Նամակ՝ Էօզլեմ Տալքըրանէն

Ծանօթ գործիչ եւ թարգմա­նիչ Էօզ­լեմ Տալ­քը­րան 5 Յու­լի­սին Մեծ Կղզիի մէջ «Մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան­նե­րուն պաշտպա­նու­մը» խո­րագ­րեալ ժո­ղովի ըն­թացքին ձեր­բա­կալուած էր հինգ մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան­նե­րու հետ միասին։ 18 Յու­լի­սին «կազ­մա­կեր­պութեան ան­դամ չըլ­լա­լով հան­դերձ, կազ­մա­կեր­պութեան հաշ­ւոյն յան­ցա­գոր­ծութեան» մե­ղադ­րանքով ձեր­բա­կալուեցաւ եւ ղրկուեցաւ Սի­լիվ­րիի բան­տը։ Տալ­քը­րան նա­մակ մը ու­ղարկեց «Ակօս»ի ըն­թերցող­նե­րուն, որ կը հրա­տարա­կենք ստո­րեւ։

«Բեր­ման են­թարկուած առա­ջին օրէն սկսեալ, թէ երկրէ ներս եւ թէ ար­տա­սահ­մա­նէն ցու­ցա­բերուած զօ­րակ­ցութեան շնոր­հիւ կը պա­հենք մեր ու­ժը, գոր­ծադրուած անի­րաւու­թեան դէմ։ Ար­դէն եր­բեք չէինք կորսնցու­ցած մեր գոր­ծին հան­դէպ հա­ւատ­քը։ Սա­կայն այս զօ­րակ­ցութիւ­նը ալ աւե­լի կը գօ­տեպնդէ մեզ։ Իմ մատ­նուած այս ան­ճոռնի դրու­թիւնը ո՛չ ար­դա­րու­թեան պայ­քարէն ետ կը թո­ղու զիս եւ ո՛չ ալ կաս­կած մը իսկ կրնայ գո­յաց­նել։ Ինչպէս կ՚ըսէր Իլ­հան Սել­չուք՝ ամէն ոք ինքզինք է որ կը քան­դա­կէ։ Ես ալ իմ քան­դա­կին կարգ մը ման­րա­մաս­նութիւննե­րը այսպէս պի­տի փո­րագ­րեմ եղեր…

Հրան­դի Ըն­կերնե­րը՝

Շատ կա­րօտ­ցած եմ ձե­զի հետ ու­նե­ցած բա­նավէ­ճերը, նա­խաճա­շի սե­ղան­նե­րը կամ Չաղ­լա­յանի ար­գե­լանո­ցին առ­ջեւ մէկ­տե­ղումնե­րը։ Գիտ­ցէք որ բան­տէն դուրս ել­լա­լով իս­կոյն ձեր կողքն եմ։ Առա­ջին օրէն ըսի, դար­ձեալ կրկնեմ՝ ինչ լաւ է որ դուք կաք, ինչ լաւ է որ միասին կը պայ­քա­րինք ար­դա­րու­թեան հա­մար, մար­դու իրա­ւունքնե­րուն հա­մար»։

Էօզ­լեմ Տալ­քը­րան

Սի­լիվ­րիի Ար­գե­լանոց


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ