ՀՍՍՀ կառավարութեան կազմին մէջ մերօրեայ Սփիւռքի Նախարարութեան առաքելութիւնը կը տանէր «Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէ»ն։
Կոմիտէի պաշտօնական պարբերաթերթ «Հայրենիքի Ձայն»ի ենթախորագիրն էր «Փառք քեզ Հայաստան, դու վերածնուած հայրենիք հայոցէ կարգախօսը։ Խորհրդային քարոզչամեքենայի անդամ այդ թերթի գլխաւոր առաքելութիւնն էր Հայաստան երկրի ճարտարագիտական եւ տնտեսական նուաճումները փոխանցել իր ընթերցողներուն։ Անվճար այդ թերթը Սովետական դեսպանատուներուն եւ հիւպատոսարաններուն միջոցաւ կը հասնէր սփիւռքահայութեան։ Իսկ սփիւռքի հայերը ընդհանրապէս այդքան ալ ուշադրութիւն չէին դարձներ «Հայրենիքի Ձայն»ի։ Սփիւռքը առ հասարակ չէր գիտակցած նոյնիսկ Խորհրդային Հայաստանի Հանրապետութեան իսկ գոյութեան։
Ստալինեան վարչութիւնը մերժողական դիրք բռնած էր հայկական սփիւռքի նկատմամբ։ Փոխադարձաբար ՀՅԴ ալ կը մերժէր Հայաստանը, զայն կոչելով ռուսաց կողմէ գրաւուած երկիր։ Դաշնակցականները յաճախ կ՚օգտագործէին «ապազգայինէ ածականը, Հայաստանի հանդէպ։ Երանի թէ ճիշդ ըլլար, երանի թէ Հայաստան յաջողէր ապազգային ըլլալ ու ալ աւելի շռայլօրէն մատուցէր իր ձեռքբերումները համաշխարհային մարդկութեան։ Բայց ոչ, Հայաստան Խորհրդային այլ հանրապետութիւններու հետ մխրճուեցաւ ազգային կոչեալ ախտին մէջ։ Հայաստանի ԿոմԿուսի գործիչները իրենց գաղաբարախօսութենէ աւելի ուշադրութիւն դարձուցին ազգի վերընձիւղման ծրագիրներուն։ Անշուշտ որ յատկապէս ալ Ստալին-Պէրիա երկեակին դաժանութեան տարիներուն մեղսակից բազմաթիւ հայ գործիչներ եղան, որոնց ձեռքով անհամար հայեր Սիպիր աքսորուեցան, Չարենցի նման հսկան գլխատուեցաւ եւ տակաւին ինչ ինչ ողբեր ապրուեցան։
Իսկ իրողութիւնը մնաց անուրանալի ճշմարտութիւն։ Հայաստանի հանրապետութիւնը վերածնուած հայրենիք է հայոց համար։ Պոլիսէն Երզնկայ, Վասպուրականէն Հալէպ, Գահիրէէն Աթէնք, Նովորոսիսկէն Փարիզ կամ Թիֆլիս, Տիգրանակերտէն Մարաշ կամ Սեբաստիա, Կեսարիա բոլորս կրնանք ունենալ մեր ծննդավայրերը։ Այդ քաղաքներու պատմական անցեալը իբրեւ պապենական ժառանգ կրնայ փոխանցուած ըլլալ մեզի, մեր սերունդներուն։ Նոյնիսկ մենք զմեզ կրնանք տեսնել տաճկահայ, ռուսահայ կամ պարսկահայ։ Արեւմտեան Հայաստանը իր լեզուական հնչողութեամբ կրնայ աւելի հարազատ թուիլ մեզմէ իւրաքանչիւրին։ Բայց իրողութիւնը կը մնայ անուրանալի ճշմարտութիւն։ Հայ ժողովուրդը միայն մէկ տուն ունի ուր կայ «Պետական Համալսարան»։ Միայն հոն ունինք մեր մշակութային ժառանգի հզօրագոյն ամրոցը՝ որ կը կոչենք «Մատենադարան»։ Ի Վերջոյ հոն է որ բազում դարերու բացակայութենէն ետք Ի. Դարու տեւողութեամբ երեք անգամ վերակերտեցինք հայոց պետականութիւնը։ Եւ ապագային այդ պետութիւնը ուրիշ որեւէ տեղ վերականգնելու հեռանկար մըն ալ գոյութիւն չունի։
Ուրեմն հիմա հարկ է եղածին արժէքը գնահատել։ Գուրգուրալու ենք այդ թանկագին հարստութեան վրայ։ Մանաւանդ այն պահուն, երբ ան տակաւ կը տկարանայ բնակչութեան նուազումով։
Վերյիշենք Հրանդ Տինքի յորդորը ուր խօսք կ՚ուղղէր սփիւռքահայութեան, ձերբազատուիլ զինք թունաւորող թուրքի արիւնէն, այսինքն թրքատեացութենէն ու սնանիլ նորանկախ Հայաստանի կենսունակ արիւնով։
Հակառակ Հալէպի, Պաղտատի եւ այլ գաղութներու հայ համայնքներու անկման փորձին, կարծես տակաւին հեռու ենք Հրանդի յորդորին գիտակցելու ունակութենէն։
Սթափեցէք եւ ձեր երթը միացուցէք Գէորգ Էմինի բառով ըսենք «Յաւերժի Ճամբորդ»ին։