Թերեւս ալ աշխարհագրական դիրքին բերմամբ, հայաստանի պատմութիւնը գաղթերու պատմութիւն է նաեւ։ Նոյնիսկ ազգի կազմութիւնը կը բացատրուի տեղացի հայերու եւ գաղթի երկար ճանապարհ մը անցնելով Հայաստան հասած արմէններու իրարու մէջ ձուլուելով։
Աւելի քան երեք հազար տարիներու երկարող հայոց պատմութեան մէջ շատ կարճ տեւած է աշխարհակալ պետութիւն մը կազմելու շրջանը, որուն երազը մինչեւ օրս կը պահէ իր հրապոյրը՝ «Ծովից ծով Հայաստան» բնաբանով։ Մեր թագաւորութիւնները ձեւաւորուեցան որոշ իշխանատոհմերու սահմանումով, որոնք շատ անգամ զուրկ ըլլալով հզօր պետականութենէ, զիջեցին իրենց իշխանութիւնը հռոմէացիներու, բիւզանդացիներու, պարսիկներու, սելճուքեան թուրքերու կամ օսմանցիներու դիմաց։ Հայ թագաւորներու իշխանութիւնը կապուած էր տուեալ կայսրութիւններու յաւակնութեան։ Իրենց իշխանութիւնը խորհրդանշող թագը կ՚ուղարկուէր հեռաւոր մայրաքաղաքներէ։ Պատմութեան այս մասը ծանօթ է մեզ՝ հայերուս։
Գիտենք թէ հայոց պատմութիւնը գաղթերու պատմութիւն մըն է նաեւ։ Իւրաքանչիւր քաղաքի պատմութիւն մեզ կը յուշէ զանգուածային գաղթ մը։ Սենեքերիմ թագաւոր իր 14 հազար զինուորներով ու անոնց ընտանիքներով Վասպուրականէն եկաւ Սեբաստիա ուր հիմնեց Արաբկիր եւ Ակն քաղաքները։ Կամ Համամ Ամատունի իր 12 հազար զինուորներով ու անոնց ընտանիքներով եկաւ բնակելու Համամաշէն, որուն շառաւիղները մինչեւ օրս կը գոյատեւեն նոյն տարածքին վրայ։ Ի վերջոյ մեր ամենադաժան գաղթը կայացաւ 1915-ին, ուր բովանդակ ժողովուրդը արմատախիլ եղաւ իր հարազատ հայրենիքէն ու տարագրուեցաւ դէպի Տէր Զօրի անապատը։
Մեզի ծանօթ այս պատմութիւնը սակայն ունի տարբեր երեսակներ եւս։ Հայաստանի հետ միասին միջագետքը, փոքր Ասիան, պոնտեցուց երկիրը, հարաւային ու հիւսիսային Կովկասը, Պալքանեան Թերակղզին եւս եղած են զանգուածային գաղթերու խաչմերուկներ։ Իւրաքանչիւր գաղթի հոսանք իր հետ բերած է նաեւ զանգուածային ողբերգութիւններ։
Այս օրերուս կը յիշատակուի հիւսիսային կովկասի ժողովուրդներուն՝ Չերքէզներուն զանգուածային գաղթի 153-ամեակը։ Չերքէզներ ռուսական կայսրութեան դէմ ինքնավարութեան յամառ պայքար մղելէ ետք, օսմանեան իշխանութեան միջնորդութեամբ համաձայնեցան իրենց հայրենիքը լքելով «խալիֆայի երկիր»ը ապաստանիլ։ Կատարեալ յուսախաբութիւն մը եղաւ այդ որոշումը, քանի որ բիւրաւոր չերքէզներ չյաջողեցան այդ խոստումը վայելելու։ Անոնք Սեւ Ծովու ալիքներուն դիմաց խորտակուող խարխուլ նաւերու զոհը դարձան, յաւիտեանս ննջելով ծովու յատակին։ Իսկ ցամաք հասնողները դիմաւորեց աներեւակայելի անտէրութիւն մը, սով ու վարակ։ Քանի մը տասնամեակ անց վրայ հասաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ուր կառավարութիւնը զինեալ խմբակներ կազմեց չերքէզներէ ու անոնք երկրի այլ իսլամ ժողովուրդներու կողքին մղեց հայերը եւ այլ քրիստոնեաները կոտորելու «սրբազան» գործին։
Նոյնքան ողբերգական է Պալքանեան Թերակղզին լքելով թուրքիա գաղթած թուրքերու, պոսնիացիներու, փոմաքներու պատմութիւնը։ Բոլոր այս ժողովուրդները, ներառեալ լեզկիներ, իսլամացած վրացիներ եւ ուրիշներ, յաջորդող տասնամեակներու ընթացքին կորսնցուցին իրենց ազգային բոլոր յատկութիւնները։ Հանրապետական Թուրքիան յաջողեցաւ զիրենք ձուլել հսկայ խառնարանի մը մէջ, բոլորին պարգեւելով թուրք կոչուելու շնորհը։
Միակ ընդդիմացողէ եղաւ քրտական ազատագրական շարժումը, որ մայրենի լեզուի, ազգային ճանաչման համար իր մղած պայքարով սկսած է ներշնչել նաեւ այլ ժողովուրդները, եթէ ոչ մեծամասնութեամբ, բայց գոնէ մտաւորական խաւի մը միջոցաւ։
Թուրքիոյ իսկական ժողովրդավարութեան մը հասնիլը միայն ազգային փոքրամասնութիւններու ճանաչումով կարելի պիտի ըլլայ։