Դէպքեր կան որոնք առանձին կը կարողանան սխալ ընթացող խնդիրները յստակացնել «ռոնթկեն»ի ճառագայթի մը նման։ Նախորդ շաբաթ Հայաստանի մէջ Սփիւռքի Նախարարութեան կազմակերպած Արի Տուն ծրագրի շրջագծով պատահածները ահա այդ բնոյթը ունէին։ Իսթանպուլէն այս խիստ կարեւոր միջոցառումին մասնակցող 16 երիտասարդներ անաւարտ թողուցին ծրագիրը եւ դառնութեամբ վերադարձան Պոլիս։
Մեզ՝ Հայաստանի հետ սփիւռքի կապերու ամրապնդումը կարեւորողներուս համար շատ ծանր է պատանիներու այդ դառնութիւնը։ Ամէն անգամուն որ զիրենք կը ճանապարհենք դէպի հայրենի երկիր, մեծ ոգեւորութեամբ կը սպասենք անոնց ետ դարձը, միշտ յուսալով թէ պատանիները ոգեւորուած պիտի դառնան եւ իրենց մէջ պիտի գոյանայ հայրենի երկրի նկատմամբ այն խանդավառ ոգեւորութիւնը, որ առիթ պիտի ստեղծէ ապագային Հայաստան երկիրը կրկին ու կրկին այցելելու ցանկութեան գոյանալու։ Բայց ինչ ըսենք որ երբեմն կը պատահին այնպիսի դէպքեր, որոնք կրնան ընդհակառակ տպաւորութեան մը յայտնութեան պատճառ դառնալ։ Ահաւասիկ այս է որ շատ սուղ կ՚արժէ մեզի եւ մենք բնաւ հանդուրժողութիւն չունինք այդ աստիճան սուղ հատուցումի մը հետ դէմ առ դէմ մնալու։ Ուրեմն խնդիրը մեզի համար նախ ունի համահայկական բնոյթ։ Չէ որ Արի Տուն ծրագրին կը մասնակցին աշխարհի չորս կողմերէն եկած հայ երիտասարդներ, որոնք իրենց կարգին իրաւունքը ունին տհաս ըլլալու, անգիտակից ըլլալու եւ նոյնիսկ չարամիտ ըլլալու։ Վերջապէս մարդ անհատը կրնայ զանազան թերութիւններ ունենալ, որոնցմէ մէկն է նաեւ տգիտութիւնը։ Սակայն ո՞վ կրնայ պնդել թէ մարդկանց նման այս կամ այն հաստատութիւնն ալ կրնայ որոշ թերութիւններ ունենալ եւ պատճառ դառնալ մեծ ոգեւորութիւնով հայրենի երկիրը ոտք դրած երիտասարդին հիասթափութիւն պատճառել։ Արդարեւ քանի կը պարզուի Պոլսահայ պատանիներու հիասթափութեան եւ ապա դառնութեան տեղի տուող պատճառները, ակամայ մենք կը ստիպուինք քննադատութեան նշաւակ դարձնել նոյն ինքն Սփիւռքի Նախարարութեան այս շատ մեծ միջոցառումը կազմակերպող եւ գործադրող անձնակազմը։ Մենք պիտի խուսափինք պատահածներու մանրամասնութեան մասին խօսելէ, քանի որ նիւթը արդէն արծարծուած է թերթիս այլ էջերուն վրայ։ Ուրեմն պահ մը մէկ կողմ թողունք Նախարարութեան պաշտօնեաներուն այս կամ այն թերացումը եւ խորհրդակցինք մեր պոլսահայերուս մամուլի հասկացողութեան մասին։
Բոլորովին մտերիմ խնդրանքի մը առթիւ տեղեակ եղանք այս տհաճ զարգացումէն։ Հարսանիքի մը պահուն էր, երբ եկեղեցւոյ բակին մէջ մեր ծանօթներու դուստրը մօտեցաւ ու յայտնեց այս պատահարները եւ փափաք յայտնեց որ քանի մը ընկերներով այցելել մեզ եւ բացատրութիւններ փոխանցեն։ Սիրով ընդառաջեցինք այս խնդրանքին։ Վերջապէս մեր դիմաց կար սրտցաւ մանկամարդուհի մը, որ կ՚ուզէր իր ընդվզումը լսելի դարձնել մեզ՝ լրագրողներուս, որպէսզի մատնուած անիրաւութիւնը քօղարկուած չմնայ եւ ուրիշներ ալ իմանան պատահածը։ Առանց վարանումի պատրաստակամութիւն յայտնեցինք զիրենք լսելու ուղղեալ։ Կը սպասէինք որ յաջորդ օր պիտի այցելէ խմբագրատուն, բայց նախքան այդ այցելութիւնը զանգահարելով իմացուցին թէ պիտի չգան իրենց դառնութիւնը փոխանցելու համար, քանի որ իրենց բառերով ըսենք. «տիկինը խիստ ազդարարած է մինչեւ իր արձակուրդէն վերադարձը ոչ ոքի հետ այս մասին խօսելու համար»։
Ահաւասիկ այդ նոյն «ռոնթկեն»ի ճառագայթը անգամ մը եւս կու գայ մեր թերութիւնը երեսնուս տալու։ Տիկինը՝ որ այս դէպքին մէջ դպրոցի տնօրէնուհին է ինչո՞ւ համար կը խրտչի իր իսկ աշակերտներուն զիրենք յուզող այս կամ այն խնդրին շուրջ ընդվզումը արտայայտելուն համար։ Չի գիտե՞ր որ մեզի համար ոչ մէկ նշանակութիւն պիտի ունենայ այդ պատանիներու իր կողմէ թելադրուած նախադասութիւններով թերթին ներկայանալը։
Ոչ Արի Տուն ծրագրի կազմակերպիչներուն նման անճարակ մնալ պատանիի մը դիմաց, որ իր չար արարքով դժոխքի վերածեց պոլսահայ պատանիներու ուխտը եւ ո՛չ ալ կաշկանդել երիտասարդը, որպէսզի ան զրկուի իր ապրածներուն հանդէպ ընդվզելու ամենաարդար իրաւունքէն։ Ծանր է պատասխանատուութիւնը բոլորիս դիմաց եւ պարտաւոր ենք այդ ծանր պարտականութիւնը արժանի կերպով կատարելու։