ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@yahoo.com
Մեր թաղին սրճարանը կը նստէի, երբ յանկարծ արագութեամբ ներս մտաւ, ձեռքերն ու ոտքերը անճարակօրէն վեր-վար շարժելով։ «Ա՛լ կ՚օգտէ», պոռաց, «ես ալ պատրիարքի թեկնածու պիտի ըլլամ»։
Թուղթ ու քար խաղացողները մէկէն դարձան դէպի դուռ ու տեսան, որ թաղին անձայն մարդուկն էր։ Զինքը կարելի չէր խենթ կոչել, փախուկ ալ չէր, թերեւս տարօրինակ կոչուէր՝ ատեն- ատեն ունեցած յանկարծակի պոռթկումներուն պատճառով։
-Եկո՛ւր, նստէ՛, Սեդրա՛կ։ Գէո՛րգ, սուրճ մը մեզի։
-Զատկուան խայտառակութիւնը տեսա՞ք։ Ելեր զատկուան պատգամ գրեր է Աթէշեանը։ Ո՞վ է, ի՞նչ է։ Ի՞նչ իրաւունքով։
-Վարժուեցանք ալ… Անիկա միայն զեվզեկութիւն կրնայ գրել։ Դո՞ւն ինչու պատրիարք ըլլալ կ՚ուզես։
-Ասանկ մարդիկ ելեր եպիսկոպոս եղեր են նէ, ես ինչո՞ւ չըլլամ։ Ի՞նչ պակաս ունիմ։
-Իրաւունք ունիս…,- հեռուէն ձայնակցեցաւ Սիմոնը։ Գիտես որ Աթէշեանը վաւերացեալ, աղէկ տեսակէն քոմիսիոնճու մըն է…
-Նաեւ անթիքաճը։ Մի՛ մոռնար, հաճիս։
-Դուն պիտի կրնայի՞ր երկու եպիսկոպոսի առջեւ Մայր եկեղեցիի դուռ գոցել։ Հասարակ չուանով մը։
-Սեդրա՛կ, Աթէշեանին զատկուան պատգամը կարդացի՞ր։
-Այո, կարդացի։ Ի՞նչ իրաւունքով պատգամ կը գրէ։ Ի՞նչ պաշտօն ունի որ…
-Շատ լաւ, ատիկա ձգէ հիմա, կաթողիկոսին պատգամն ալ կարդացի՞ր։
-Չէ, ինչո՞ւ։
-Բուն ատիկա պէտք է կարդայիր։
-Պատմէ, տեսնենք… Ի՞նչ ըսեր է կաթողիկոսը։
-Գիտես, պատգամի աւարտին կաթողիկոսը կ՚ողջունէ միւս նուիրապետական աթոռներուն գահակալները։ Հոն Արամին անունը չկայ, տեղապահ Գարեգին Պեքճեանը կայ։
-Եաշա՜ պէ, վեհափառ… Արամը ուզածին չափ պատգամ թող գրէ, բանի տեղ դնող չկայ…
-Իրականութեան մէջ բանի տեղ դնողը միայն մեր ազգօգուտ մամուլն է, որ իր սուղ սիւնակները լայն կը բանայ Արամին առջեւ։
-Տարօրինակ չէ՞ առիթ-անառիթ կաթողիկոս գովերգող, մայր-աթոռ փառաբանող ազգօգուտները խնդիրը երբ Արամին շուրջ դառնայ ո՛չ կաթողիկոս կը ճանչնան, ո՛չ մայր-աթոռ։
-Պու նէ Արամմըշ պէ…
-Ի՞նչ հաշիւներ կը դառնան արդեօք։ Մարդ չի գիտեր, մարդ չի հասկնար։
-Հիմա Ապրիլ 16-ն ալ անցաւ, նայինք կարգը ե՞րբ մեզի պիտի գայ։
-Անցա՞ւ կ՚ըսես։ Բողոքները կը շարունակուին։ Կը տեսնէք, կը կարդաք հարկաւ։
-Եղբայր, ընտրութիւններուն միայն կը վստահէինք, հիմա անոնք ալ կասկածի տակ են։
-Ընտրութիւն չճանչնալու, ընտրութիւն կեղծելու սովորութիւնը նոր չէ որ… Յունիսի 7-ին նոյնը չեղա՞ւ։
-Հեռու մ՚ե՛րթար, մեր տեղապահի ընտրութիւնն ալ նոյնը չեղա՞ւ։ Օրինական ընտրութիւնը ճանչցող կա՞յ համայնքին մէջ։
-Նոյնիսկ աներես-անամօթներ կան, որոնք «հրաժարէ՛» ըսին տեղապահին, «հիմա գնա, վերջը լուր կ՚ընենք, կու գաս» ըսին։
-Հաճիս, Ենիգիւղի եկեղեցին մի՛ մոռնար, կարծեմ միակն էր որ տեղապահին տէր եղաւ։
-Սուրճ մըն ալ բեր, Գէո՛րգ։
-Բայց ես լաւ կողմէն կը նայիմ այս բոլորին,- ըսաւ մինչ այդ անձայն մնացած նախկին դերձակ Մելինէն։
-Լաւը ո՞րն է,- ըսին անմիջապէս։
-Լաւը ան է որ մարդիկ նման նեղ պայմաններու տակ ինքզինքնին կը բացայայտեն։ Հիմա աւելի լաւ չե՞նք հասկնար թէ քոմիսիոնճու եւ անթիքաճը Աթէշեանին իրական երեսը ի՚նչ է, հայ վարժարանէն հայերէնի ուսուցիչ վռնտել տուողները ո՛վ են, ազգօգուտ մամուլ ինչ ըսել է։
-Լաւ կողմը այսքան չէ, ըստ իս, Մելինէ,- ըսաւ սեղանին միւս ծայրը նստած Արշակը, որ նախկին ուսուցիչ էր։- Նաեւ լաւ է որ մարդիկ, երիտասարդները, տէր կ՚ըլլան իրենց իրաւունքներուն, կը պայքարին, նպատակի մը շուրջ կը համախմբուին։ Հասարակութիւնը արթուն կը մնայ, մի խօսքով։
-Սեդրա՛կ, պատրիարք պիտի ըլլա՞ս, ծօ։
-Հա՛, պիտի ըլլամ, պիտի ըլլամ որ աս մամուկներէն մաքրեմ մէջտեղները…