Տասը նոր բողոքագիրներ յանձնուեցան Խորհրդարան

Երես­փո­խան­նե­րու ան­ձեռնմխե­լիու­թիւննե­րը վե­րաց­նե­լու առա­ջար­կով պատ­րաստուած օրի­­նագի­­ծը իշ­­խա­­­նու­­թեան եւ անոր ձայ­­նակցող ընդդի­­մադիր­­նե­­­րու ջան­­քե­­­րով ըն­­դունուած էր եւ պե­­տու­­թեան պաշ­­տօ­­­նաթեր­­թին մէջ հրա­­տարա­­կուած 8 Յու­­նիս 2016-ին։ Այդ թուակա­­նէն ետք Խորհրդա­­րանի 152 պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րու հա­­մար ներ­­կա­­­յացուեցաւ 799 դի­­մումնա­­գիր։ Անոնցմէ մէկ մա­­սը իս­­կոյն գոր­­ծադրուեցան, որուն հե­­տեւան­­քով ընդդի­­մադիր ՀՏՓ կու­­սակցու­­թեան հա­­մանա­­խագահ­­ներ Ֆի­­կեն Եիւքսեք­­տաղ, Սե­­լահատ­­տին Տե­­միր­­թաշ, կու­­սակցու­­թեան բան­­բեր Այ­­հան Պիլ­­կեն եւ այլ երես­­փո­­­խան­­ներ իս­­կոյն բան­­տարկուեցան։ Այժմ անոնց վրայ կ՚աւել­­նայ տա­­սը նոր մե­­ղադ­­րանք եւս, որոնք կը սպառ­­նան ՀՏՓ եւ ՃՀՓ-ցի երես­­փո­­­խան­­նե­­­րուն։ Այսպէս Հան­­րա­­­պետա­­կան Կու­­սակցու­­թե­­­նէն Խորհրդա­­րանի խմբակ­­ցութեան փո­­խանորդ Էօզ­­կիւր Էօզել, Մեր­­սի­­­նի երես­­փո­­­խան Ֆիք­­րի Սաղ­­լար, Ատա­­նայի երես­­փո­­­խան Էլիֆ Տո­­ղան Թիւրքմեն եւ Իս­­թանպու­­լի պատ­­գա­­­մաւոր Պա­­րըշ Եար­­քա­­­տաշի դէմ մէ­­կական, իսկ Ժո­­ղովուրդնե­­րու Ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան Կու­­սակցու­­թե­­­նէ Ատա­­նայի երես­­փո­­­խան Մե­­րալ Տա­­նըշ Պեշ­­թա­­­շի դէմ եր­­կու, Իս­­թանպու­­լի պատ­­գա­­­մաւոր Կա­­րօ Փայ­­լան, Այնթա­­պի պատ­­գա­­­մաւոր Մահ­­մուտ Թող­­րուլ, Շըր­­նա­­­քի պատ­­գա­­­մաւոր Ֆեր­­հատ Էն­­ճիւ եւ Պաթ­­մա­­­նի պատ­­գա­­­մաւոր Այ­­շէ Աճար Պա­­շարա­­նի դէմ ալ մէ­­կական մե­­ղադ­­րանք ներ­­կա­­­յացուած է։

Նշենք որ նա­­խապէս իրենց դէմ մե­­ղադ­­րանք ներ­­կա­­­յացուած եւ դա­­տուած երես­­փո­­­խան­­նե­­­րէն Ֆի­­կեն Եիւքսեք­­տաղ եւ Նուրսել Այ­­տո­­­ղան կորսնցու­­ցին նաեւ իրենց պատ­­գա­­­մաւո­­րի իրա­­ւունքը։

Թուրքիոյ մէջ ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան առու­­մով ամե­­նախրթին երե­­ւոյթնե­­րէն մէկն է ընտրուած պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րու դէմ գոր­­ծադրուած այս անար­­դա­­­րու­­թիւնը։ Էր­­տո­­­ղանի կա­­ռավա­­րու­­թիւնը բո­­լոր առիթ­­նե­­­րով փա­­ռաբա­­նած էր ժո­­ղովուրդի կամ­­քը զայն յա­­ճախ կո­­չելով «ազ­­գա­­­յին կամք», սա­­կայն առանց վա­­րանու­­մի կ՚ան­­տե­­­սէ ընդդի­­մադիր երես­­փո­­­խան­­նե­­­րուն զօ­­րակ­­ցող բազ­­մա­­­միլիոն ընտրող­­նե­­­րու կամ­­քը։ Կար­­ծես ահա­­բեկ­­չութիւն կո­­չուա­­ծը կա­­խար­­դա­­­կան գա­­ւազան մը ըլ­­լայ իշ­­խա­­­նու­­թեան ձեռ­քին, որ ամէն առի­թով շա­հագործէ իրեն հետ համակարծիք չեղողներու դէմ։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ