- Անկի՞ւն, ըսիր։
- Այո, «Անկիւն»։
- Եւ, ինչո՞ւ «Անկիւն» պիտի անուանենք մեր գրական հանդէսը։
- Պատճա՞ռ կ՚ուզես։ Բազմաթիւ են. պատմական, գրական, լեզուաբանական…
Աշակերտական գրական-գեղարուեստական նոր եռամսեայ մը պատրաստ է հրապարակ իջնելու։ Իր համեստ չորս էջերուն վրայ տեղ պիտի գրաւէ մօտաւորապէս երեք հազար բառ։ Մինչ, խմբագրական կազմի անդամները սկսած են իրենց անկիւններուն համար յօդուածներ գրի առնել, հարցազրոյցներ եւ թարգմանութիւններ կատարել, վարչական խմբակն ալ առանձնացած է, ամենակարեւոր բառը՝ թերթին անունը որոշելու։
- Ահաւասիկ առաջին պատճառը. մեր վարժարանը երկու մայր պողոտաներու անկիւնը կը գտնուի։ Եւ անկիւնադարձային կրնայ ըլլալ մեր հանդէսին հրատարակութիւնը, երբ աշխարհի չորս անկիւններէն եկած հայորդիներ թերթին շուրջ հաւաքուին ու ստեղծագործեն։
- Իրաւունք ունիս, եթէ ազգային միասնականութեան տեսանկիւնէն դիտուի հարցը։
- Իսկ աւելի հետաքրքրականը, «անկիւն» բառի պատմութիւնն է, ծուռիկ-մուռիկ, բայց հարուստ պատմութիւն։ Մեր «անկիւն»ին մէկ ծայը «անկ» արմատն է, միւսը՝ «իւն» մասնիկը։ Արմատը ծռա՜ծ ու շրջած է աշխարհը… Անցեր է Յունաստանէն ու նախ դարձեր է «անկոս» շեղել, կորացնել, ապա՝ «անկոլոս» ծուռ, թիւր, խարդախ։ Լատիններու մօտ՝ «անկուս, անկուլուս», Հնդկաստանի մէջ՝ «անկաս»… Իսկ, նկատա՞ծ էք, թէ ի՛նչ ծուռ նայուածք եւ կտուց մը ունի անգղ թռչունը։ Մեր նախահայրերուն աչքէն չէ վրիպած այդ պատկերը ու «անկ» արմատը, ըստ մեր լեզուաբաններու ոլորուել ու դարձեր է… «անգղ»։
- Մեր թերթը ուղիղ պիտի ըլլայ։ Գրական մամուլի մէջ առողջ միտքերու անկիւն մը։
- Հայ մամուլը, բանաստեղծը եւ գիտնականը զանազան անկիւններէ մօտեցեր են բառին ու անոր տուեր են բազմապիսի իմաստներ։ Եւ, «անկիւն» բառը, որ ունէր «ծուռ» սկիզբ, կրնա՞ք երեւակայել, յաջողեր է պահել ուղիղ, անշեղ զարգացում ու ծայր տուեր է բազմաթիւ բառերու. անկիւնագիծ, անկիւնագագաթ, անկիւնադարակ, անկիւնադարձ, անկիւնազարդ, անկիւնախորշ, անկիւնածալք, անկիւնակ, անկիւնակալ, անկիւնակայմ, անկիւնակապ, անանկիւնաձիգ, անկիւնաչափ… Եւ հիմա երթանք պատմութեան մէկ այլ անկիւնը՝ «անկիւնէ վերջացող բառեր. բազմանկիւն, քառանկիւն, եօթնանկիւն, բթանկիւն, ուղղանկիւն, սրանկիւն, տրամանկիւն... Բոլորին մէջ ամենէն պատկերալիցը՝ «եռանկիւն»։ Անշուշտ զայն առաւել հետաքրքրական դարձնողը «սիրոյ եռանկիւն» կոչուած արկածախնդրութիւնն է, որ ծնունդ տուած է բազմաթիւ վէպերու եւ վէճերու։ Բայց մնանք «գիտութիւն, գրականութիւն, արուեստ» եռանկիւնին մէջ։ Նախ յիշենք այն պատկերազարդ, գեղատիպ գիրքը, «Եռանկիւնաչափութիւն», առաջինը հայ գիտական գրականութեան մէջ, որ Սահակ Պրոնեանի հեղինակութեամբ 1810 թուականին լոյս տեսաւ Վենետիկի մէջ։ Իսկ օր մըն ալ «եռանկիւն» բառը դուրս ելաւ գիտական իր կարծր տարազէն ու դարձաւ… բանաստեղծութիւն.
«Աեը կօշիկ ունի որ ծակ է,
Բեը կօշիկ չունի որ ծակ ունենայ,
Գեը ոտք չունի որ կօշիկ ունենայ»։
(«Անհաւասար եռանկիւն», Իգնա Սարըասլան)
Մուշեղ Իշխանի գրիչի տակ դարձաւ աղօթք՝
Ալ կը բաւէ՚, Տէ՜ր Աստուած, մեր տունն ու տեղ դարձուր մեզ,
Թշնամիս իսկ մեզ նման ուրիշի դուռ չձգես։
Անասունին կու տաս որջ եւ թռչունին՝ տաքուկ բոյն,
Իսկ մարդոց ալ մեղաւոր՝ տո՜ւր ապաւէն մէկ անկիւն։
(«Հայ մամիկին աղօթքը»)
Գրիգոր Զօհրապի համար խաղաղ պատսպարան՝
Անկիւն մ՛ունիմ սրտիս մէջ ուր՝
Կ՚առանձնանամ ատեն-ատեն,
Վերյիշումներ երբոր տըխուր
Երկրէս զիս պահ մը կ՚անջատեն։
(«Զատկի առթիւ»)
Բազմաթիւ հայեր կը հաւատան, թէ հայոց կարեւորագոյն խորհրդանիշերը եռանկիւն մը կը կազմեն. Էջմիածինը, ուր, Քրիստոսն է իջած։ Արարատը, որու վրայ Նոյի տապանն է հանգրուանած։ Քառագագաթ Արագածը, որու վրայ կախուած է Լուսաւորչի կանթեղը։
- Իսկ ես ալ կը հաւատամ, թէ մանկավարժութիւնն ալ «եռանկիւն» մըն է՝ իր մէջ կը պարփակէ դաստիարակութիւնը, կրթութիւնը եւ ուսումը։
- 1953 թուականին ականատես եղանք, թէ մեր սրածայր «անկիւն» բառը ունի նաեւ արուեստի տաղանդ, նուրբ ու ճկուն կողմ մը։ Մարտիրոս Սարեանի վրձինի տակ ան դարձաւ... գեղանկար՝ «Բակի անկիւն»։ «Անկիւն»ը երբեմն ալ ունեցաւ անկում, մնաց աչքերէ հեռու, փոխաբերական իմաստով նշանակեց «ետ ինկած եւ առանձնացած վայր, կեդրոնէ հեռու տեղ, ծայրամաս, խեղճուկ բնակարան, սենեակի վարձքով տրուող մէկ մասը...»։ Իսկ մեր երկրի հեռաւոր անկիւններու մէջ, ազգագրագէտներու վկայութեամբ, բառը առաւ տեղական իմաստներ. Խիանի մէջ՝ մառան, Վանայ մէջ՝ պատի դարակ կամ պատուհան, Ուրմիոյ մէջ՝ թոնրի յատակը, որուն վրայ բացուած է ակը։ «Անկիւն»ի իմաստները աւելի բազմակողմանի դարձան, երբ իր պաշարին վրայ աւելցան բառակապակցութիւններ. «անկիւն ունենալ»՝ ապաստան ունենալ, «անկիւնի ետեւէն»՝ դաւադրաբար, «անկիւնէն յարձակիլ»՝ գաղտագողի յարձակիլ... Բայց այժմ բառս դրական անկիւնադարձ մը կատարած ըլլալ կ՚երեւի։ Ան ունի դիւանագիտական կարեւոր պաշտօն, որուն մէկ ծայրը Հայաստանն է, իսկ միւսը՝ ԱՄՆ։
- Նկատի ունիս Հայաստանի ամերիկեան անկիւնները։
- Այո։ Ամերիկեան ոճով ձեւաւորուած փոքր գրադարաններ են, որոնք կը գործեն քաղաքային կամ մարզային գրադարաններէ ներս։
- Անվախճան կը թուի անկիւնի պատմութիւնը։
- Ո՛չ, ըստ բանաստեղծուհի Շուշանիկ Կուրղինեանի։ Անոր գրիչին տակ, անկիւն բառը ստացաւ իր վերջին իմաստը... «գերեզման»։
Մի փոքրիկ անկիւն մեծ տիեզերքից կ՚ընկնի ինձ բաժին՝
Ու հողն ու սրտեր ինձ կը տիրանան ագահ տագնապով։
«Մահին», 1909
- Կուրղինեանը անկասկած իր պատուոյ անկիւնը ունի մեր գրականութեան մէջ։ Յիշելով, թէ իր մահուան 90-ամեակն է, կ՚առաջարկեմ անոր մասին յօդուած մը պատրաստել նորածին «ԱՆԿԻՒՆ»-ի մէջ։
- Ուրեմն, շնորհաւոր ըլլայ «Անկիւն»ը։
- Եւ, ունենայ ուղիղ կեանք։
ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
ndaduryan@agbumhs.org
264