Խօսքի ազատութեան ապացոյցեր

Թուրքիա աշխարհի վրայ ամենաշատ թիւով լրագրողներ բանտարկած երկիրներու շարքին կը զբաղեցնէ առաջին կարգը։ Սակայն այս մրցանիշը ալ աւելի կը փայլի նոր վճիռներով։

Ընդդիմադիր «Էօզկիւր Կիւնտեմ» թերթը զօրակցութիւն ապահովելու համար գործադրած էր «հրատարակութեան հերթապահ ընդհանուր տնօրէն»ի դրութիւն մը։ Թերթի այս մասին կատարած կոչին ընդառաջելով զանազան մտաւորականներ կամ ակադեմիականներ ստանձնած էին միօրեայ հերթապահութիւնը։ Վերջերս 13-րդ Եղեռնադատ Ատեանի մէջ կայացաւ այդ հերթապահութիւնը ստանձնածներէ լրագրող Մուրատ Չելիքքանի եւ Փրոֆ. Պեյզա Իւսթիւնի դատավարութիւնը։ Դատի աւարտին Պեյզա Իւսթիւն դատապարտուեցաւ 15 ամիս ազատազրկութեան։ Դատարանը յետաձգեց այս պատժի գործադրութիւնը։

Նոյն մեղադրանքներով դատուեցաւ նաեւ լրագրող Մուրատ Չելիքքան, որուն համար վճռուեցաւ 18 ամիս ազատազրկութիւն։ Սակայն Պիւլենթ Տալքըրան, Փնար Կեզեն Աթանեան եւ Քատրի Արսլանէ բաղկացող դատակազմը համոզուելով թէ մեղադրեալը զղջում մը չէ ունեցած, հրաժարած է անոր համար վճռուած բանտարկութիւնը յետաձգելէ։ Մուրատ Չելիքքան նիստի աւարտին ընդվզած է կատարուածին դէմ պնդելով որ իրեն պատժամիջոցի պատրուակ ներկայացուող օրէնքի յօդուածը արդէն ապօրէն յայտարարուած է միջազգային ատեաններու կողմէ։ «Զիս կը մեղադրեն ահաբեկչութեան քարոզչութիւնը ընելով։ Բնաւ չեն խօսիր այն մասին թէ գրուածը ճիշդ է, թէ ոչ սուտ։ Յստակ է որ մեր զբաղեցուցած պաշտօնը ամբողջովին խորհրդանշական իմաստ մը ունի։ Այս գիտնալով հանդերձ նման ոճիրով մը դատապարտուիլ կասկածի տակ կը թողու նաեւ յանցանքի անհատական ըլլալու սկզբունքը» ըսաւ Մուրատ Չելիքքան։

Խորագրի պատճառաւ

Նման տրամադրութիւնով ձերբակալուած է նաեւ «Ճումհուրիյէթ» թերթի համացանցի էջերու խմբագիր Օղուզ Կիւվեն։ Ան կը մեղադրուի վերջերս տեղի ունեցած երթեւեկի առկածի մը առթիւ իր գործածած խորագրի պատճառաւ։ Այդ խորագիրն ալ դատախազի կողմէ մեկնաբանուած է իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութեան քարոզչութիւն, որու հետեւանքով խմբագիրը ձերբակալուած է։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ