ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Երբ ամօթն ալ վերանայ…


Պատահարները, դէպքերը մտածել կու տան թէ հասած ենք աշխարհի կործանման փուլին։ Եթէ այս տողերու կար­դա­ցուած պա­հուն տա­կաւին չէ կոր­ծա­նած, հաս­տատ ըսեմ որ վա­ղը կամ գո­նէ քա­նի մը վա­­ղը յե­­տոյ կը հաս­­նինք այդ չար պա­­հուն։ Կամ ո՞վ գի­­տէ դե­­րեւս հա­­սած ենք, բայց տա­­կաւին կը շա­­րու­­նա­­­կենք քու­­նի մէջ մնալ։

Թրամբ նա­­խագա­­հի պաշ­­տօն ստանձնե­­լէ ետք իր անդրանք օտար եր­­կեայ այ­­ցը կա­­տարեց Սաու­­տի Արա­­բիա։ Հե­­ռուստաէգ­­րաննե­­րու վրայ կամ թեր­­թե­­­րու էջե­­րուն մէջ օրեր անց տա­­կաւին կը շա­­րու­­նա­­­կուի այդ այ­­ցե­­­լու­­թեան հե­­տեւանքնե­­րու մա­­սին վեր­­լուծա­­բան­­նե­­­րու մեկ­­նա­­­բանու­­թիւննե­­րը։ Պի­­տի յի­­շենք որ այդ այ­­ցե­­­լու­­թեան մի­­ջոցին ԱՄՆ նա­­խագա­­հը 360 մի­­լիառ ԱՄՆ տո­­լարի ար­­ժէ­­­քով հա­­մաձայ­­նութիւններ կնքեց։ Այդ գու­­մա­­­րի աւե­­լի քան 110 մի­­լիառը կը վի­­ճակի զէն­­քի առեւ­­տուրի։ Սոյն հա­­մաձայ­­նութիւ­­նը մին­­չեւ օրս եր­­կու եր­­կիրնե­­րու մի­­ջեւ կնքուած մե­­ծագոյն առեւտրա­­կան դա­­շինքն է եւ ափ­­սոս որ պէտք է մեծ մտա­­վախու­­թիւն պատ­­ճա­­­ռէ հա­­մայն աշ­­խարհի բնակ­­չութեան հա­­մար։ Առանց վա­­րանու­­մի կա­­րելի է ըսել որ Միացեալ Նա­­հանգներ եւ Սաու­­տի Արա­­բիա հա­­մաշ­­խարհա­­յին խա­­ղաղու­­թեան սպառ­­նա­­­ցող եր­­կու եր­­կիրներ են, որոնց հա­­մագոր­­ծակցու­­թե­­­նէն միայն չա­­րիք կա­­րելի է ակնկա­­լել։

Դէպքե­­­րը այնպի­­սի արա­­գու­­թեամբ իրա­­րու յա­­ջոր­­դած են որ հե­­տեւիլ եւ իմաս­­տա­­­ւորե­­լը բնաւ դիւ­­րին չէ, նոյ­­նիսկ տա­­րածաշրջա­­նի խնդիր­­նե­­­րուն քա­­ջաբար ծա­­նօթ մաս­­նա­­­գէտ­­նե­­­րու հա­­մար։ Եւ եթէ փոր­­ձենք պա­­տահած­­նե­­­րու մէջ յա­­ջոր­­դա­­­կանու­­թիւն տես­­նել, դար­­ձեալ պի­­տի զար­­մա­­­նանք արա­­բական ծո­­ցի եր­­կիրնե­­րէ Քա­­թարի դէմ հա­­րեւան եր­­կիրնե­­րու գոր­­ծադրած մե­­կու­­սացման ռազ­­մա­­­վարու­­թեան։ Քա­­թար եւ Սաու­­տի Արա­­բիա մին­­չեւ կարճ ժա­­մանակ առաջ կը մե­­ղադ­­րուէին միաս­­նա­­­բար Սու­­րիոյ պա­­տերազ­­մին մէջ ՏԱԻՇ-ի գոր­­ծօ­­­նը շա­­հագոր­­ծե­­­լու մե­­ղադ­­րանքով։ Հա­­մատա­­րած ըն­­կա­­­լու­­մի հա­­մաձայն Սաու­­տի Արա­­բիա եւ Քա­­թար իրենց քսա­­կը լայն բա­­ցած էին ոճ­­րա­­­գործնե­­րու այդ հրո­­սախումբին դէմ եւ իրենց օգ­­նութիւնն ալ տեղ կը հաս­­նէր սահ­­մա­­­նամերձ եր­­կիր Թուրքիոյ մի­­ջոցաւ։ Ու­­րեմն ի՞նչ պա­­տահե­­ցաւ որ յան­­կարծա­­կիօրէն այդ յա­­րա­­բե­­­րու­­­թիւնը օդին մէջ ցնդաւ եւ հի­­­մա կը խօ­­­սինք Քա­­­թարը մե­­­կու­­­սացնե­­­լու ռազ­­­մա­­­­­­­վարու­­­թեան մը մա­­­սին։ Ըստ երե­­­ւոյ­­­թի Սա­­­տանան տար­­­բեր լա­­­րերու վրայ խա­­­ղալու ան­­­հա­­­­­­­ւատա­­­լի յատ­­­կութիւ­­­նը ու­­­նի եւ մենք միամիտ­­­ներս ենք որ ափ ի բե­­­րան կը հե­­­տեւինք բե­­­մադ­­­րուած խայ­­­տա­­­­­­­ռակու­­­թեան։

Բայց տա­­­կաւին մեզ զար­­­մացնե­­­լու ատակ բազ­­­մա­­­­­­­թիւ երե­­­ւոյթներ կան։ Եկէք այս ան­­­գամ ալ յի­­­շենք այդ նոյն Թրամ­­­բի երկրա­­­գունդի ջեր­­­մաստի­­­ճանի բարձրաց­­­ման դէմ Փա­­­րիզի մէջ կնքուած մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին հա­­­մաձայ­­­նութե­­­նէն հրա­­­ժար­­­ման խնդրին։ Գաղտնիք չէ որ աշ­­­խարհի ջեր­­­մաստի­­­ճանի բարձրաց­­­ման մէջ կա­­­րեւոր դե­­­րակա­­­տարը կը հա­­մարուին զար­­գա­­­ցած ճար­­տա­­­րապե­­տու­­թեան տէր եր­­կիրնե­­րը։ Անոնց մէջ Չի­­նաս­­տան եւ Միացեալ Նա­­հանգնե­­րը ինքնին պա­­տաս­­խա­­­նատու են աշ­­խարհի ապա­­կանաց­­ման պատ­­ճառ դար­­ձող գոր­­ծօննե­­րու մե­­ծամաս­­նութե­­նէն։ Այս նոր ճշմար­տութեան դի­մաց Թրամբ կա­տարուածը կը բա­ցատ­րէր «Փա­րիզեան հա­մաձայ­նա­գիրը Ամե­րիկեան ըն­կե­րու­թիւննե­րու օգ­տին չէ» ամօ­թալի պատ­ճա­ռաբա­նու­թեամբ։

Եթէ աշ­խարհ պի­տի կոր­ծա­նի նախ եւ առաջ ամօ­թի զգա­ցու­մի վե­րանա­լով պի­տի կոր­ծա­նի։ Այսքան սխա­լը մին­չեւ ո՞ւր կրնայ տա­նիլ մարդկու­թիւն կո­չուած կեն­դա­նինե­րու աշ­խարհաս­փիւռ տե­սակը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ