ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՄԵՂՐ

- Թմբին մեղրո՞վ, թէ՝ առանց մեղրի։

- Մեղրով, պարոն։

- Գիրքը հաւնեցա՞ր։

- Դեռ պա­հարա­նին մէջ է։ Ու­զե­ցի հոս բա­նալ։

Ու Լո­­րենին, հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան սի­­րահար այդ աշա­­կեր­­տուհին, տա­­ղան­­դա­­­ւոր աս­­մունքող մը միեւ­­նոյն ժա­­մանակ, զգու­­շութեամբ կը բա­­նայ Պո­­լիսէն ու­­ղարկուած փոք­­րիկ ծրա­­րը ու կը յայտնուի Ռու­­բէն Զար­­դա­­­րեանի կազ­­մած ըն­­թերցա­­րանը՝ «Մեղ­­րա­­­գետ»։

- Ու­­րեմն, որո­­շած ես հայ­­կա­­­կան հին գիր­­քեր հա­­ւաքել։

- Սի­­րած գրող­­ներս։

- Գա­­ւաթ մը եւս կ՚ու­­զե՞ս։

- Այո, շնոր­­հա­­­կալ եմ…

Լո­­րենին դգալ մը եւս մեղր կը դնէ իր թմբիին մէջ ու կը սկսի եր­­կիւղա­­ծու­­թեամբ թեր­­թել իր հա­­ւաքա­­ծոյի անդրա­­նիկ հա­­տորի մեղ­­րա­­­գոյն էջե­­րը։ Մի­­ջոցին կը զրու­­ցենք «Մեղ­­րա­­­գետ»ի, «մեղր» բա­­ռի եւ այն գրա­­կան ար­­ժէքնե­­րու մա­­սին, որ հա­­յը «մեղր»ով ստեղ­­ծեր է։

- Լո­­րենի, «մեղր» բա­­ռը բնիկ հայ­­կա­­­կան է։ Մեր պատ­­մա­­­գիր­­նե­­­րը, ինչպէս Խո­­րենա­­ցին եւ Դրաս­­խա­­­նակետ­­ցին, խօ­­սեր են հին Հա­­յաս­­տա­­­նի լո­­րենիի ան­­տառնե­­րու եւ անոնց պար­­գե­­­ւած մեղ­­րե­­­րու մա­­սին։

- Ես զգա­­ցեր էի, թէ կա­­րեւոր անուն մը ու­­նիմ։

- Գի­­տես, թէ մեղ­­րը շատ թան­­կա­­­գին է եւ աս­­տուածա­­յին։ Յոյն դի­­ցաբա­­նու­­թեան ան­­մա­­­հու­­թեան ըմ­­պե­­­լիքը՝ նեկ­­տա­­­րը, կը պա­­րու­­նա­­­կէր լո­­րենիի մեղր։

- Կաս­­կած չու­­նիմ, թէ «մեղր» բառն ալ ու­­նի իր հա­­մով պատ­­մութիւ­­նը։

- Ի հար­­կէ… Մեր լեռ­­նաշխար­­հի ջերմ արե­­ւուն տակ հա­­զարա­­ւոր տա­­րիներ հա­­սունցաւ, ապա օծեց հա­­յու քիմ­­քը։ Ոս­­կե­­­դարուն, Մես­­րոպ Մաշ­­տո­­­ցի եւ թարգմա­­նիչ սուրբե­­րու մատ­­նե­­­րէն մեղր կա­­թեցաւ Աս­­տուածա­­շունչի մա­­գաղա­­թեայ էջե­­րուն վրայ։ 67 քաղցր կա­­թիլ։ Ո՛չ մէկ գիր­­քի մէջ այսքան «մեղր»։

- Չա­­րեն­­ցը յի­­շեցի. «Ես իմ անուշ Հա­­յաս­­տա­­­նի արե­­ւահամ բառն եմ սի­­րում»։

- Հայ­­րե­­­նիքը, Լո­­րենի, բա­­ռացիօրէն մեղ­­րա­­­համ է։ Բա՛ց Հա­­յաս­­տա­­­նի տե­­ղանուննե­­րու բա­­ռարան՝ ու կը տես­­նես, թէ Բա­­ղէշէն Կա­­րին, Կե­­սարիայէն Երզնկա, Ար­­ցա­­­խէն Սիւ­­նիք, կար­­ծես թէ մեղր է ծո­­րած լեռ­­ներն ի վար ու հա­­մեմեր է հայ­­րե­­­նի գե­­տերն ու ձո­­րերը, գիւ­­ղերն ու գա­­ւառակ­­նե­­­րը… Մեղ­­րա­­­բուն, Մեղ­­րա­­­գոմ, Մեղ­­րա­­­կում, Մեղ­­րա­­­ծոր, Մեղ­­րա­­­կեր, Մեղ­­րա­­­ձոր, Մեղ­­րա­­­նոց, Մեղ­­րա­­­շատ, Մեղ­­րա­­­շէն, Մեղ­­րա­­­ջուր, Մեղ­­րա­­­քաղաք, Մեղ­­րա­­­քար, Մեղրբեր, Մեղ­­րե­­­սան, Մեղ­­րի…

- Եւ իմ գիրքս՝ Մեղ­­րա­­­գետ։

- Եւ Մեղ­­րա­­­գետը… Մշոյ դաշ­­տը արե­­ւել­­քէն արեւ­­մուտք ջրող, յե­­տոյ սրբա­­զան Արա­­ծանիին միացող մէկ այլ աս­­տուածա­­յին պար­­գեւ։

- Անոր ջու­­րե՞րն էին, ու­­րեմն Ռու­­բէն Զար­­դա­­­րեանի ներշնչման աղ­­բիւրը։

- Ան­­կասկած։ Լո­­րենի, գե­­տը կ՚ու­­նե­­­նայ իր վտակ­­նե­­­րը եւ լո­­րենիի հսկայ ծա­­ռը իր ճիւ­­ղե­­­րը։ Տար­­բեր չէ «մեղր» բա­­ռը։ Հնդեւ­­րո­­­պական «mel» ար­­մա­­­տը թե­­ւեր տա­­րածեր է իր մեղ­­րա­­­խարիս­­խէն, դէ­­պի արեւ­­մուտք եւ դէ­­պի արե­­ւելք ու դար­­ձեր՝ meli, mel, mél, mil, miel, miele, mielo, miere, miցd… Իսկ մեր հայ­­րե­­­նի գա­­ւառ­­նե­­­րուն մէջ, հա­­րազատ մեղ­­րը հո­­սեր է տե­­ղական գոյ­­նով եւ հա­­մով. Զէյ­­թունի մէջ մե՛ղռը, կամ՝ մեղ­­յը, Գո­­րիսի մէջ՝ մէ՛ղրը, Սե­­բաս­­տիոյ եւ Ռո­­տոս­­թո­­­յի մէջ՝ մէռղ, Տիգ­­րա­­­նակեր­­տի, Սվե­­տիոյ (Մու­­սա Լեռ) եւ Թիֆ­­լի­­­սի մէջ՝ միղր, Համ­­շէ­­­նի մէջ՝ մէ՛ղրը... «Մեղր»ը աւե­­լի քաղցրա­­ցաւ երբ ածանց եւ բարդ բա­­ռեր բե­­րաւ. ինչպէս՝ մեղ­­րա­­­խոտ, մեղ­­րա­­­տու, մեղ­­րա­­­մոմ, մեղ­­րա­­­հաց, մեղ­­րա­­­խարիսխ, մեղ­­րա­­­միս...

- Մեղ­­րա­­­լու­­սին... Քոյրս այս աշուն կ՚ամուսնա­­նայ։

- Գի­­տեմ։ Մեղ­­րա­­­համ կեանք կը մաղ­­թեմ։ Ապա... մեղ­­րա­­­ծորան, մեղ­­րա­­­ծոր, մեղ­­րա­­­նոյշ, մեղ­­րա­­­գինի, մեղ­­րա­­­լից, մեղ­­րախնձոր, մեղ­­րա­­­ջուր, մեղ­­րա­­­շէն, մեղ­­րա­­­հան, մեղ­­րա­­­ցօղ, մեղ­­րա­­­քաղ, մեղ­­րեալ, մեղ­­րուկ, մեղ­­րա­­­տանձ, մեղ­­րա­­­ծուկ, մեղ­­րօ­­­ղի, մեղ­­րադդում, մեղ­­րա­­­ծաղիկ, մեղ­­րա­­­ծուծ, մեղ­­րա­­­պոպ, մեղ­­րա­­­սունկ։ Ըստ 1881 թուակա­­նին Պոլ­­սոյ մէջ լոյս տե­­սած «Բա­­ռարան սուրբ գրոց» աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թեան «... Սուրբ Գրոց մէջ յի­­շուած մե­­ղուն հա­­ւանա­­կանա­­պէս մեղ­­րա­­­գործ մե­­ղուն է»։

- Եւ ան է, որ կը քաղցրաց­­նէ նաեւ մեր թմբին։

- «Մեղր»ով շի­­նուած դար­­ձուածքնե­­րով կը հա­­մեմուին նաեւ մեր առօ­­րեայ խօ­­սակ­­ցութիւննե­­րը։ Լիու­­թեան մէջ ապ­­րողնե­­րուն կ՚ըսենք «մեղ­­րի մէջ կը կե­­նայ», խայ­­տա­­­ռակուած­­նե­­­րուն եւ խօ­­սակ­­ցութիւննե­­րու առար­­կայ դար­­ձած ան­­ձե­­­րուն՝ «մի մատ մեղր դար­­ձաւ», ծանր եւ վի­­րաւո­­րական խօս­­քե­­­րուն՝ «մէկ փութ մեղ­­րող չի կլլուիր», բա­­րեհամ­­բոյրնե­­րուն՝ «դէմ­­քէն մեղր կը վա­­զէ», իսկ, շատ մտեր­­մա­­­ցած ան­­ձե­­­րուն՝ «մեղր ու կա­­րագ դար­­ձան»։ Իսկ կան մար­­դիկ, որոնց «բեր­­նէն մեղր կը թա­­փի», «մեղ­­րա­­­բերան» են։ Ուրֆա­­յի հա­­յերն ալ ու­­նե­­­ցեր են իրենց տե­­ղական մէկ դար­­ձուած­­քը. «Մեղ­­րը­­­մոմ քի­­մին (պէս) է», այ­­սինքն ան­­ձը շուտ հա­­մակեր­­պող է։ Ան­­շուշտ մեր գրա­­կանու­­թիւնն ալ համ­­տե­­­սեց «մեղր»ը։ Աս­­տուածա­­շունչի թարգմա­­նու­­թե­­­նէն 500 տա­­րի անց, եր­­կու ոս­­կե­­­փայլ կա­­թիլ մեղր ալ կա­­թեցաւ Նա­­րեկա­­ցիի «Մա­­տեան Ող­­բերգու­­թեան» գիր­­քի էջե­­րուն վրայ։ Ահա մէ­­կը.

«Լուացեալ լի­­նիմ, եւ ոչ պայ­­ծա­­­ռանամ,

Արե­­ւու ծա­­գեալ, եւ ոչ լու­­սա­­­ւորիմ,

Մեղր ճա­­շակեմ, եւ ոչ քաղցրա­­նամ»։

Լո­­րենի, մեղ­­րը նաեւ դար­­ձաւ գե­­ղեց­­կուհիի շրթունք։

«Մէջքդ՝ նո­­ճի-չի­­նարի պէս, գոյնդ ֆրան­­կի ատ­­լաս է.

Լե­­զուդ՝ շա­­քար, շուրթդ՝ մեղր, ակ­­ռեկքդ մարգրիտ-ալ­­մաս է.»

- Սի­­րահար աշուղ մը ըլ­­լա­­­լու է։

- Սա­­յաթ-Նո­­վան։ Իսկ Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեանի հա­­մար՝ պատ­­ճառ պա­­տերազ­­մի։

- «Մի կա­­թիլ մեղր», իմ ման­­կութեան սի­­րելի պատ­­մուած­­քը։

- 1913 թուակա­­նին Թիֆ­­լի­­­սի մէջ լոյս տե­­սաւ մեղ­­րա­­­թաթախ գիրք մը. «Մեղ­­րա­­­տու բոյ­­սեր Անդրկով­­կա­­­սում»։ Նոյն թուակա­­նին եւ լոյս տե­­սաւ քու գիրքդ, «Մեղ­­րա­­­գետ»ը։ Ու­­թը հա­­տոր են անոնք։ Փոր­­ձէ բո­­լորը հա­­ւաքել… Իսկ Դա­­նիէլ Վա­­րու­­ժա­­­նի հա­­մար մեղ­­րը նշա­­նակեց… հա­­յոց գի­­րերը։ Ահա, անոր խօս­­քե­­­րը. «Փառք հայ տա­­ռերուն, որոնք անի­­մանա­­լի խնա­­միու­­թեամբ մո­­գական գրիչ­­նե­­­րու տակ հա­­ւաքուած՝ Եղի­­շէին լե­­զուն ոս­­կի ըրին, Բագ­­րա­­­տու­­նիինը՝ ադա­­մանդ, եւ Ալի­­շանինն ու Հայ­­րի­­­կինը՝ մեղր քաղցրա­­հոս»։ Վա­­րու­­ժա­­­նը եւ Զար­­դա­­­րեանը... Լո­­րենի, այս հան­­ճարնե­­րը, մեղ­­րա­­­ծորան գրիչ­­ներ, չկար­­ծես, թէ ու­­նե­­­ցան մեղ­­րա­­­համ կեանք։ Անոնք ապ­­րե­­­ցան... դառ­­նութիւ­­նը։ Ապա, եկաւ Յով­­հաննէս Գրի­­գորեանը, կիւմրե­­ցի մեծ բա­­նաս­­տեղծը, որ եր­­գեց Հա­­յաս­­տա­­­նի մեղ­­րա­­­դառն պատ­­մութիւ­­նը.

… Եղել են նաեւ ու­­րիշ օրեր՝ բաց են եղել դռնե­­րը երկնքի,

մա­­նանայ է իջել թանձր ու խիտ, քաղցր մեղ­­րի նման,

հաստ շեր­­տով նստել է գետ­­նին եւ մա­­զանօթ­­նե­­­րով

թա­­փան­­ցել է խոր­­քե­­­րը հո­­ղի՝ յար­­ձա­­­կուել են չորս կող­­մից,

պա­­տառ-պա­­տառ են առել, յօ­­շոտել են մո­­լուցքով,

քաղցր բոյ­­րից խեն­­թա­­­ցած վայ­­րի զե­­ռուն ու գա­­զան…

… Մնա­­ցել է ափիս մէջ նշխա­­րաչափ մի պա­­տառ,

Ամէն կող­­մից կրծո­­տուած մեղ­­րաբլիթ… Հա­­յաս­­տան։

- Պա­­րոն, հի­­մա լաւ գի­­տեմ, թէ ո՛ր հե­­ղինակ­­նե­­­րը պի­­տի հա­­ւաքեմ։

- Չես վրի­­պիր, եթէ սիր­­տով հա­­ւաքես։ Թմբի մը եւս…

- Այո, շնոր­­հա­­­կալ եմ... մեղ­րով։