Հայերէն լեզուի մէջ բացարձակ անխօսութիւնը բացատրող ասացուածք մըն է «Քար լռութիւն»ը։ Երբեմն ալ դիմելով Աստուածաշունչի պատումներուն, կ՚օգտագործենք «պապանձումն Զաքարիայի» կաղապարը։ Երկու ձեւին մէջ ալ կարելի է զգալ պոռթկում մը, ըմբոստութիւն մը։ Ձայնի մը կարիք կը զգաս, արձագանգի մը, բայց կը յայտնուիս խոր անձայնութեան մը մէջ։ Աղաղակ մըն է պահանջածդ, ճիչ մը, բողոքի գոռում մը։
Վաղեմի բարեկամ մըն է լուսանկարիչ, բանաստեղծ, հրապարակախօս եւ հասարակական գործիչ Մեհմէտ Էօզէր։ Կ՚ապրի Անգարա՝ խիստ համեստ պայմաններու մէջ։ Կինը՝ ճարտար դերձակ իր, ուսերուն վրայ վերցուցած է ընտանիքի ապրուստի հոգերը։ Այլա այս զոհողութիւնը կ՚ընէ, որպէսզի ամուսինը, ինչպէս պիտի ըսէր Պարոյր Սեւակ շալակած տանի աշխարհը իր հոգերով։ Աշխարհի այդ հոգերու զանազանութեան մէջ ձեւով մը իր ուղին խաչաձեւուեցաւ մեզ հետ։ Մեզմէ լսեց Կոմիտաս վարդապետի տառապանքը։ Ան նախապէս հանդիպած էր վարդապետի երաժշտութեան։ Ձեւով մը ձեռք անցուցած էր անոր ստեղծագործութիւններուն Սերկէյ Ասլամազեանի կողմէ լարաւոր քառեակի վերածուած մշակումները։ Խիստ տպաւորուած էր լսած երաժշտութիւնով եւ կ՚ուզէր աւելին գիտնալ մեր մինուճար վարդապետի մասին։ Իմացածներով թափանցեց նաեւ հայ ժողովուրդի մեծ ողբերգութեան։
Մեհմէտ Էօզէր մեր այդ հանդիպումէն ետք ալ շարունակեց իր որդեգրած ուղիով։ Ուր, ինչ անիրաւութիւն որ կար, ուր ինչ դիմադրութիւն անիրաւութեան դէմ՝ Մեհմէտ միշտ հոն էր, թէ իր ոսպնեակով եւ թէ իր հասարակական գործիչի կերպարով։ Բայց զգացական գետնի վրայ անոր ամենամեծ տառապանքը եղաւ հայ ժողովուրդի ապրած տանջանքը։ Իր վրայ շատ մեծ ցնցում գործեց, երբ պատմեցի մեծն Կոմիտասի տարագրութենէ վերադարձին իր տան պարտէզին մէջ, ջրհորին վերեւ ապրած խելագարման նոպայի պահը։ Ջրհորի կափարիչը բացած, մինչեւ մէջքը դէպի ներս ծրած կը գոռար՝ «Վարուժան, Սիամանթօ ձեռքերնիդ տուէք վեր քաշեմ»։ Իր դրացիներէն մէկը յառաջացած տարիքին իբրեւ մանկական տխուր յիշատակ մը պատմած էր այս դէպքը ընկերոջս Յակոբին։ Աչքերուն առջեւ պատկերացնելով շանթահարուած էր Մեհմէտ։
Ան հիմա հանդէս կու գայ այդ սարսուռին արգասիքը հանդիսացող գիրքով մը։ «Ջրհորին յատակի քարը» կը կոչուի այդ գիրքը, ուր իր հաւաքած Արմին Ուէկնէրի, Սերկէյ Միխայլովիչի, Լէսլի Տէյուիսի եւ Հենրի Էդկինսընի ոսպնեակէն ցոլացող լուսանկարները տրամադրած է իրեն ընկեր-բարեկամ զանազան գրողներու, պահանջելով որ իւրաքանչիւրը տպաւորութիւն մը շարադրեն այդ նկարներուն տակ։ Այս շաբաթ «Ակօս»ի էջերուն մէջ արժանի կերպով կ՚անդրադառնանք այդ գիրքին։ Այս առթիւ անգամ մը եւս կը տարուինք մտածելու թէ մարդկային զգացումներու համար անհրաժեշտ է միայն ու միայն մարդ ըլլալ եւ ոչ աւելին։ Միայն մարդն է որ պիտի կարենայ զգալ մարդկայինօրէն։ Զգացածին պիտի արձագանգէ նոյն եղանակով եւ պիտի մնայ մարդկութեան պահանջածի սահմաններուն մէջ։
Այս գիտակցութեան ու համոզումին ընդմէջէն կ՚ողջունեմ սիրելի ընկերոջս վերջին աշխատութիւնը։ Փառք ու պատիւ իր գիտակցութեան եւ զգացումներուն։ Զգացումներ, որոնք ուշ, թէ կանուխ պիտի յաջողին փառատել քար լռութիւնը։