Կրօնական Ժողովի նախագահութիւնը յայտարարութիւն մը կատարեց հանրածանօթ խմբավար Յովհաննէս Չէքիճի իր ծննդեան 90-ամեակին առթիւ շնորհուած շքանշանի կապակցութեամբ։ Յայտարարութեան մէջ կը նշուի թէ շքանշանի տուչութեան որոշումը կայացած է հինգ ամիսներ առաջ։ Իսկ այսօր Արամ Արք. Եպիսկոպոս այս տուչութիւնով կը փորձէ իր իրաւասութիւնը հրապարակել։ «Այս որոշումով այն տպաւորութիւնը կը գոյանայ թէ նոր կայացած որոշում մը կայ մեր դիմաց։ Մինչդեռ իրողութիւնը բոլորովին տարբեր է։ Կրօնական Ժողովը հինգ ամիս առաջ յանգած էր նման որոշումի մը։ Այսօր Արամ Սրբազան տուչութիւնը կատարելով կ՚ուզէ իր իշխանութիւնը շեշտադրել։ Կարգ մը ծանօթ շրջանակներ եւ մամուլի մէկ մասն ալ գիտակցաբար կը նպաստեն այս խաղին։ Արամ Սրբազանի փոխանորդի կոչումը վերջ գտած է Կրօնական Ժողովի 15 Մարտ 2017 թուակիր ժողովով։ Ան ներկայ դրութեամբ բացի Իսթանպուլի աթոռին մէկ եպիսկոպոսը ըլլալէ օրինական ոչ մէկ հանգամանք ունի։ Յետ այսու Կրօնական Ժողովը միայն ու միայն ընտրեալ տեղապահի նախագահութեամբ կրնայ ժողով գումարել։ Այս դրութիւնը ո՛չ միայն պոլսահայ աթոռի, այլ առհասարակ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ աւանդոյթն է։ Դժբախտաբար դեռ կ՚անտեսուի կարգ մը համայնքային վարչայիններու կողմէ։ Շքանշանի տուչութիւնը կամ սիրոյ սեղանին նախագահելը կը վիճակի միայն ու միայն ընտրեալ տեղապահին կամ իր մատնացոյց ըրած փոխանորդին։ Արամ Սրբազանի դիտումնաւոր թերացումներու հետեւանքով տարակարծութիւններ գոյացած են համայնքի եւ պետական համակարգի միջեւ։ Մենք համբերութեամբ կ՚աշխատինք այդ տարակարծութիւնները լուծելու, մինչ Արամ Սրբազան տակաւին կը շարունակէ իրեն հեղինակութիւն ապահովելու միտող քայլերու։ Նշենք որ այս գործադրութիւնը հետզհետէ ձանձրոյթ եւ դժգոհութիւն յառաջացուցած է հասարակութեան մօտ։ Պատրիարքի ընտրութիւնը պարտաւոր ենք խաղաղութեան մթնոլորտի մէջ կայացնելու։ Պետութեան հետ մեր տարած բանակցութիւնները յոյս կը ներշնչեն թէ մօտ ապագային յաջողինք ընտրութիւն կատարել։ Ուրեմն այս պայմաններու մէջ կու գանք զգուշացնել մեր հասարակութիւնը, յատկապէս ալ երիտասարդութիւնը եկեղեցւոյ սրբազան միջավայրը առանց վնասելու իրենց ձայնը բարձրացնելու։ Մենք պարտինք թէ պատրիարք ընտրելու իրաւունքը ապահովել եւ թէ միաժամանակ պահել միասնութեան, եղբայրութեան եւ ներքին անդորրութեան միջավայրը»։
Սահակ Եպիսկոպոսի ստորագրութեամբ հրատարակուած այս բացատրութիւնը անգամ մը եւս օրակարգ կը զբաղեցնէ պոլսահայ հասարակութեան այլեւս գլխուցաւ պատճառող պատրիարքի ընտրութեան խնդրին մէջ։