ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Սողոմոն իմաստունը մեծ քարոզիչ էր։ Օրէն մէկը ան կ՚երթայ Եգիպտոս՝ փարաւոնի աղջկան առնելու։ Փարաւոնն ալ նրան կ՚ըսէ թէ՝ «դու ո՞վ ես, ինչացո՞ւ ես, որ ես քեզ աղջիկ տամ»։ Փարաւոնը պայման կը դնէ, որ եթէ Սողոմոնը կռուի իր հետ եւ յաղթի, աղջիկը կու տայ։ Սողոմոնը կը համաձայնէ։
Սողոմոնը կու գայ գետնի տակ ապրողներու՝ մկների, մրջիւնների, որդերի թագաւորի մօտ։ Նրան կ՚ըսէ թէ՝ եօթ օրուայ ընթացքին թագաւորի ամբարէն ալիւր, ցորեն ու մնացեալ պաշարները տանեն գետնի տակ։ Երբ փարաւոնն ու զօրքը կը հաւաքուեն մի բան ուտելու, կը տեսնեն, թէ ամբարը դատարկ է։
Վերջը փարաւոնի զօրքը կը հաւաքուէ կու գնայ հարթ դաշտում կը կանգնէ Սողոմոնի զօրքին կը սպասէ։ Սողոմոնն ալ ամպերին կը հրամայէ գնալ նստել դաշտերի մօտակայ սարերի վրայ, այնպէս որ փարաւոնի զօրքը բան չտեսնայ։ Ետքը կու գայ մոծակների թագաւորի մօտ, կը պատուիրէ մոծակների զօրքով գնալ կծել փարաւոնի զինուորներուն։
Առաւօտ լոյսին փարաւոնի զինուորների աչքերը, այտերը, ողջ մարմինն այնպէս ուռած կ՚ելնի, որ ասոնք կուրացած մէկմէկու կը կոտորեն։ Վերջին փրկուածը կը հասնէ փարաւոնի մօտ, կ՚ըսէ թէ՝ Սողոմոն իրենց ջարդած է, բայց ինք անսասան մնացած է։ Փարաւոնը կ՚ըսէ թէ՝ «թող ան գայ աղջկաս տանէ»։
Փարաւոնի աղջիկն ու Սողոմոնը կ՚ամուսնանան։ Կինը կռապաշտ կ՚եղնի։ Սողոմոն կնոջը կը թողնի տանը, կու գայ երկիր՝ քարոզելու։ Տուն կու գայ, կը տեսնէ կինը տխուր նստած է։ Պատճառը կը հարցնէ, կինն ալ կ՚ըսէ «Սուղումուն ճան, դու կ՚երթաս աշխարհով մէկ կը պտտիս, ես կը մնամ տանը՝ մին-մինակ, ինձ համար մի այնպիսի սենեակ պատրաստէ, որ աշխարհի որ ծայրը նայեմ, երեւայ»։
Սողոմոն իւր կնոջ խորհրդով թռչուններու թեւերով կ՚ուզէ ցանց գործել, տան շուրջը անցնել։ Թռչուններու թագաւորը կու գայ թէ՝ «Սուղումուն ճան, ամօթ չե՞ս անիլ, այդքան թռչունը մեղք չե՞ս անիլ, ինչո՞ւ կը կոտորես։ Չաթանէ-չուանդ ոչխարի մորթուց ալ կրնաս պատրաստել, ծովի ափէն ալ կրնաս բերես»։
Սողոմոն այդպէս ալ կ՚ընէ, ետքը նորէն կու գայ քարոզ կարդալու։ Տուն կը դառնայ՝ կինը նորէն տխուր նստած է«Սուղումուն ճան, դուն Աստուած ունես, անոր կը պաշտես, ես Աստուած չունեմ»։
Սողոմոն իմաստունը կ՚երթայ, քարէ արձան կը պատրաստէ, կը բերի տան անկիւնը կը դնէ թէ՝ ահա, սա էլ թող քո Աստուածը լինի։ Կինը նոր Աստծուն երկրպագութիւն կ՚ընէ, Սողոմոնն ալ կ՚երթայ երկիր՝ իր Աստծու օրէնքները քարոզելու։
Տուն կը դառնայ, աս կինը նորէն տխուր-տրտում կը գտնէ։ Պատճառը կու հարցնէ, կինն ալ կ՚ըսէ թէ «Սուղումուն ճան, իմ Աստուած ինձի կ՚ըսէ թէ՝ յետոյ ի՞նչ թէ դուն ինձի կը երկրպագես, ամուսինդ ինձ չի երկրպագեր, ալ քու երկրպագութիւնդ ինչի՞ս ա պէտք»։
«Բայց դուն կռապաշտ ես, ես ալ իմ Աստուածը ունիմ, անոր կ՚երկրպագիմ, ուրիշի չեմ երկրպագեր», -կ՚ըսէ Սողոմոնը։ Բայց ժամանակ անց կը տեսնէ թէ իւր կինը շատ տխրած է։ Կ՚որոշէ կնոջ խաթրը խոշ անէ եւ խորամանկութեան կը դիմէ։
Կնոջը կ՚ըսէ թէ՝ «այն պահին, երբ ես գնամ ձիս բերեմ, թամբեմ նստեմ, յատուկ ցած կը նետեմ թուրս, որ կռանամ վերցնեմ։ Իմացիր, որ այդ պահին քու կուռքիդ եմ երկրպագութիւն տալիս»։
Սողոմոն կ՚ելնի հայեացքը դէպի կնոջ կուռքը կ՚ուղղէ, կը նստէ իւր ձին, թուրը ցած կը նետէ, բայց երբ գլուխը կ՚իջացնէ թէ թուրը վերցնէ, ողջ մարմնով ու հագած զգեստներով կ՚անյայտանայ օդի մէջ։
Մինչ օրս ալ Սողոմոն իմաստունի գտնուելու վայրը մահլում չի, յայտնի չէ՝ քամի՞ է դարձել, ի՞նչ է դարձել…