Փայլան կը դատապարտէ ատելութիւնը

Խորհրդա­րանի հա­յազ­գի պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լան մե­ղադ­րե­լով ցե­ղապաշտ գրու­թիւնը դատ կը բա­նայ «Եէնի Շա­ֆաք» թեր­թի սիւ­նա­կագիր Հայ­րետտին Գարա­մա­նի դէմ։ Այս վեր­ջի­նը իր խմբագ­րած յօ­դուա­ծին մէջ որ­պէս խո­րագիր գոր­ծա­ծած էր ատե­լու­թեան պատ­գամ մը՝ «կա­ւու­րէն բա­րեկամ, խո­զէն մուշտակ չըլ­լար» խո­րագի­րով։

Փայ­լան դա­տարա­նին դի­մեց ըսե­լով թէ «կա­ւուր» բա­ռը ինքնին նա­խատինք է եւ ԵՄԻԱ-ի որո­շու­մով ալ ըն­դունուած է որ­պէս ատե­լու­թեան պատ­գամ։ «Ատե­լու­թեան պատ­գամնե­րը Եւ­րո­պայի Նա­խարա­րաց Խոր­հուրդի հաս­տա­տու­մով ան­հանդուրժո­ղակա­նու­թեան հի­ման վրայ կը տա­րածեն թշնա­մու­թիւնը, տե­ղի կու տան ազ­գա­յին, կրօ­նական կամ սե­ռային խտրա­կանու­թեան եւ կրնան պատ­ճառ դառ­նալ այդ բնոյ­թով ֆի­զիկա­կան յար­ձա­կումնե­րուն»։

Կա­րօ Փայ­լան իր բո­ղոքագ­րին մէջ կը թուէ Հրանդ Տին­քի եւ Տրա­պիզո­նի մէջ վար­դա­պետ Սան­թո­րոյի սպա­նու­թիւննե­րը, Մա­լաթիոյ մէջ «Զիր­վէ» հրա­տարակ­չա­տան դէմ կա­տարուած վայ­րագ ոճիր­նե­րը։

Ան կը յի­շէ որ Գա­րամա­նի գրու­թիւնն ալ ուղղա­կի կեր­պով թի­րախ կ՚ընտրէ երկրի քրիս­տո­նեայ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րը։ Նշե­լով այս բո­լորը Կա­րօ Փայ­լան պա­հան­ջեց որ Գա­րաման պատ­ժի են­թարկուի այս գրու­թեան պատ­ճա­ռաւ։

Միւս կող­մէ թեր­թիս նա­խորդ թի­ւին մէջ հա­ղոր­դած էինք Կա­րօ Փայ­լա­նի եւ նոյն կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Պե­տիհա Էօզ­կէօք­չէ Էր­թա­նի ինքնա­շար­ժին Վա­նի մէջ ապօ­րէն կեր­պով խու­զարկուելու լու­րին։ Քա­ղաքա­ցիական տա­րազով կարգ մը ան­ձեր ար­գելք եղած էին պատ­գա­մաւոր­նե­րու ինքնա­շար­ժի եր­թին եւ գե­րազան­ցե­լով իրենց լիազօ­րու­թեան սահ­մաննե­րը ու­զած էին անձնագ­րի ստու­գում կա­տարել։ Կա­րօ Փայ­լան այս մա­սին եւս դի­մեց դա­տարան պա­տահա­ծը հա­մարե­լով երես­փո­խանա­կան ան­ձեռնմխե­լիութեան դէմ կոպիտ խախտում։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ