ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Պատրիարքի ընտրութեան խնդրի շուրջ տեղի ունեցած տխուր իրադարձութիւններէ ետք յատուկ ուրախութեան պատճառ դարձաւ երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարքի այնքան սիրուած ուսումնասիրութեան՝ «Աւագ Շաբաթ» հատորի վերահրատարակութիւնը։
Անցեալին Շնորհք Պատրիարք իր այնքան հաղորդական ոճով գրի առած էր Մեծ Պահքի յատուկ օրերու նշանակութիւնը պարզող այս աշխատութիւնը, որ արժանանալով հասարակութեան ուշադրութեան, անգտանելի դարձած էր։ Պատրիարքարանը «Շնորհք Պատրիարքի Մատենաշար» խորագրին տակ այս վեցերորդ հրատարակութիւնով կը պանծացնէ բոլորին սիրելի հոգեւորականի մշակութային վաստակը։
Գիրքի վերահրատարակութեան առթիւ Վաղարշակ Սարկաւագ Սերովբեան ինչպէս մատենաշարի այլ օրինակները, այս անգամ ալ ստանձնած է խմբագրական բծախնդիր աշխատութիւն, որու հետեւանքով գիրքը բաղդատմամբ նախորդ հրատարակութիւններու, օժտուած է շատ աւելի որակաւոր տեսքով մը։ Սերովբեան Սարկաւագ Հրատարակութեան Յանձնախումբի անունով գրած է նաեւ նախաբան մը։ Շնորհք Պատրիարք իր այս պատմական ուսումնասիրութեան մէջ նախ կանգ կ՚առնէ Աւագ Շաբաթի իմաստին վրայ։ Ապա առաջին գլխու մէջ կը նկարագրէ Ծաղկազարդի խորհուրդը, Յիսուսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ եւ այդ բոլորին իմաստները։ Կը յաջորդէ երկրորդ գլուխը, որ նիւթ կ՚առնէ մեր եկեղեցւոյ կարեւորագոյն աւանդութիւններէն մին, Դռնբացէքը։ Ինքնին քրիստոնէական պատմութեան պատկերաւոր ցոլացումն է Շնորհք Պատրիարքի տողերը, որոնք սկսելով Աւագ Երկուշաբթիէ կը բոլորեն Աւագ Շաբթու բոլոր օրերը մի առ մի նշելով այս պատմութեան կարեւորագոյն անցուդարձերը։ Ընթերցողը անգամ մը եւս կը հաղորդուի «Չորցած Թզենի»ի, «Տաճարի Մաքրագործման», «Երկու Որդիներու Առակ», «Այրիի լումայ»ի նման խիստ պատկերալից դրուակներու։
Վերջերս ժողովրդի մօտ միայն ու միայն սրտնեղութիւն պատճառող նիւթերով յիշուած Պատրիարքարանը այս հրատարակութիւնով մանաւանդ ալ Ս. Զատկի նախօրեակին կ՚արդարացնէ իր առաքելութիւնը, յոյս ներշնչելով թէ Պատրիարքարանէ ներս ուրախութեան պատճառ դառնալու երեւոյթներ ալ կարելի է։