Մեկնարկ Պատրիարքական ընտրութեան

Երկարատեւ ձգձգումներէ ետք 24 Մայիս Չորեքշաբթի օր Պատրիար­քա­րանի մէջ Արամ Արք. Աթէ­շեանի եւ կարգ մը հա­մայնքա­յին դէմ­քե­րու մէկ­տե­ղու­մով գո­յացած ժո­ղովէն ետք պատ­րիար­քի ընտրու­թեան խնդի­րը կը մտնէ նոր փու­լի մը։ Այս մա­սին առա­ջին հեր­թին վե­րահա­սու եղանք Արամ Արք. Աթէ­շեանի «Պատ­րարքա­կան Ընդհա­նուր Փո­խանորդ» տիտ­ղո­սով ստո­րագ­րած եր­կու նա­մակ­նե­րուն՝ ուղղուած Ամե­նայն Հա­յոց Վե­հափառ Կա­թողի­կոսին եւ Գեր­մա­նիոյ Հա­յոց Առաջ­նորդին, կամ աւե­լի ճիշդ բա­ցատ­րութեամբ Թուրքիոյ Հա­յոց Ընտրեալ Տե­ղապա­հին։ Սոյն նա­մակ­նե­րու մէջ Սրբա­զան Աթէ­շեան կ՚անդրա­դառ­նայ թէ պե­տու­թեան շրջա­նակ­նե­րէ եկած կարգ մը ազ­դանշան­ներ մտա­ծել կու տան, որ ժա­մանա­կը եկած է պատ­րիար­քի ընտրու­թեան գոր­ծընթաց­քին ձեռ­նարկե­լու։ Փո­խանորդ Սրբա­զանը կը խոս­տա­նայ իս­կոյն փո­խան­ցել Պատ­րիար­քա­րանի վար­չութիւ­նը ընտրեալ տե­ղապա­հին եւ սա­տարել անոր աշ­խա­տու­թիւննե­րուն։ Ան ամե­նայն զգու­շութեամբ կը գոր­ծա­ծէ հո­գեւո­րակա­նի վա­յել ոճ, վստա­հեց­նե­լով թէ տե­ղապահ սրբա­զանի Իս­թանպուլ ժա­մանե­լով զինք կը դի­մաւո­րէ օդա­կայա­նէն եւ կ՚ապա­հովէ անոր Հրա­շափա­ռի եր­գե­ցողու­թեամբ աթո­ռանիստ Մայր Եկե­ղեցի մուտքը։ Կ՚ապա­հովէ Պատ­րիար­քա­րանի մէջ աշ­խա­տասե­նեակ եւ կե­ցու­թեան յար­մա­րու­թիւններ։ Յստա­կօրէն կը խօ­սի Պատ­րիար­քա­րանի ղե­կը փո­խան­ցե­լու տրա­մադ­րութեան մա­սին։ Թէեւ յան­կարծա­կի, բայց մի­ջոցէ մը ի վեր ակնկա­լուած այս քայ­­լով պատ­­րիար­­քա­­­կան ընտրու­­թեան անե­­լի մատ­­նուած խնդի­­րը այժմ կը ստա­­նայ նոր դի­­մագիծ մը։ Այս պա­­հուն հա­­սարա­­կու­­թիւնը ան­­համբե­­րու­­թեամբ պի­­տի սպա­­սէ Գա­­րեգին Արք. Պէք­­ճեանի պա­­տաս­­խա­­­նը եւ իս­կոյն ժա­մանու­մը։

Պատ­րիար­քա­րանը նոյն օր այս զար­գա­ցու­մը փո­խան­ցեց նաեւ հա­սարա­կու­թեան իր կայքէջի միջոցաւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ