Աքսոր եւ վերապրում
Բնիկ հայկական վանկ՝ որ մեր ազգի արշալոյսի օրերէն թռիչք առաւ, առաջնորդեց մեզ մեր գանկի մէջ ու պարգեւեց՝ մարդը, կեանքը եւ տիեզերքը ըմբռնելու կարողութիւնը։ Իր ճոխ բարդ բառերով (ո՛չ մէկ լեզուի մէջ 171(*) հատ բաղադրութիւն՝ «-միտ» արմատի զուգակցութեամբ), պատկերալից առածներով եւ արտայայտութիւններով մեզի շնորհեց նաեւ լոյսը խաւարէն, բարին չարէն, արժանին անարժանէն զանազանելու իւրայատուկ յատկութիւնը։ Այս միտքերով՝ ամէն անգամ երախտապարտութեամբ պէտք է օգտագործել «լուսամիտ»ն ու «խաւարամիտ»ը, «բարեմիտ»ն ու «չարամիտ»ը, «ազնուամիտ»ն ու «աւազակամիտ»ը, ինչպէս նաեւ՝ «օձամիտ», «ջայլամամիտ», «գազամնամիտ», կամ «ստեղծամիտ», «հնարամիտ» եւ «հանճարամիտ» ածականները։ Զարմանալիօրէն խորամիտ եւ ազատամիտ այս բառը, անշուշտ թէ չէր ծնած աշխարհիկ հասարակութիւնները դիտելու համար։ Ան սիրեց սաւառնիլ ու չափել աներեւակայելի հեռաւորութիւններ։
Այսօր կ՚ուզենք մտորել հայկական «միտք»-ի սահմաններու վրայ։ Դէպի ո՞ւր յառեցաւ, երկրագունդի՛ս վրայ ի՞նչ թռիչքներ կատարեց եւ մինչեւ ո՞ւր հասաւ այս սրամիտ բառը։ Դժուար է պատասխանել, տրուած ըլլալով բառի վերացական բնոյթը։ Ուստի, հետեւինք անոր գրաւոր հետքերը ու այդպէս յայտնաբերենք անոր ուղեգիծը։
Մեր առաջին կայանը, Պոլիս։ Ան է արեւմտահայ աշխարհի «մտաւորականը», եթէ հաշուի առնենք «միտքէ բառի ածանցումներով լոյս տեսած գիրքերու փաղանգը։ 1800-ական թուականներէն սկսեալ, «միտք»-ը հոն դարձաւ ուսումնական գիրքերու խորագիր եւ օգնեց, որ ունենանք «խելամիտ» եւ «յառաջամիտ» սերունդներ։ Քանի մը օրինակ. «Մտաւոր եւ գրաւոր թուաբանութիւն», «Ընթերցասիրութիւն կամ գիրք կարդալու միջոցաւ մտաւորական մշակութեան հասնելու օգտակար խրատներ», «Նոր տարի եւ մտաւորական սնունդ տղայոց», «Բնական, բարոյական եւ մտաւորական դաստիարակութիւն մանկանց կաթէ կտրելէն մինչեւ 7 տարեկան հասակը»։ Պոլսահայ մտքի յայտնի ձեռքբերումներէն մէկը եղաւ շաբաթաթերթ մը՝ «Հայ Միտքը», որու հրատարակութիւնը 1919 թուականին ստանձնեց արձակագիր, մանկավարժ, Սկիւտարի զաւակ Օննիկ Չիֆթէ-Սարաֆը։ Հեղինակը մինչեւ 1922 ապրեցաւ Պոլսոյ մէջ։ Բայց երբ քաղաքէն այլեւս կը բացակայէին իր գրչակից միտքերը, (Դանիէլ Վարուժանի խօսքով, այդ օրերուն «Կեանքը կը մորթուէր արտերուն մէջ, միտքը՝ գանկին մէջ»), իր խնամքին յանձնուած որբերու հետ նախ անցաւ Յունաստան, Քորֆուի որբանոցը։ Ապա հաստատուեցաւ Մարսէյլ։ Կեանքի վերջին տարիներուն ուսուցիչ էր Ժնեւի մէջ։ Կ՚արժէ յիշել նաեւ, թէ նոյն հեղինակի գրիչին կը պատկանի ճանապարհորդական վէպ մը. «Միամիտի մը արկածները»։ Տարբեր չեղաւ Սկիւտարի մէկ այլ զաւակի՝ բանասէր եւ պատմաբան Արշակ Ալպոյաճեանի կեանքի ճանապարհը։ 1922 թուականին անցաւ Քորֆու, որբանոցի մէջ պաշտօնավարեց որպէս ուսուցիչ, ապա հաստատուեցաւ Գահիրէ ու հոն, 1936-37 թուականներուն խմբագրեց ութը էջնոց շաբաթաթերթ մը. «Ազատ Միտք»։
Հայ մտքի արեւմտեան թեւի վրայ շարունակենք մեր ուղեւորութիւնը... Վենետի՞կը։ Ո՛չ, պիտի չմոռնանք, ո՛չ ալ Վիեննան։ Ս. Ղազար կղզիի վրայ լոյս տեսան «Համառօտ Թուաբանութիւն Մտաւոր» (1842) եւ «Հայ Միտքը» (1906) աշխատասիրութիւնները։ Իսկ 1862 թուականին Վիեննայի մէջ լոյս տեսաւ «Ուսումն ազգային դաստիարակութեան որ է ազգային տղոց միտքը կամքն ու սիրտը կրթելու գիտութիւն» հատորը։
Իսկ հայ մտքի արեւելեան թեւի վրայ նկատելի են Թիֆլիսի հրատարակութիւնները. «Պարապ վախտի խաղալիք։ Պարապ մարդու տանու միտք», «Թռչող միտք», «Թիֆլիսեցոց մտաւոր կեանքը», «Հաւլաբարցոց մտաւոր կեանքը»։ Առաւել աչքառու է 1908 թուականին լոյս տեսած հանդէս մը՝ «Միտք»։
Թիֆլիսէն ո՛չ շատ հեռու՝ Երեւանի մէջ 1910 թուականին լոյս տեսաւ Երուանդ Ֆրանգեանի՝ «Միտք. Զուտ գիտական եւ փիլիսոփայական ժողովածու» հեղինակութիւնը, ուր տեղ գտան քննադատական տասը յօդուածներ։ Ֆրանկեանի «Միտք»-ը, կարելի է ըսել, թէ «ստեղծամիտ» աշխատութիւն է, քանի որ ունի իմաստասիրական նոր բառերու բառարան։ 1919 թուականին «Միտք»-ը հասաւ Թեհրան։ Հոն լոյս տեսաւ Ֆրանգեանի իւրայատուկ մէկ աշխատասիրութիւնը. «Հայ Միտքը. Վանի իմաստասէրը, Խրիմեան Հայրիկ»։
1900-ական թուականներու առաջին տասնամեակներուն, հայ միտքը սկսաւ հետաքրքրութիւն ցոյց տալ «մտորում» բառին ու սկսան յայտնուիլ «մտորումներ», ինչպէս՝ «Սէր։ Փիլիսոփայական մտորումներ», Մոսկուա, 1906, «Խելագարի կտակը։ Փիլիսոփայական մտորումներ», Թիֆլիս, 1909, «Ռուս բիւրօկրատիան եւ հայերը։ Մտորումներ», Պաքու, 1917։ (Այս հրատարակութիւնը վկայակոչելով կարելի է հաստատել, թէ Պաքու քաղաքն է հայ մտքի արեւելեան ծայրակէտը)։
Մեր յօդուածը չէր կրնար «կատարելամիտ» ըլլալ՝ առանց հայոց հարս քաղաքը՝ Շուշին յիշելու։ Մեր մտքի այս օճախը, հայաբնակ բոլոր կեդրոններէն առաջ, 1833 թուականին ընծայեց այն առաջին հրատարակութիւնը, որու խորագիրը ունէր «միտք» բառը եւ «միտք առնել» արտայայտութիւնը. «Սիրտ մարդոյ որ է Տաճար Աստուծոյ կամ գործարան սատանայի... Որ ամէն մարդ հեշտ իմանայ եւ միտք առնելով քրիստոնէական կեանքին հետեւելոյ համար ջանք անէ»։
Այժմ կարելի է ուրուագծել «հայ միտք»-ի ուղեւորութիւնը։ Առէք կարկին մը։ Անոր սուր ծայրը մխրճեցէք Պոլսոյ վրայ, ապա մտովի շրջան մը գծեցէք սկսելով Շուշիէն, անայ անցէք Պաքու, Թեհրան, Գահիրէ, Վենետիկ, Մարսէյլ, Փարիզ, Վիեննա, Մոսկուա։ Ապա իջէք հարաւ՝ Թիֆլիս, Երեւան ու հասէք ձեր սկզբնակէտը՝ Շուշի։ Անշուշտ հայ միտքը, երբ կը սաւառնէր այս տարածութեան մէջ, պիտի առնէր տեղական բոյրեր։ Ըստ մեր գաւառական բառարաններու, Ալաշկերտի եւ Մշոյ մէջ ան դարձաւ՝ միտկ, Թիֆլիսի մէջ՝ միտ, կամ՝ միթկ, Խարբերդի, կարնոյ, Համշէնի, Սեբաստիոյ եւ Տիգրանակերտի մէջ՝ միթք, Վանի մէջ՝ միթկ, Մուսա լերան վրայ՝ մէդք, Գորիսի եւ Արցախի մէջ՝ մըէտկ, Զէյթունի մէջ՝ մը՛դք… Կարելի է ցանկը շարունակել, բայց, ի՛նչ միտք, երբ հայ միտքը դադրած է շատերուն մէջ…
Որպէս վերջաբան, պարտաւոր ենք յիշել «սրբամիտ» գիրք մը, բանաստեղծութիւններու համեստ հատոր մը իրականութեան մէջ, որ 1949 թուականին Թ. Գառնիկեանի հեղինակութեամբ Փարիզի մէջ լոյս տեսաւ հայ մտքի հերոսութիւններու եւ ծառայութիւններու ի յարգանք. «Հայ մտքին թափօրը։ Յիշատակարան եւ փառաբանութիւն հայ մտքին»։
Գալ շաբաթ պիտի տեսնենք, թէ մեր յաւերժամիտ «միտք»-ը ինչպէս պիտի վերածնի ու նորանոր հնարաւորութիւններ պիտի տայ մեր մտածողականութեան։ Մնացէք «առողջամիտէ եւ «զուարթամիտ»։
(*) Վերոյիշեալ 171 բառերը տեսնելու համար օգտագործեցէք հետեւեալ թուային կապը