Թերեւս ալ մեր պատմութեան բնական հետեւանքն է ունենալ զգացական հայրենիք մը, որ աշխարհագրական առումով երբեք մօտիկ չէ եղած։ Եթէ ծնած եմ Պոլիս անշուշտ որ սա իմ նախասիրութեան հետեւանքը չէ։ Ո՛չ իմ, ո՛չ ալ իմ ծնողներուն։ Մենք ինչպէս մեր նման բիւրաւորներ մեր կամքէն անկախ պատահութիւններու բերմամբ յայտնուեցանք աշխարհի գեղեցկագոյն անկիւնը։ Մեր նախորդ բնակիչները այս քաղաքին մէջ գոյացուցած էին հսկայ մշակոյթ մը, որուն անարժանաբար ժառանգորդները ըլլալով կը շարունակենք մեր երթը։
Այս պահուն կ՚ուզեմ անդրադառնալ Ալեքսէյ Հեքիմեանի այնքան մեծ ընդունելութիւն գտած երգին՝
«Ես ոչ անտուն եմ, ոչ էլ տարագիր,
Ունեմ հանգրուան, ունեմ օթեւան։
Ազատ Հայրենիք, երջանիկ երկիր,
Երջանիկ, երջանիկ երկիր»։
Ո՞վ կրնայ ուրանալ որ Աշոտ Գրաշիի այս տողերը ամբողջ ժողովուրդի մը մեծագոյն երազն է։ Որքան ալ հեռու ըլլայ իրականութենէն՝ հայրենիքի, մանաւանդ ալ այս տողերու գրուած տարեթիւը նկատի ունենալով Սովետական Հայաստանի համար բաւական հարցական թուի «ազատ հայրենիք» սահմանումը, մենք սիրեցինք այդ խորհուրդը։ Սիրեցինք՝ որովհետեւ կարօտը ունէինք։ Ինչ որ ըսի վերի տողերուն մէջ մենք պարզապէս պայմաններու բերումով մնացինք Պոլսոյ մէջ։ Իմ երկու մեծ հայրերը լսած պահուն որ Խորհրդային Հայաստանը իր դռները լայն բացած է ներգաղթել ցանկացող հայերու առջեւ, Խորհրդային հիւպատոսարան առաջին դիմողներէն եղան։ Չես գիտեր բարեբախտութիւն, թէ դժբախտութիւն, Թուրքիոյ սահմաններէն ներս չկայացաւ այդ ծրագիրը։ Թուրքիա, որ միշտ ցանկութիւն ունէր հայերէն ձերբազատուելու, այդ տարիներուն բոլորովին տարբեր քաղաքականութիւն մը մշակեց եւ արգելք եղաւ մերոնց ներգաղթին։ Իսկ եթէ ստացուէր արդեօք Սիպիրի ո՞ր գաւառը աքսորուած կ՚ըլլայինք, այդ ալ բոլորովին տարբեր խնդիր։
Սակայն եկէք վերադառնանք մեր բուն նիւթին։ Հայաստանը հայրենի տուն է, բոլոր անոնց համար, որոնք փարած պիտի մնան իրենց տոհմին եւ այդ տոհմին թելադրանքներուն։
Տարիներ առաջ էր Պոլսահայ գրող մը առաջին անգամ այցելելով Հայաստան կ՚ընդվզէր այդ քարքարուտ երկիրը հայրենիք համարողներու դէմ։ «Ուրկէ՞ իմ հայրենիքս պիտի ըլլայ եղեր։ Ես որ Պուրկազ կղզիի զաւակ եմ ի՞նչ կապ կրնամ ունենալ այդ լեռնային երկրի հետ» կը հարցնէր ամենայն մտերմութեամբ։ Դժուար էր հարցումի պատասխանը։ Թերեւս պէտք էր փորձել տրամաբանական սահմաններէն դուրս ելլալ եւ խօսիլ այլ տեսակ սրբութիւններու մասին։ Բայց հարցուցէք որ ես խեղճս այդ տրամադրութիւնը ունի՞մ։ Կրնամ հանդուրժե՞լ այս աստիճանի ազգուրացութեան դէմ։ Սակայն Աստուած իմ որքան դժուար է նաեւ մարդկանց պատմել թէ այս բոլորը երբեւիցէ կապ չունին ազգայնական կոչուած թոյնին հետ։
Հայաստանը այն բացառիկ երկիրն է, ուր ի գին ամէն տեսակի խտրականութեան ես զիս ազատ կը զգամ եւ պահանջել հարկին գոռոզ, ինքնավստահ ու խիզախ։ Երեւոյթ մը, որ չի կրնար պարգեւել աշխարհի վրայ որեւէ երկիր, նոյնիսկ որ ծնած ըլլամ հոն, նոյնիսկ որ սերունդներէ ի վեր քաղաքացի ըլլամ եւ ես զիս կարծեմ հաւատարիմ տարրը, այդ տուեալ երկրին։
Ուրեմն քանի որ երաժշտական մէջբերումով փորձեցինք մեր միտքը պարզել եկէք ուրիշ երգով մը շարունակենք մեր ողբը՝
«Հայրի՛կ, Հայրի՛կ, քո հայրենիք
Վասպուրական մեր աշխարհ,
Վարդի փոխան քեզ փուշ բերաւ,
Ցաւերդ դառան բիւր հազար»…
*
«Հայրիկն ասաց՝ «Իմ հայրենեաց
Փուշն անուշ է քան զվարդ,
Եւ այն փշոց մէջը դարձեալ
Կ՚որոնեմ սիրուն վարդ»։