Պատմաբաններ ճշգրտօրէն հաշուած եւ հաստատած են թէ պատմութեան բազմահազար տարիներու ընթացքին միայն քանի մը տասնամեակներով կարելի է հաշուել պատերազմ չծագած տարիները։ Եւ դարձեալ ընդունուած համոզում է, թէ բոլոր ժամանակներու տեւողութեամբ արձանագրուած ամենակործանիչ պատերազմը եղած է Համաշխարհային Բ. պատերազմը։ Միգուցէ այդ սարսափն ալ գործօն մը եղաւ, որ այդ պատերազմի աւարտին իսկոյն կեանքի կոչուի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը, որ իբրեւ թէ պիտի կանխէր նման փորձանքներու վերապրումը։ Սակայն ծանօթ իրողութիւն է, պատերազմի աւարտած պահուն իսկ աշխարհ նորէն ապրեցաւ սաստիկ բեւեռացում, որու հետեւանքով սկիզբ առաւ սառ պատերազմի երկար շրջանը։ Այսօր բաւական հեռու կ՚երեւինք պատերազմի աւարտման տարիներու «Անգամ մըն ալ երբե՛ք»ի հոգեբանութենէն։ Մոռցած կ՚երեւինք ապրուած մեծ աւերը։Կարծես ոչ մէկ ձեւով դաս չենք քաղած եւ յանուն համաշխարհային մեծ ուժերու ագահ շահի ակնկալութեան, ինկած ենք աշխարհը անգամ մը եւս հրկիզելու, քաղաքներ հրոճարակ դարձնելու այս սոսկալի ռազմատենչ ցանկութեան ծուղակին։ Ուրիշ տեսակ ինչպէս բացատրել Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահին դէպի Սաուտի Արապիա կատարած այցելութիւնը։ Դիւանագիտական աշխարհի մէջ կարեւոր պատգամները կը փոխանցուին անուղղակի երեւոյթներով։ Երեւոյթներ, որոնք իրենց էութեան մէջ յատուկ նշանակութիւններ կը պարունակեն։ Այդպէս ընդունուած կանոն է որ Թուրքիոյ նորընտիր իւրաքանչիւր նախագահ կամ վարչապետ իր արտերկրի առաջին այցելութիւնը կատարէ նախ դէպի Կիպրոսի թրքական յատուածը եւ ապա Ատրպէյճան։ Նոյնպէս Միացեալ Նահանգներու նորընտիր բոլոր նախագահները աւանդութեան վերածած էին առաջին այցելութիւնը կատարել դէպի Իսրայէլ։ Թրամբ ինչպէս այլ զանազան նիւթեր, այս գծով ալ ոտնակոխեց ընդունուած աւանդութիւնը։ Սակայն ինչպէս կը տեսնենք այս զանցառութիւնը երբեւիցէ դժգոհութիւն մը չէ պատճառած իսրայէլացիներու մօտ։ Չէ պատճառած, քանի որ այդ այցելութիւնով Սաուտի Արաբիա եւ Միացեալ Նահանգներ ստորագրեցին աւելի քան 350 միլիառի հասնող համաձայնութիւն մը, որուն միայն հարիւր միլիառը կը վերաբերի զէնքի առեւտուրի։ Կնքուած պայմանագրով Միացեալ Նահանգներ կործանիչ զէնքեր պիտի վաճառէ երկրի մը, որ ինք ուղղակիօրէն պատերազմի մէջ չըլլալով հանդերձ կը միջամտէ տարածաշրջանի զանազան երկրներէ ներս կատարուած դաւադրական գործողութիւններու։ Այդ ընելու պահուն Թրամբ ոչ մէկ անպատեհութիւն կը տեսնէ սաուտիներու հաճելի թուելու համար անոնց հետ միասին սուրերով պարելու մէջ։ Նոյնպէս Սաուտի Արաբիոյ իշխանն ալ զանց առաւ կնոջ ձեռք թօթուելու մասին իր ծանօթ վերապահութիւնը։ Միւս կողմէն համաշխարհային հանրային կարծիքը սարսափի մատնուած է Հիւսիսային Քորէայի փորձած հրթիռներուն պատճառաւ։ Մարդկութեան համար դժուար ընդունելի երեւոյթ է կործանիչ զէնքերու որոշ պետութիւններու մենաշնորհը համարուելու հասկացողութիւնը։ Իրաւացի պիտի ըլլայ միայն այն համաշխարհային համաձայնութիւնը ըստ որու նախ եւ առաջ աշխարհի հզօր պետութիւնները հրաժարին կործանիչ զէնքերուն տիրանալու իրենց ցանկութենէն։ Ապա թէ ոչ բոլորովին արդար է այդ հակամարտութեան կամ մրցակցութեան մէջ բոլոր կողմերուն այդ հզօր կործանիչներու տիրանալու ցանկութիւնը։
Ափսոսանքով նշենք որ աշխարհ խայտառակուած է եւ այդ խայտարակութեան մէջ նուազագոյն մեղքը կը վիճակի Հիւսիսային Քորէային։