ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԳՈՀԱՐ

«Ես՝ Գուհարս, մեղօք լի, հոգովս տկար,

ես նորհաս ձեռամբ իմով գործեցի,

ով կար­դայ մէկ բե­րան ողոր­մի ասի»։

Հե­ռատե­սիլի վրայ Ստե­փան Զա­քարեանի «Հա­յաս­տա­նի Առեղ­ծուած­նե­րը» հա­­ղոր­­դա­­­շարն է, ուր կը բա­­ցայայ­­տուին Հա­­յաս­­տա­­­նի պատ­­մա-մշա­­կու­­թա­­­յին խնդիր­­ներ։ Այս մէ­­կը նուիրուած է հայ գե­­ղեց­­կուհիի մը՝ Գո­­հարին։ Պաս­­տա­­­ռի վրայ կը ներ­­կա­­­յանայ Գո­­հարի ոդի­­սակա­­նը. «19-րդ դա­­րին նրան առե­­ւան­­գե­­­ցին հայ եկե­­ղեցուց եւ վա­­ճառե­­ցին անգլիացի­­ներին։ Մին­­չեւ 1899 թուակա­­նը այն գտնուում էր Լոն­­տո­­­նի Վիք­­թո­­­րիայի եւ Ալ­­պէրթի թան­­գա­­­րանը։ 1977 թուակա­­նին վա­­ճառե­­ցին Յո­­հան­­նէսպուրկ, Հա­­րաւա­­յին Աֆ­փրի­­­կէ, ապա Ամե­­րիկա­­յի Միացեալ Նա­­հանգներ»։ Սա հայ­­կա­­­կան գոր­­գի մը պատ­­մութիւնն է, որ իր գոր­­ծո­­­ղի անու­­նով կո­­չուած է «Գո­­հար»։ Մինչ հա­­ղոր­­դա­­­վարը կը շա­­րու­­նա­­­կէ Գո­­հարի բա­­րեմաս­­նութիւննե­­րը տալ, մտքի ակա­­մայ թռիչք մըն ալ կը բա­­ցայայ­­տէ «գո­­հար» բա­­ռի փալփլուն ոդի­­սակա­­նը։

«Գո­­հար», նաեւ՝ «գու­­հար, գաւ­­հար, գօ­­հար»։ Կը նշա­­նակէ «թան­­կա­­­գին՝ ազ­­նիւ քար, յղկուած ադա­­մանդ, շո­­ղական, ակն»։ Այդ քա­­րերու նմա­­նողու­­թեամբ նաեւ՝ «շատ պա­­տուա­­կան, իր տե­­սակին մէջ ազ­­նուագոյ­­նը»։ Փո­­խաբե­­րական իմաս­­տով «փայլ, ցող, շողք»։ Միեւ­­նոյն ժա­­մանակ՝ իգա­­կան յա­­տուկ անուն։

Ըստ գոր­­գա­­­գէտ­­նե­­­րու «Գո­­հար»ը ծնած է 1699 թուակա­­նին՝ Ար­­ցա­­­խի մէջ։ Իսկ «գո­­հար» բա­­ռը՝ ծա­­գու­­մով պարսկա­­կան է։ Բու­­նը՝ «գաւ­­հար», որ կը նշա­­նակէ «էու­­թիւն, տարր, իս­­կութիւն, բնու­­թիւն, գո­­յացու­­թիւն»։ Բա­­ռը հա­­յերէ­­նի մէջ իր առա­­ջին փայ­­լա­­­տակումնե­­րը ու­­նե­­­ցեր է Խո­­րենա­­ցիի եւ Կա­­ղան­­կա­­­տուե­­ցիի մօտ։ Շա­­հախնդիր գո­­հարա­­վաճառ­­նե­­­րու շնոր­­հիւ ան հա­­սեր է թէ՛ արե­­ւելք, եւ թէ՝ արեւ­­մուտք։ Արա­­բերէն՝ «ճաւ­­հար», չէ­­չէն՝ «ժով­­խար», մա­­լայե­­րէն՝ «ճո­­հոր», օս­­մա­­­ներէն եւ ժա­­մանա­­կակից թրքե­­րէն՝ «ճէվ­­հէր», յու­­նա­­­րէն՝ «ծի­­ւաիրի», թուրքմէն՝ «կէօվ­­հէր», քրտե­­րէն «ճո­­հեր», սեր­­պե­­­րէն՝ «ճէ­­վէր», վրա­­ցերէն՝ «գոարի»։ Արաբ վա­­ճառա­­կան­­նե­­­րու մի­­ջոցով բա­­ռը հա­­սեր է նաեւ Մալ­­թա։ Զար­­մա­­­նալի չէ, որ Մի­­ջերկրա­­կանով շրջա­­պատուած կղզիի վրայ բա­­ռը ու­­նե­­­նար իմաս­­տի փո­­փոխու­­թիւն ու նշա­­նակէր ո՛չ թէ թան­­կա­­­գին քար, այլ՝ մար­­գա­­­րիտ։

Կը շա­­րու­­նա­­­կէ հա­­ղոր­­դումը ու ական­­ջա­­­լուր կ՚ըլ­­լանք Գո­­հարին եւ իր նման­­նե­­­րու ող­­բերգու­­թեան. «Աշ­­խարհի տար­­բեր թան­­գա­­­րան­­նե­­­րի իս­­լա­­­մական արուես­­տի բա­­ժին­­նե­­­րում դեռ ցու­­ցադրուում են Գո­­հարին, Հռիփ­­սի­­­մէին, Անա­­հիտին, Փա­­ռան­­ձե­­­մին ու Գա­­յանէին ձեռ­­քե­­­րով գոր­­ծուած գոր­­գեր։ Դրանք կար­­ծես մեր ազ­­գի ճա­­կատագ­­րի լուռ վկա­­ներ լի­­նեն»։

Պատ­­մութեան մէջ ու­­նե­­­ցեր ենք բազ­­մա­­­թիւ Գո­­հար­­ներ, բա­­րեպաշտ հա­­յու­­հի­­­ներ, որոնք պայ­­ծա­­­ռացու­­ցեր են մեր գիրն ու գրա­­կանու­­թիւնը։ Կ՚ար­­ժէ յի­­շել մէկ եր­­կու հա­­տը. «Գո­­հար սթի» (արա­­բերէն՝ տի­­կին), կին Գրի­­գոր քա­­հանա­­յի, որու յի­­շատա­­կին 1293 թուակա­­նին Նա­­խիջե­­ւանի մէջ կանգնե­­ցուց խաչ­­քար մը։ «Գու­­հար Խա­­թուն», կին Սե­­թի եւ մայր Հնա­­զան­­դի, որ 1404 թուակա­­նին գնեց Աւե­­տարան մը եւ զայն նուիրեց Երզնկա­­յի Խա­­յիք գիւ­­ղի եկե­­ղեցիին։ «Գու­­հար կամ Գաւ­­հար», կին տա­­նու­­տէր Ղա­­զարի, որ 1418 թուակա­­նին Վա­­նի մէջ գրել տուաւ Աւե­­տարան մը։ «Գո­­հար», կին Թու­­մա­­­յի, որ 1420 թուակա­­նին Նա­­րեկ վան­­քի մէջ գրել տուաւ Աւե­­տարան մը… «Գո­­հար»ը, այս օտա­­րամուտ գե­­ղեց­­կուհին, դա­­րեր շա­­րու­­նակ լու­­սա­­­ւորեց մեր լե­­զուն։ Ու­­նե­­­ցանք եր­­կու ար­­տա­­­յայ­­տութիւն. «Սուտ գո­­հար», «Ան­­կիւն գո­­հարաց»։ Իսկ Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցիին կը պար­­տինք «Գո­­հար վարդ» պատ­­կե­­­րալից ար­­տա­­­յայ­­տութիւ­­նը. «Գո­­հար վարդն վառ առեալ ի վե­­հից վար­­սիցն ար­­փե­­­նից» («Տաղ Վար­­դա­­­վառի»)։ Ու­­նե­­­ցանք նաեւ բազ­­մա­­­թիւ գո­­հարա­­փայլ բա­­ռեր. Գո­­հարա­­գործ, գո­­հարա­­զարդ, գո­­հարակն, գո­­հարա­­կուռ, գո­­հարան­­ման, գո­­հարա­­շար, գո­­հարա­­շիթ, գո­­հարա­­շող, գո­­հարա­­վառ, գո­­հարա­­տաշ, գո­­հարա­­տուփ, գո­­հարա­­րար, գո­­հարա­­ցայտ, գո­­հարա­­ցոլ, գո­­հարա­­փայլ, գո­­հարե­­ղէն, գո­­հարա­­վաճառ… Վեր­­ջի­­­նը, կա­­րելի է կաս­­կա­­­ծիլ, թէ, վա­­ճառա­­կան­­նե­­­րու ամե­­նէն վստա­­հելին է։ Սա­­կայն, պատ­­մութիւ­­նը կը յի­­շէ հա­­յազ­­գի մէկ գո­­հարա­­վաճառ, թաւ­­րի­­­զեցի մե­­ծահա­­րուստ, բազ­­մա­­­լեզու Խօ­­ճա Մի­­րաքը, որուն, 1469 թուակա­­նին վստա­­հուած էր դի­­ւանա­­գիտա­­կան կա­­րեւոր առա­­քելու­­թիւն մը. Պարսկաս­­տա­­­նի իշ­­խան Ու­­զուն Հա­­սանի անու­­նով եւ լիազօ­­րու­­թեամբ ճամ­­բորդել Վե­­նետիկ ու օս­­մանցի­­ներու դէմ գո­­յաց­­նել զի­­նակ­­ցութիւն։

Արա­­բնե­­րու ար­­շա­­­ւանքնե­­րու ժա­­մանակ եւ անոնց հնչու­­մով, բա­­ռը երկրորդ ան­­գամ մտաւ Հա­­յաս­­տան. «Ջուար, ջօ­­հար, ջու­­հար, ջաւ­­հար, ճու­­հար, ճօ­­հար»։ Գո­­հար­­նե­­­րը, հայ աշուղնե­­րու եւ բա­­նաս­­տեղծնե­­րու գրչին ըն­­տիր փայլ մը տուին։ Աթա­­բեկ Խնկո­­յանը գո­­հարով նկա­­րագ­­րեց գար­­նան անձրե­­ւը եւ կա­­թիլ­­նե­­­րը. «Սի­­րուն Մա­­յիսը գո­­հար է մա­­ղել, ծաղ­­կանց թեր­­թե­­­րը շո­­ղել ու շա­­ղել», «Կա­­նաչ ու կար­­միր կա­­պեց ծիածան, ջրի կա­­թիլ­­ներն ալ - գո­­հար դար­­ձան»։ Գու­­սան Հա­­ւասիի գո­­հարը, կամ ներշնչու­­մը, անոր եարն էր.

«Արի՛ եար ջան, արի՛, սէր ջան, լալ ու մար­­ջան գո­­հար ես,

Գո­­հար ան­­գին ու թան­­կա­­­գին, դու իմ կրծքին քնար ես,»

Իսկ Խա­­չատուր Աբո­­վեանի հա­­մար գո­­հարը օտար լե­­զու­­ներն էին. հա­­րուստ եւ շող­­շո­­­ղուն, ան­­կասկած։ Սա­­կայն, ըստ մեծ հայ­­րե­­­նասէ­­րի, մեր մայ­­րե­­­նին ալ գե­­ղեցիկ է մե­­զի հա­­մար. «Ասենք՝ ջա­­ւահի­­րը, ալ­­մա­­­զը շատ ջու­­հար ու­­նի, շատ մեծ գին, ի՞նչ անես, որ նրա­­նով տուն շի­­նիլ չի՛ կա­­րելի, ամէն մար­­դի ձեռք չի՛ ընկնում։ Ա՜խ, լե­­զուն, լե­­զուն. լե­­զուն որ չը­­լի, մարդ ըն­­չի՞ նման կը­­լի… Լե­­զուդ փո­­խի՛ր, հա­­ւատդ ու­­րա­­­ցի՛ր, էլ ըն­­չո՞վ կա­­րես ասիլ, թէ ո՞ր ազ­­գիցն ես»։

Հա­­ղոր­­դումը կը մօ­­տենայ իր աւար­­տին ու «գո­­հար»ը կը ստա­­նայ եւս մէկ իմաստ. Հայ­­կա­­­կան գոր­­գե­­­րու իւ­­րա­­­յատուկ մէկ խումբ, ան որ ու­­նի վի­­շապի եր­­կու ճիւ­­ղա­­­ւորու­­մով կազ­­մուած քնա­­րաձեւ յօ­­րինուածք, բու­­ժիչ եւ պահ­­պա­­­նիչ ու­­ժեր, ինչպէս նաեւ՝ խորհրդա­­ւոր զար­­դա­­­նախ­­շեր։ Զա­­քարեանը կը շա­­րու­­նա­­­կէ. «Խորհրդան­­շա՛նն է հայ­­կա­­­կան գոր­­գի զօ­­րու­­թիւնը… Հայ­­կա­­­կան գոր­­գե­­­րը իրենց մէջ ան­­պայմա­­նօրէն որո­­շակի հա­­ղոր­­դագրու­­թիւն ու իմաստ են կրու­­մ ու կ՛ար­­տա­­­սանէ այն երկտո­­ղը, որ Գո­­հարը գոր­­ծած է իր գոր­­գի վրայ. «Ես՝ Գու­­հարս, մե­­ղօք լի, հո­­գովս տկար, ես նոր­­հաս ձե­­ռամբ իմով գոր­­ծե­­­ցի, ով կար­­դայ մէկ բե­­րան ողոր­­մի ասի»։

Մենք ալ կը հա­­ւատանք, թէ բա­­ռերը ու­­նին առեղ­­ծուածա­­յին պատ­­մութիւններ, որոնք կա­­րօտ են բա­­ցայայ­­տումնե­­րու։ Այս գրու­­թեամբ կա­­տարե­­ցինք Գո­­հարի, Գո­­հար­­նե­­­րու, ինչպէս նաեւ՝ հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան բա­­նաւոր գո­­հար­­նե­­­րը յօ­­րինած գրիչ­­նե­­­րու խնդրան­­քը. «Ով կար­­դայ մէկ բե­­րան ողոր­­մի ասի»։