ Խաթունին

Ծանրաբեռնուած ծրագիր ունինք։ Կը շտապենք դէպի գիւղեր։ Մայրս պատուիրած էր Շամամ Խաթուն այցելել։ Ուրեմն նախ Կող գիւղը։ Շամամ Խաթուն ըսուածը մէջտեղը հազիւ մանուկի մը անցնելու չափ ծակ ունեցող ժայռաբեկոր մըն է։ Մարդիկ հոս կու գան դարմանումի, յատկապէս ալ ծննդաբերելու ակնկալութեամբ։ Ես ամուսնացած եմ, զաւակ ալ ունիմ, բայց կը յարգեմ մօրս պատուէրը, կ՚աղօթեմ ու կը ոստոստեմ քարին վրայէն։ Շամամ Խաթունի մօտակայքը խոնարհած եկեղեցիի մը աւերակները կան։ Ճամբան կը հանդիպինք մարդու հասակով տափակ շիրմաքարերու։ Որոշած ենք անոնց մօտ աղօթել։ Ափսոսանքով կը տեսնենք որ Պոլիսէն մեզ հետ բերած մոմերը մոռցած ենք ճամպրուկներու մէջ։ Յանկարծ կը յիշեմ, Պեսսէի քերուկինը իր ձեռքով պատրաստած մեղրամոմերը դրած էր շալակի պայուսակիս։ Լսելով Մարութա Սար մեր ուխտագնացութեան մասին իր, թոռներուն եւ Պեսսէին համար մոմի ծրարներ պատրաստած էր։ Պեսսէն կ՚ըսէ թէ անոնց մէկ մասը այստեղ կրնանք վառել։ Միասնաբար կ՚աղօթենք մեր կորցրածներու յիշատակին համար։ Կը դիտենք մոմերու ծուխին դէպի երկինք բարձրանալը։

Ծառերու ընդմէջէն սարն ի վար հոսող Նապուխին հասած ենք։ Արեւուն տակ խորովուած երեսս կը լուամ սառը ջուրով։ Կրկին հայրս կը մտաբերեմ։ Ան ալ զովացած է այս ջուրով։ Միրզա աղբար կը պատմէ թէ մերոնք ոչխարները լուալու համար հոս կու գային։ Ուրեմն մօտեցած ենք մերոնց հողերուն։ Սիրտս աւելի արագ կը տրոփէ։

Նաթոփան՝ մեծ հայրերուս ապրած, հօրս կեանք գտած, յետայսու ալ ինձ հետ ապրելիք լեռնային գիւղը։ Ինքնաշարժի ճամբուն կրիայ մը կը յայտնուի։ Կ՚իջնեմ, խնամքով ճամբու եզրին կը թողում ու ապա կը շարունակենք մեր երթը։

Հօրս տնկած կաղամախիներ

Գիւղի մուտքին հինգ կաղամախիներ կան կողք կողքի շարուած։ Տեղացիները ով ըլլալս իմանալէ ետք կ՚ըսեն թէ այս ծառերը հայրս տնկած է։ Զարմանալի բան ինք բնաւ չէր խօսած այս մասին։ Հպարտութիւնը ու թախիծը նոյն պահուն կը զգամ։ Գիւղի միակ կենդանութիւնը, միակ կեանքի նշոյլը հօրս տնկած այս ծառերն են։ Ապացոյցն են հօրս ապագայի մէջ ալ գոյատեւելուն։ Որդիներուս՝ Ներսէսին ու Դաւիթին այս ծառերը պիտի բացատրեմ իբրեւ ուղեցոյց։ Վայրի խոտեր պատած են չորս դին։ Խանիխորը, այդ միշտ լսած առուակը ցամքած է։

Աւերակներ

Հեռուէն կը նշմարեմ տուները։ Աւերակ են։ Փշախոտեր կը ժայտքի մէջէն։ Արտի եզրի առաջին տունը հօրս տունն է։ Եթէ չգաղթէին ես ալ հոս պիտի ծնէի։ Կը շոյեմ փլած պատերու քարերը։ Հօրս կուզը հիմա իմ կրնակին է։ Անցեալի բեռը տանելու համար քարի մը վրայ կը նստիմ, կը տարուիմ խորհուրդներու։ Կենճօ եւ Շեպօհօրեղբայրներուս գառներու պատճառաւ կռիւը կը յիշեմ։ Օդը կը շնչեմ ու Փերիհան հօրքուրիս թոնրի հացի բուրմունքը, հօրս վառած ցախին հօտը, կաթսայի մէջ եռացող կաթի բուրմունքը կը բերէ քամին։

Անցեալին եօթը տան մէջ 70 շունչ էին։ Այսօր ոչ մէկ բան մնացած է։

Հայոց գերեզմանատան դժբախտութիւնը

Միրզա աղբար կ՚արառկէ, «մ՛երթար» կ՚ըսէ։ Ես կը յամառիմ, մինչեւ հոս գալով ինչպէս չեմ այցելեր մերոնց շիրիմները։ Շուտով կը պարզուի իր մտավախութիւնը։ Սրբապղծուած գերեզմանը տեսնելս չէ ուզած։ Հայոց գերեզմաններուն սովորական դժբախտութիւնն է։ Գանձափորներ եկած ու ոսկի փնտռած են։ Կը դժուարանամ մեծ մօրս շիրիմը գտնելու։ Վերջապէս կ՚որոշենք այս հողերու վրայ յաւիտենական գունի մտած բոլորին համար մոմեր վառելու աղօթելու։Արեւը կամաց կամաց մարը կը մտնէ ու իմ մէջ թախիծը կը մեծնայ։

Հրաժեշտի պահն է։ Հետզհետէ ազատուած եմ թախիծէն, թեթեւացած ու հանդարտած։

Ցարդ լսածներս հիմա աւելի կենդանութիւն կը ստանան աչքերուս առջեւ։ Բայց աւելի կարեւորը կը զգամ որ անցեալի հետքերով կատարած այցելութիւնս կը ձեւաւորէ նաեւ ապագան։ Կը զանգահարեմ տուն։ Ութամեայ որդիս նախ կ՚ըսէ թէ կարօտցած է զիս ու ապա կը հարցնէ. «մամա, ինծի ալ կը տանի՞ս տետէին գիւղը»։ Աւետիս մըն է այս հարցումը, աւետիս մը որ կը զգուշացնէ յաջորդ այցելութեան պատրաստուելու մասին։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ