Պաշտօնական այց՝ դէպի պատմական Անտիոք

ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ

Փոքրամասնութիւններու Հիմնարկներու Ներկայացուցչու­թեան հետզհե­տէ աւան­դութեան մը վե­րածած Սուրբ Զատ­կի մէկ­տե­ղու­մը այս տա­րի կա­յացաւ Կի­լիկիոյ պատ­մա­կան Ան­տիոք քա­ղաքի մէջ։ Վա­քըֆ­նե­րու Խոր­հուրդի ան­դամնե­րուն կող­քին երկրի ոչ իս­լամ հիմ­նարկնե­րը ներ­կա­յաց­նող բազ­մա­թիւ ան­ձեր մէկ­տե­ղուե­ցան եր­կօ­րեայ հան­դի­պու­մի շրջա­նակով։ Այս տա­րուայ մէկ­տե­ղու­մի հա­մար Ան­տիոքի ընտրու­թիւնը Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճա­նի մտայ­ղա­ցումն էր։ 22 Մա­յիս Եր­կուշաբ­թի օր Ան­տիոքի Յոյն Ուղղա­փառ Եկե­ղեց­ւոյ մէջ կա­յանա­լիք հան­դիպման նա­խօրէին Ալ­ճան իր հիւ­րե­րը հիւ­րա­սիրեց Թուրքիոյ միակ հայ­կա­կան գիւ­ղը հան­դի­սացող Վա­քըֆ­լըի մէջ։ Խոր­հուրդի ան­դամնե­րը ըն­կե­րակ­ցութեամբ Վա­քըֆ­լը­գիւ­ղի Սուրբ Աս­տուածա­ծին Եկե­ղեց­ւոյ թա­ղակա­նու­թեան ատե­նապետ Ճեմ Չա­փարի շրջե­ցան մեր­ձա­կայ գիւ­ղե­րը։ Ստա­ցան տեղ­ւոյն պատ­մութեան մա­սին լրա­ցու­ցիչ տե­ղեկու­թիւններ։ Գիւ­ղի հիւ­րա­սիրու­թիւնը շա­րու­նա­կուե­ցաւ ցե­րեկուայ ճա­շով եւ ընթրի­քով։ Իսկ Զատ­կուայ ընթրի­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ան­տիոքի Յոյն Ուղղա­փառ Եկե­ղեց­ւոյ մէջ։ Այս կա­րեւոր հան­դի­պու­մին մաս­նակցե­ցաւ նաեւ Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձութեան ատե­նապետ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու, Թուրքիոյ Հրեայ Հա­մայնքի պետ Իս­հակ Իպ­րա­հիմ­զա­տէ, ասո­րեց­ւոց Պէ­յօղ­լու Եկե­ղեց­ւոյ թա­ղական խոր­հուրդի ատե­նապետ Սա­իտ Սու­սին, Պոլ­սոյ Յոյն Ուղղա­փառ Եկե­ղեց­ւոյ ներ­կա­յացու­ցիչ Հայր Եոր­կօ Քա­սապօղ­լու նաեւ Իս­թանպուլ, Մար­տին, Մի­տեաթ, Ան­տիոք եւ Մեր­սի­նի քրիս­տո­նեայ հա­մայնքնե­րու ներ­կա­յացու­ցիչներ։ Ճաշ­կե­րոյ­թէ ետք պա­տուի­րակու­թիւնը շրջե­ցաւ այս պատ­մա­կան քա­ղաքի կա­րեւո­րագոյն սրբա­վայ­րե­րը։

Մե­զի հա­մար ու­շագրաւ էր որ հա­մարեա իր աւար­տին հա­սած կ՚երե­ւէր Վա­քըֆ­գիւղի մէջ մի­ջոցէ մը ի վեր շի­նու­թիւնը շա­րու­նա­կուող նո­րակա­ռոյց աշ­խա­տանո­ցը ու հիւ­րա­նոցի հա­մալի­րը։ Այս առ­թիւ Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան Խոր­հուրդի ան­դամնե­րը իրենց հեր­թա­կան աշ­խա­տան­քա­յին ժո­ղովը գու­մա­րեցին Ան­տիոքի մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ