ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Հայ դպրոցի առաքելութիւնը

Եթէ յիշենք թէ այսօր միայն ու միայն հոգեւոր գրականութեան նիւթ դարձած գրաբարը 16 դա­րեր առաջ հա­յերէ­նի առօ­րեայ լե­զուն էր, կրնանք պատ­կե­րաց­նել խօ­սակ­ցա­կան լե­զուի մին­չեւ մեր օրե­րը ապ­րած մեծ փո­փոխու­թիւնը։

Գրա­բարը զերծ մնաց այդ փո­փոխու­թե­նէն, շնոր­հիւ եկե­ղեց­ւոյ ապա­հովուած ան­ձեռնմխե­լիու­թեան։ Իսկ հա­սարակ ժո­ղովուրդի բեր­նին մէջ ան յա­րատե­ւօրէն ապ­րե­ցաւ զա­նազան փո­փոխու­թիւններ, ազ­դուելով բազ­մա­թիւ գոր­ծօննե­րէ։ Նախ իր մէջ ըն­դունեց բազ­մա­թիւ օտար ար­մա­տական բա­ռեր։ Քա­ղաքա­կանու­թիւնը կա­րեւոր ազ­դակ մըն էր օտար, յատ­կա­պէս պարսկե­րէն կամ թրքե­րէն բա­ռերուն ներ­խուժման հա­մար։ Հայ ժո­ղովուրդը ապ­րե­ցաւ պե­տակա­նու­թե­նէ զուրկ դա­րեր։ Շատ բնա­կան է որ այդ դա­րերու ըն­թացքին թղթա­բանու­թեան, դի­ւանա­գիտու­թեան, վար­չա­կար­գի, ռազ­մա­վարու­թեան, օրէնսդրու­թեան վե­րաբե­րեալ բազ­մա­թիւ բա­ցատ­րութիւններ հեշ­տութեամբ փո­խառ­նուէին հա­րեւան եւ իշ­խող մշա­կոյթնե­րու բա­ռամ­թերքէն։

Ան­ցեալին մեր լե­զուին բազ­մա­թիւ բա­ռեր մա­տու­ցող գեր­պե­տու­թիւննե­րը՝ Պարսկա­կան եւ Օս­մա­նեան Կայսրու­թիւննե­րը աւե­լի նոր ժա­մանակ­նե­րուն իրենց տե­ղը զի­ջեցին արեւմտեան լե­զու­նե­րուն եւ ռու­սե­րէնի։ Ան­շուշտ այստեղ կա­րեւոր գոր­ծօն մըն ալ կը յայտնուի այդ մշա­կոյթնե­րու ար­ձա­նագ­րած ճար­տա­րագի­տական նուաճումնե­րէն։ Ան­ցեալի թղթա­բանու­թեան կամ դի­ւանա­գիտա­կան բա­ռամ­թերքին փո­խարէն, այս ան­գամ մեր լե­զուին թա­փան­ցե­ցին օտար ար­մատնե­րով գի­տական բա­ցատ­րութիւններ։ «Ելեկտրա­կանու­թիւն» բա­ռին մատ­նանշած իմաս­տին փո­խարէն ան­հա­մեմա­տօրէն ըն­դարձակ բա­ցատ­րութիւն մը պի­տի ըլ­լար հա­յերէ­նի «հո­սանք» բա­ռը։ Ահա այդ բա­ռը աւե­լի նեղ իմաս­տի մէջ օգ­տա­գոր­ծե­լու հա­մար ստի­պուե­ցանք «ելեկտրա­կան հո­սանք» բա­ցատ­րութեան։ Կար­ծես նշա­նակե­լի օրի­նակ մըն է այս նո­րայայտ հաս­կա­ցողու­թիւննե­րու հա­մազօր սե­փական բա­ռեր գտնե­լու դժուարու­թիւնը բա­ցատ­րե­լու հա­մար։ Սա­կայն կ՚ար­ժէ խոս­տո­վանիլ թէ որոշ տրա­մաբա­նու­թե­նէ ծա­գած այս տե­սակի օտար ար­մա­տական բա­ռերու փո­խարէն կ՚օգ­տա­գոր­ծենք նաեւ բա­ռեր՝ որոնց գոր­ծա­ծու­թեան միակ պատ­ճա­ռը ցու­ցա­մոլու­թիւնն է, սնոպ ցու­ցա­մոլու­թիւնը։ Այ­սինքն հա­ւաքա­կանու­թեան մէջ ապա­ցու­ցել ջա­նալ թէ կը տի­րապե­տենք այդ տուեալ օտար լե­զուին։

Այս բո­լորը մեր մտքին կը խու­ժեն յատ­կա­պէս այն օրե­րուն, երբ մենք մեծ գո­հու­նա­կու­թեամբ կը հե­տեւինք ոչ հա­յերու հա­յերէն սո­րվելու մար­մա­ջին։ Ան­հա­ւատա­լիօրէն բարձր է իրենց թի­ւը եւ զար­մանք կը պատ­ճա­ռէ բո­լորիս միշտ յու­շե­լով այն հար­ցումը, թէ «ին­չի՞ կը ծա­ռայէ հա­յերէն սոր­վիլ»։ Նախ պէտք է նշենք որ այս հար­ցումը ար­դէն ինքնին բա­ւական թշուառու­թիւն կը պա­հէ իր մէջ, որով­հե­տեւ շատ յի­մար միտք մըն է մայ­րե­նի լե­զուն սոր­վե­լու հա­մար սպա­սել թէ ան պէտք է բա­նի մը ծա­ռայէ։ Լե­զուն մեր սե­փակա­նու­թիւնն է եւ ար­տա­յայ­տութիւ­նը մեր պատ­կա­նելու­թեան։ Աւե­լի բնա­կան ի՞նչ երե­ւոյթ պի­տի ըլ­լար, եթէ ոչ հա­յը խօ­սէր հա­յերէն, գեր­մա­նացին խօ­սէր գեր­մա­ներէն կամ թուրքը խօ­սէր թրքե­րէն։ Աշ­խարհի վրայ ար­դեօք ու­րիշ ո՞ր ժո­ղովուրդնե­րու ծնող­ներն են որ իրենց զա­ւակին հետ խօ­սին միայն այն լե­զու­նե­րով որոնք «բա­նի մը պի­տի ծա­ռայեն»։ Ու­րեմն ամ­բողջո­վին անի­մաստ նա­խասի­րու­թիւն մըն է հա­յու մը հա­յերէ­նէ խու­սա­փիլը, պատ­րուակե­լով որ հա­յերէ­նը բա­նի մը չի ծա­ռայեր։ Հա­պա ի՞նչ ըսել դպրոց­նե­րու այն վա­րիչ­նե­րուն կամ ու­սուցիչ­նե­րուն, որոնք կը ձայ­նակցին այս աս­տի­ճանի տգէտ ծնող­նե­րու պա­հան­ջին եւ դպրո­ցի ուսման ծրագ­րին մէջ կը նուազեց­նեն մայ­րե­նի լե­զուի գոր­ծա­ծու­թիւնը։

Եթէ այ­սօր մեր դպրոց­նե­րուն մէջ հա­յերէ­նի դա­սաւանդման նա­հանջ մը կ՚ապ­րինք անոր գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նատու­նե­րը տգէտ ծնող­նե­րու պար­տադրած­նե­րուն դի­մաց թուաբա­նու­թեան, գի­տու­թեան, կեն­սա­բանու­թեան, երկրա­չափու­թեան եւ այլ առար­կա­ներու մէջ հա­յերէ­նի գոր­ծա­ծու­թե­նէն հրա­ժարի­լն է։

Հա­յերէ­նէ դժգո­հող ծնող­նե­րուն ցոյց տուէք բազ­մա­թիւ օտար վար­ժա­րան­նե­րու դու­ռը եւ մի զո­հէք իբ­րեւ հայ վար­ժա­րանի ու­սուցիչ, տնօ­րէն կամ խնա­մակալ ձե­զի վստա­հուած գլխա­ւոր առա­քելու­թիւնը։ Ապա թէ ոչ ձե­զի պի­տի վի­ճակի բա­զում դա­րեր յաղ­թա­հարե­լով մեր օրե­րուն հաս­նող այս հրաշք լե­զուին թաղ­ման ծի­սակատարութիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ