Արդարութեան համաժողով

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ

uygargultekin@agos.com.tr

Հանրապետական Կուսակցութիւնը Անգարայէն Իսթանպուլ կատարած քայլար­շա­ւէն ետք հի­մա ալ կը պատ­րաստուի Չա­նաք­քա­լէի մէջ ար­դա­րու­թեան հա­մաժո­ղով մը կազ­մա­կեր­պե­լու։ 26-29 Օգոս­տոս թուական­նե­րուն Չա­նաք­քա­լէի մէջ իրա­կանա­նալիք հա­մագու­մա­րին կը նա­խատե­սուի շուրջ տա­սը հա­զար մաս­նակցու­թիւն։ Հա­մաժո­ղովի ըն­թացքին ճշդուած են ար­դա­րու­թեան ու­թը խո­րագիր­ներ։ Այսպէս «Դա­տարա­նի մէջ ար­դա­րու­թիւն», «Պե­տու­թեան մէջ ար­դա­րու­թիւն», «Ընտրու­թեան մէջ ար­դա­րու­թիւն», «Ապ­րուստի ար­դա­րու­թիւն», «Հա­ւատ­քի ար­դա­րու­թիւն», «Ուսման ար­դա­րու­թիւն», «Կեան­քի ար­դա­րու­թիւն», «Մե­տիայի մէջ ար­դա­րու­թիւն»։ Ար­դա­րու­թիւն խո­րագ­րե­րու ներ­քեւ զա­նազան­նե­րու կող­քին ելոյթ պի­տի ու­նե­նան նաեւ «Ակօս»ի հա­յերէն էջե­րու խմբա­գիր Բագ­րատ Էս­դուգեան եւ Յու­նաց Փան­նայյա Եկե­ղեց­ւոյ թա­ղական խոր­հուրդի ատե­նապետ Լա­քի Վին­կաս։ Իսկ «Կրթու­թեան մէջ ար­դա­րու­թիւն» խո­րագ­րեալ ասու­լի­սին ելոյթ պի­տի ու­նե­նայ Պա­քըր­գիւղի Տա­տեան Վար­ժա­րանի հիմ­նա­դիրի ներ­կա­յացու­ցիչ Ար­սէն Ար­շըք։ Հա­մագու­մա­րին հե­տեւե­լու հա­մար դի­մում կա­տարած բազ­մա­թիւ լրա­տուա­միջոց­նե­րու կող­քին գրան­ցում կա­տարած է նաեւ Հա­յաս­տա­նի Պե­տական Հե­ռուստա­կայա­նը։

Կու­սակցու­թեան Իս­թանպու­լի պատ­գա­մաւոր Սե­լինա Տո­ղան նա­խատե­սուած ծրագ­րին հա­մար «Ակօս»ին տուաւ հե­տեւեալ բա­ցատ­րութիւննե­րը. «նա­խորդ տա­րուայ 15 Յու­լի­սին կա­տարուած ան­յա­ջող յե­ղափո­խու­թեան փոր­ձէն ետք եր­կի­րը սկսաւ ղե­կավա­րուիլ ար­տա­կարգ իրա­վիճա­կի դրու­թիւնով։ Սա­կայն ժա­մանա­կի ըն­թացքին ար­տա­կարգ իրա­վիճա­կը վե­րածուեցաւ սո­վորա­կանին։ Մին­չեւ այ­սօր 26 օրէն­քի լիազօր որո­շումներ հրա­պարա­կուե­ցան, որոնց հե­տեւան­քով 108 հա­զար մարդ կորսնցուց իր աշ­խա­տան­քը։ Անոնց մէջ ակա­դեմա­կան­ներ, մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան­ներ եւ երես­փո­խան­ներ։ Իրենց աշ­խա­տու­թեան վե­րատի­րանա­լու հա­մար հա­ցադու­լի դի­մած Նու­րի­յէ եւ Սե­միհ ար­դէն կը գտնուին մա­հուան սպառ­նա­լիքին հետ դէմ­հանդի­ման։ Նոր դրու­թիւնը սկսած է անար­դա­րու­թիւն ար­տադրել։ Ար­դա­րու­թիւնը ամ­բողջ հա­սարա­կու­թեան առա­ջին կար­գի պա­հանջն է։ Բո­լորս կը կա­րօտինք անոր։ Ահա այս հանգրուանին է որ մեր կու­սակցու­թիւնը ձեռ­նարկեց Թուրքիոյ պատ­մութեան կա­րեւո­րագոյն եր­թերէն մէ­կուն։ Կու­սակցու­թեան նա­խագահ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու իր հետ ու­նե­նալով բազ­մա­թիւ կու­սակցա­կան­ներ կամ հա­մակիր­ներ, աւե­լի քան 450 քմ. Ճա­նապարհ ան­ցաւ ար­դա­րու­թեան ձայ­նը լսե­լի դարձնե­լու հա­մար, իսկ այժմ այդ պա­հան­ջը աւե­լի յստակ ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար կը դի­մենք այս հա­մաժո­ղովին։ Հա­մաշ­խարհա­յին չա­փանի­շով զան­գուածա­յին եւ բռնու­թե­նէ զերծ այս տե­սակի մի­ջոցա­ռումնե­րը կը բնո­րոշեն նաեւ քա­ղաքա­կան դաշ­տը։ Հա­սարա­կու­թեան բո­լոր խա­ւերէն ներս մաս­նա­կից­նե­րու առ­կա­յու­թիւնը ապա­հովել կ՚աշ­խա­տինք։ Թուրքիոյ փոք­րա­մաս­նութիւններն ալ իրենց կար­գին ար­դա­րու­թեան պա­հանջներ ու­նին, որոնք եւս իրենց ար­ձա­գան­գը պի­տի գտնեն այս հա­մագու­մա­րի միջոցաւ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ