Դիմացի ափը որքան հեռու կ՚երեւի

ԳՐԻԳՈՐ ԵԹԵՐՕՂԼՈՒ

1964-ի Մայիսին աւարտած էի նախակրթարանը։ Կեանքի դժուար պայմաններու մէջ հայրս որոշեց զիս Պոլիս ղրկել։ Նոյն տարուայ Սեպտեմբերին Արաբկիրէն դէպի Իսթանպուլ հարնաշարժի դժուար ճամբորդութիւն մը կատարեցի։ Մօտ 40 ժա­մեր տե­ւող այդ ճամ­բորդու­թե­նէն ետք մօր­քուրայրս զիս դի­մաւո­րեց եւ Կե­տիկ­փա­շա իրենց տու­նը տա­րաւ։ Այ­սօ­րուայ նման կը յի­շեմ թէ մօ­րաքոյրս ինչ մեծ կա­րօտով գրկած էր զիս եւ մին­չեւ գի­շերուայ ուշ ժա­մերուն իրա­րու կա­րօտը առած։

Այ­գե­բացին ար­դէն կա­խար­դուած էի Պոլ­սոյ հմայ­քով։ Կեան­քիս մէջ առա­ջին ան­գամ ծով կը տես­նէի։ Մեծ շէն­քեր, փո­ղոց­ներ, բազ­մութիւն, ինքնա­շարժնե­րու ան­վերջա­նալի հոսք… Իս­թանպու­լը շատ տար­բեր էր Արաբ­կի­րէն։

Քա­նի մը օր անց Բաղ­տա­սար Աղ­բար (բժիշկ Բաղ­տա­սար Եթէ­րօղ­լու) զիս առաջ­նորդեց դէ­պի Սկիւ­տա­րի Սուրբ Խաչ Դպրե­վանք հա­յոց գի­շերօ­թիկ վար­ժա­րանը։ Դպրո­ցի աս­տի­ճան­նե­րէն բարձրա­ցած պա­հուս սիրտս կը խայ­տար նոր ու­սուցիչ­ներ, ըն­կերներ, մի­ջավայր ու­նե­նալու հե­ռան­կա­րով։ Այդ տա­րինե­րուն դպրո­ցը պոլ­սե­ցի աշա­կերտ չէր ըն­դուներ։ Այ­սօ­րուայ նման երկսեռ դրու­թիւն ալ չկար։ Բո­լորս տար­բեր գա­ւառ­նե­րէ եկած պա­տանի­ներ էինք։ Մեզ­մէ ոմանք նա­խակրթա­րանն ալ Պո­լիս ու­սա­նած ըլ­լա­լով հա­յերէ­նին կը տի­րապե­տէին։ Իսկ բարձր դա­սարան­նե­րու աշա­կերտնե­րը մե­զի պատ­րաստե­լու հա­մար յա­տուկ ջանք կը վատ­նէին։ Բա­ցի հա­յերէն լե­զուի դա­սէ, թուաբա­նու­թիւնը, կեն­սա­գիտու­թիւնը, ֆի­զիքը կամ տար­րա­բանու­թիւնը նոյնպէս հա­յերէ­նով կը դա­սաւան­դուէին։ Բա­ւական դժուարա­նալով ալ ըլ­լայ յա­ջողած էի դա­սարանս անցնե­լու։ Թէեւ եր­կու շա­բաթը ան­գամ մը ար­տօ­նուած էինք մեր ազ­գա­կան­նե­րը այ­ցե­լելու եւ շա­բաթա­վեր­ջը իրենց հետ անցնե­լու։ Սա­կայն այսքա­նը չէր բա­ւարա­րուեր որ յաղ­թա­հարենք մեզ պա­տած լքուածու­թեան զգա­ցու­մը։

Գի­շերօ­դիկ ուսման դրու­թիւնը մեզ ինքնա­բաւ կը դարձնէր։ Մենք էինք որ արթննա­լէ ետք պի­տի շտկէինք ան­կո­ղինը։ Մենք է որ սե­ղանը պի­տի դա­սաւո­րէինք եւ այս բո­լորով հան­դերձ հե­ռու պի­տի մնա­յինք դուրսի արագ հո­սող կեան­քի ըն­թացքէն։

Դպրո­ցը օժ­տուած էր հա­րուստ գրա­դարա­նով մը։ Ըն­թերցե­լու վար­ժութիւնս այդ գրա­դարա­նին կը պար­տիմ։ Կը յի­շեմ իմ առա­ջին կար­դա­ցած գիր­քը՝ Օր­հան Հան­չերլիօղ­լուի «Մեծ Ձու­կե­րը»։ Մեծ հիացում կը զգա­յի կար­դա­ցած գիր­քե­րուս հե­ղինակ­նե­րուն հան­դէպ։ Կ՚երա­զէի իրենց պէս գրե­լու մա­սին։ Մեր դա­սարա­նը եր­կու թեր­թեր կը ստա­նար՝ «Ճումհու­րի­յէթ» եւ «Աք­շամ»։ Մեծ հե­տաքրքրութեամբ կ՚ըն­թերցէինք Իլ­հան Սել­չուքի եւ Չե­թին Ալ­թա­նի յօ­դուած­նե­րը։ Երկրոր­դա­կան բաժ­նի գրա­կան ճիւ­ղի աշա­կերտնե­րը ամէն ամիս եր­կու պար­բե­րաթերթ կը հրա­տարա­կէին՝ թրքե­րէնով «Էվ­րիմ» եւ հա­յերէ­նով «Փունջ»։ Այդ պար­բե­րական­նե­րու էջե­րը բաց էին բո­լոր աշա­կերտնե­րուն։ Այ­սօր անոնց միացած է անգլե­րէն տար­բե­րակ մըն ալ, բայց ափ­սոս որ երեքն ալ տա­րին միայն մէկ թիւ կը հրա­տարա­կուին։

Աշա­կեր­տութեան հա­գուստե­ղէնը լուացող, կարկտուկնե­րը ընող «մայ­րիկ»ներ ու­նէինք։ Մեծ նուիրու­մով եւ կա­մաւոր կ՚աշ­խա­տէին։ Այդ օրե­րէն մնա­ցած եր­կու դաշ­կի­նակ­ներ ու­նիմ, որոնց ան­կիւնին նախ­շուած է իմ դպրո­ցի հա­մարը։ Մա­սունքի մը նման կը պա­հեմ ման­կութեան օրե­րէս մնա­ցած այդ վկա­յու­թիւննե­րը։

Կի­րակի օրե­րը ան­պայման ժամ կ՚եր­թանք ու շա­պիկ կը հագ­նէինք։ Ես ու ինձ նման եր­կու ըն­կերներ այդ տա­րի եր­ջանկա­յիշա­տակ Շնորհք Պատ­րիար­քի ձեռ­քով մկրտուեցանք։

Աւե­լի ետք բա­ժան­ման շրջան։ Մայրս հի­ւան­դա­ցաւ, ապա կորսնցու­ցինք զինք։ Հայրս ար­ձա­նագ­րութիւնս փո­խան­ցեց Արաբ­կի­րի միջ­նա­կար­գը։ Ու­սումս կի­սատ մնաց։ Տի­յար­պե­քիրի մէջ երեք տա­րի աշ­խա­տեցայ։ Յե­տոյ բա­նակի պար­տա­դիր ծա­ռայու­թիւնը կա­տարե­ցի ու վեր­ջա­պէս 1974-ին վե­րադար­ձայ Իս­թանպուլ։ Ու­սուցիչ­նե­րու անուններ կը տո­ղան­ցեն մտքիս մէջ։ Թոր­գոմ Պե­շիք­թաշլըեան, Վա­հան Աճե­մեան, Իպ­րա­հիմ Ըշըք, բժիշկ Պերճ Քը­լըչ, Ժի­րայր Աս­լա­նեանց, Հեր­մի­նէ Աճա­րեան, Մե­լահատ Աք­ման, Յա­րու­թիւն Համ­բարձում Տա­տեան, Շա­քէ Կիւլտե­սեն եւ դեռ ու­րիշներ։ Բո­լորը սի­րով կը յի­շեմ։ Կա­րօտով հարց կու տամ ես ին­ծի՝ «այդ տա­րինե­րու դա­սըն­կերներս, աւե­լի բարձր դա­սարան­նե­րու հո­գատար աւագ ըն­կերներս ո՞ւր են, ո՞ւր ցրուեցան»։

Յե­տադարձ ակ­նարկով կը նշմա­րենք, թէ մեր ման­կութեան կամ վաղ պա­տանու­թեան տա­րինե­րէն այս կողմ որ­քան շատ բան փո­խուած է, ժա­մանա­կը որ­քան առա­տօրէն հո­սած։ Մա­նաւանդ ալ մե­րօրեայ ան­սէր ու կեղծ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը տես­նե­լով կար­ծես ալ աւե­լի կը յոգ­նիմ։

Նա­խորդ շրջա­նի ու­սուցիչ­նե­րէն եր­կու դէմ­քե­րը, Տե­միր Էօզ­լիւ եւ բա­նաս­տեղծ Սապ­րի Ալ­թը­նէլը դէպ­քով մը յի­շատա­կել կ՚ու­զեմ։ Գա­տըգիւղ «Կենչլիք» գրավաճա­ռատան մէջ բա­նաս­տեղծ Շիւքրան Քուրտա­քուլ իր գիր­քե­րը կը ստո­րագ­րէր։ Մօ­տեցայ եւ խնդրե­ցի որ իմ հա­մար ալ մա­կագ­րէ յան­կարծ դար­ձաւ ու հարց տուաւ՝ «դուք Սապ­րի Ալ­թը­նէլի աշա­կեր­տը եղա՞ծ էք» ու­րա­խու­թիւնս մեծ էր։ Յայտնե­ցի որ ես չեմ ար­ժա­նացած, բայց մեր աւագ եղ­բայրնե­րը աշա­կեր­տած են իրեն։

Աւե­լի քան 60 տա­րիներ կրթու­թեան ծա­ռայող, բազ­մա­հարիւր շրջա­նաւարտնե­րով դէ­պի ապա­գայ լոյս սփռող դպրո­ցիս ան­սա­սանու­թիւնը կը ցան­կամ։ Կ՚ու­զեմ աւար­տել վար­պետ գրող, մեծ մտա­ւորա­կան Չե­թին Ալ­թա­նին տո­ղերով. «կեան­քի լճին մէջ, երբ սկսանք նա­ւար­կել որ­քա՜ն հե­ռու կը թուէր դի­մացի ափը, ու երբ մօ­տեցանք այդ ափին ետին թո­ղած ծո­վափի որ­քա՜ն ալ մօտ կ՚երե­ւի»։ Ող­ջոյն բո­լորին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ