Այս անգամ ուրախ փլուզում

Թուրքիոյ հայ հասարակութեան կարեւորագոյն յիշողութեան վայրերէն մէկը կը համարուի Թուզլայի ճամբարը, որ ծանօթ է «Քամփ Արմէն» անունով։ Կետիքփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ սեփականութիւնը «Քամփ Արմէն» օրինական դաւադրութիւնով մը գրաւուած էր։ Այդ գրաւումը ինք ալ մանկութեան տարիներուն այս ճամբարին մէջ հասակ առած Հրանդ Տինք զգացական յուշագրութիւնով մը օրա­կար­գի բե­րաւ եւ մատ­նանշեց կա­տարուած անար­դա­րու­թիւնը։ Ճամ­բա­րը օրէնքնե­րու շա­հագոր­ծումով բռնագ­րա­ւուե­լէ ետք նախ յանձնուեցաւ նախ­կին տի­րոջ, որ ապա ծա­խեց ու­րիշնե­րուն։ Վեր­ջին սե­փակա­նատէ­րը 1 Մա­յիս 2016-ին քան­դիչ սար­քե­րով սկսաւ ճամ­բա­րի շէն­քե­րը փլե­լու։ Այս լսող Նոր Զար­թօնք շար­ժումի երի­տասարդնե­րը փու­թա­ցին Թուզլա եւ նախ ար­գելք եղան փլուզման, ապա գրա­ւեցին տա­րած­քը։ Իս­կոյն գո­յացաւ «Քամփ Ար­մէ­նի Զօ­րակ­ցութիւն» շար­ժումը, որ լման 175 օր իր գրա­ւու­մի տակ պա­հեց տա­րած­քը։ Մինչ այդ «Նոր Զար­թօնք» եւ «Քամփ Ար­մէ­նի Դի­մադ­րութիւն» շար­ժումնե­րը հան­րա­հաւաք­ներ կազ­մա­կեր­պե­ցին ժո­ղովուրդին ու­շադրու­թիւնը վառ պա­հելու հա­մար։ Այս հսկայ դի­մադ­րութեան հե­տեւանք այդ օրուայ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­ւու­թօղլուի ալ միջ­նորդու­թեամբ նոր լու­ծումներ որո­նուե­ցաւ եւ 27 Հոկ­տեմբեր 2015-ին քամ­փի սե­փակա­նու­թիւնը ան­գամ մը եւս տրուեցաւ Հայ Բո­ղոքա­կանաց Եկե­ղեցիին։ Իսկ 8 Ապ­րիլ 2017-ին, այս ան­գամ Աւե­տարա­նական Եկե­ղեց­ւոյ նա­խաձեռ­նութեամբ քան­դիչ սար­քե­րը կրկին բա­նիլ սկսան եւ փլե­ցին Քամփ Ար­մէ­նի հին շէն­քի մնա­ցոր­դա­ցը։ Վե­րապա­տուե­լի Գրի­գոր Աղա­պալօղ­լու այս փլու­զումը թէեւ կ՚ող­ջունէ իբ­րեւ նո­րի ձգտե­լու նա­խաքայլ, սա­կայն կը խոս­տո­վանի թէ պատ­մութիւն մըն է որ կ՚ան­հե­տանայ իր աչ­քե­րուն առ­ջեւ։ «Կը մխի­թարուիմ խոր­հե­լով որ սա պա­հուն թէեւ ան­ցեալը կ՚ան­հե­տանայ, բայց մենք պի­տի կրնանք նոր ապա­գային ծա­ռայող շէնք մը կա­ռու­ցել։ Ու­րեմն այս պայ­մաննե­րու տակ կո­րուստէն աւե­լի ձեռքբե­րումներով է որ կ՚ու­րա­խանանք» կ՚ըսէ Վե­րապա­տուե­լի Աղա­պալօղ­լու։

Ճամ­բա­րը այս նոր փո­փոխու­թիւննե­րով հա­ւատա­րիմ պի­տի մնայ իր հիմ­նադրու­թեան նա­խատե­սուած առա­քելու­թեան։ Այժմէն պատ­րաստ է որոշ նա­խագի­ծեր։ Ան­ցեալին տա­րած­քին մէջ գտնուող շի­նու­թիւննե­րը գրան­ցուած էին որ­պէս վար­չա­կան շէնք, իսկ այժմ անոնք պի­տի վե­րածուին ըն­կե­րային եւ մշա­կու­թա­յին շի­նու­թիւն դա­սաւո­րու­մին։ Այդ մա­սին անհրա­ժեշտ է քա­ղաքա­պետա­րանի հաս­տա­տու­մը։ Հի­մա Իս­թանպու­լի Մայր Քա­ղաքա­պետա­րանի եւ Թուզլա­յի Քա­ղաքա­պետա­րան­նե­րու կա­տարե­լիք այդ փո­փոխու­թիւնն է որ կը սպա­սուի շի­նարա­րական աշ­խատութեան մեկնումին համար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ