Նախորդ շաբաթ անդրադարձած էինք մեր վաղեմի բարեկամ Մեհմէտ Էօզերի «Ջրհորի Յատակի Քարը» անուն գիրքի հրատարակութեան։ Այս շաբաթ կը յայտարարենք թէ Մուսա Լերան Հայրենակցական Միութիւնը այս առթիւ կազմակերպած է շնորհանդէս մը, որ պիտի կայանայ 1 Յունիս Հինգշաբթի երեկոյ ժամը 20.00-ին միութեան Փանկալթըի Պիլէզիքչի փողոց թիւ 20 հասցէին գտնուող կեդրոնին մէջ։ Կը տեղեկանանք թէ միջոցառումին պիտի մասնակցին ցեղասպանութեան վկայութիւնը բերող լուսանկարներուն վրայ իրենց մեկնութիւնները գրող հեղինակներ եւս։