Որոշ նիւթերու շուրջ փափկանկատութիւնը ինքնին կը զարգացնէ որոշ գիտակցութիւն եւ մանաւանդ պատասխանատուութիւն։ Երկու տարի առաջ, երբ «Ակօս»ի խմբագրութիւնը եւ Հրանդ Տինք Հիմնադրամը միասնաբար կը փոխադրուէր երբեմնի Անարատ Յղութիւն Դպրոցը, գիտէինք որ մեր առջեւ դրուած պատասխանատուութիւններ ունինք անցեալին աշակերտութեան նուազումով փակուած այս հաստատութեան հանդէպ։ Պէտք է մեր գործով արդարացնէինք այդ պատասխանատուութիւնը։ Նախորդ շաբաթավերջին ահա այդ արդարացման վառ օրինակներէն մէկը ապրեցանք, երբ ամբողջ օրուայ տեւողութեամբ զանազան միջոցառումներ կայացան Անարատ Յղութեան պատմական շէնքին մէջ, սկսելով Զատկուայ ձուերու նախշման աշխատանոցէն մինչեւ Սարգիս Սերովբեանի յիշատակումը։
Առաջին հերթին մանաւանդ ալ մանուկներու մասնակցութեամբ Զատկուայ հաւկիթներ զարդարուեցան եւ ներկուեցան։ Ապա «Տօնական Սեղաններ» խորագրեալ ասուլիսին «Ակօս»ի յօդուածագիր Լեւոն Պաղըշի ժողովավարութեամբ Թագուհի Թովմասեան, Մերի Չելիք Սիմյոնիտիս, Սիպել Փինթօ եւ Այնուր Պիթլիսլի հայ, յոյն, հրեայ եւ ասորի խոհանոցներէն տօնական ճաշատեսակներու մասին զեկուցեցին։ Այստեղ յատկապէս ուշագրաւ էր թէ ատենախօսները իրենց զեկոյցները յաճախ կը զարդարէին ընտանեկան յիշատակներով։ Կը յիշէին իրենց տուներէ ներս անցեալին սարքուած տօնական սեղանները եւ ձեւով մը յիշատակած կ՚ըլլային բոլոր այն մայրիկ կամ մեծ մայրիկները, որոնցմէ ժառանգած են խոհանոցի յատուկ հսկայ աւանդութիւն մը։ Նոյն սրահին մէջ ապա եւս կայացաւ խիստ շահեկան միջոցառում մը։ Այս անգամ իր մահուան Բ. տարելիցի առթիւ յիշատակուեցաւ «Ակօս»ի հայերէն էջերու բազմամեայ խմբագիր Սարգիս Սերովբեան, իր վերջերս հրատարակուած պատմութիւններու գիրքի շնորհանդէսով։ Գարեգին Եպիսկոպոս Սրուանձտեանցի, Վրթանէս Փափազեանի եւ Սարգիս Հայկունիի գրառած քրտական ժողովրդական պատմութիւնները Սարգիս Սերովբեանի թարգմանութեամբ լոյս տեսաւ գեղատիպ հատորի մը մէջ։ Նշենք որ ընդհանրապէս բանաւոր պատմութեան աւանդութիւնով ընթացող քրտական մշակոյթի համար ալ մեծ նշանակութիւն ունի այս պատմութիւններու թարգմանաբար հրատարակումը։ Մանաւանդ ալ գիրքը օժտուած է Զէյնեպ Էօզաթալայի շատ յաջող նկարազարդումներով։ Այստեղ ալ Եդուարդ Թովմասեան շահեկան տեղեկութիւններով ծանօթացուց այս պատմութիւններու հեղինակները, որոնք շատ կարեւոր ներդրում ունեցան ժողովրդական բանահիւսութեան մեր օրերուն հասնելուն ընթացքին մէջ։ Այսպէս Հրանդ Տինք Հիմնադրամը եւ «Ակօս» անգամ մը եւս արդարացուցած եղան անցեալի ուսման հաստատութեան մէջ իրենց գոյութիւնը։