ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բարեփոխութիւնը անհրաժեշտ է

Ընկերային կեանքը իրեն յատուկ կանոններ ունի կարծես։ Ժամանակը կը փոխուի, պայմանները կը փոխուին, բայց այդ փոխուած պայմաններու համապատասխանող բարեփոխումները կարծես փոխուելու համար յատուկ ջանքի կը կարօտին։ Պարզ է այս երեւոյթի պատճառաբանութիւնը որովհետեւ միշտ կարգ մը անձեր գոյացած տարօրինակութեան յարատեւութենէն օգուտ կ՚ակնկալեն։ Այդ ակնկալութիւնով ալ կը յամառին հետզհետէ անհրաժեշտութիւն դարձած բարեփոխումներու գործադրութեան դէմ։ Յիշենք որ իբրեւ աւանդութիւն մենք կը սիրենք ուժի մէջ պահել իմաստը ու տրամաբանութիւնը երկար ատենէ ի վեր կորսնցուցած բազմաթիւ երեւոյթները։ Իսկ հիմա որ հետզհետէ կը մօտենանք 85-րդ պատրիարքը ըիտրելու աշխատութիւններուն, կարծես կրկին այժմէականութիւն դարձած է այս տեսակի բարեփոխման արժանի կարգ մը նիւթերը վերստին օրակարգի բերել։ Այդ նիւթերու կարեւորներէն մէկն է համայնքը ներկայացնելու վարկածը։ Ըստ հին աւանդութեան քաղաքը բաժնուած է եկեղեցական համայնքներու եւ իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդ իբրեւ թէ կը ներկայացնէ տուեալ թաղի ժողովուրդը։ Այս համոզումը կը գոյանայ խնդրոյ առարկայ վարչութեան ճիշդ ալ այդ թաղի թաղեցիներուն կողմէ ընտրուած մարմին մը ըլլալու համոզումէն։ Բայց որքանո՞վ ճիշդ է այս համոզումը։ Իսկապէս ալ այսօր բազմաթիւ թաղերու մէջ թաղական խորհրդները կ՚ընտրուին հազիւ քանի մը ձայներով եւ կատարուածը առհասարակ ընտրութիւն մը չէ, այլ ձեւակերպութեան մը գործադրումը միայն։ Եթէ համայնքային շրջանակները կը դժգոհին պոլսահայ հասարակութեան ընկերային խնդիրներու հանդէպ անտարբերութենէն, ստիպուած են խորհելու թափանցիկութեան խնդիրի մը շուրջ։ Տուեալ պայմաններու մէջ ոչ ոք պիտի ուզէր մասնակցիլ այնպիսի գործողութեան մը, ուր իր կամքը երբեւիցէ նշանակութիւն չունի եւ ամէն ինչ կ՚ընդանայ որոշ շրջանակներու նախապէս ճշդած որոշումներու հիման վրայ։ Պատրիարքարանը 4 Յուլիսին գումարած ժողովով կազմեց պատրիարքի ընտրութեան կարգադիր յանձնախումբ մը։ Իսկ ինչպէ՞ս ճշդուեցաւ այդ յանձնախումբի թեկնածուները։ Պարզ, շատ պարզ։ Պատրիարքարանի նշանակած քանի մը անուն յաւելեալ ներկայ թաղական խորհուրդներու կազմերէն առաջարկուած անուններու մասին քուէարկութիւն։

Վստահ կրնաք ըլլալ թէ այս չափանիշներով կարելի չէ ժողովրդավարական գործընթացք մը յաջողեցնել։ Պիտի գտնուին բազմաթիւ անձեր, որոնք պիտի մերժեն այսպէս ընտրուած կազմ մը։ Տեղին է այդ առարկութիւնը, քանի որ թափանցիկութիւնը աւելին կը պահանջէ։ Ի՞նչ արգելք կայ նման աշխատանքներու համար արդէն աշխատունակ տրամադրութիւն ապացուցած կազմերը ներգրաւելու դէմ։ Օրինակի համար ինչո՞ւ համայնքային հաստատութիւն չեն համարուիր, այն բազմաթիւ կազմերը, որոնց անդամակցիլը կը պահանջէ շատ աւելի լուրջ մրցակցութիւն մը յաղթահարել։ Այս երեւոյթին համար կրնանք օրինակ բերել ցանկացած միութիւն։ Վերջապէս բազմաթիւ կէտերու վրայ հայրենակցական միութեան մը կամ վարժարանի մը սաներու միութեան վարչութեան մէջ պաշտօն ստանձնելը աւելի դժուար պայքար կը պահանջէ, քան թէ որոշ թաղականութեան մը անդամակցիլ։ Շատ անգամ այս կամ այն թաղականութեան մաս կազմելու համար բաւական է որոշ օլիկարխական շրջանակներու հաւանութիւնը ապահովել։ Իսկ այս կամ այն միութեան համար ենթակային առջեւ ծառացած է շատ աւելի լուրջ մրցակցութեան դաշտ մը։ Սակայն ամէն տեսակի իշխանութիւն կը նախընտրէ պահել հին կարգը, ուր ամէն ինչ շատ աւելի դիւրին ձեւով իր հսկողութեան տակ է։

Մեզի համար ո՞րն է պէտք։ Հսկողութեան տակ առնուած, բայց նոր միտքեր արտադրելէ զուրկ կազմեր, թէ ո՛չ իր համոզումներուն փարած, հեղինակութիւն ունեցող, փոխարէն միեւնոյն ժամանակ միտքեր արտադրող կազմեր։

Ապագայի պայծառութիւնը կամ խաւարումը ամբողջովին կապուած է այս հարցումներու պատասխաններուն հետ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ