60 տարի անց՝ Երուսաղէմէն Պոլիս
ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@yahoo.com
Հետզհետէ աւելի բարձր կը լսուին ձայները այն մարդոց, Պոլիսէն, Հայաստանէն թէ սփիւռքէն, որոնք տեսնելով պատրիարքական պետական փոխանորդ Արամ Աթէշեանին չափն ու սահմանը անցած քայլերը, կը պահանջեն, որ կաթողիկոսը պատժամիջոց մը սահմանէ՝ կարգազրկէ, փիլոնազրկէ կամ կախակայէ զինքը, վերջապէս բանեցնէ հոգեւոր վերին իշխանութեան իրեն ընձեռած իրաւասութիւնը։ Մանաւանդ որ կաթողիկոսը աննախադէպօրէն շատ անգամներ դիմած է այդ միջոցին՝ յաճախ կարգազրկելով կամ կախակայելով քահանաներ, վեղարաւորներ, նոյնիսկ եպիսկոպոս մը։
Դէպքերը, որոնք կը պատահին վերջին քանի մը շաբաթներուն, կը վերածուէին թնճուկի մը՝ թառած այն չուանին վրայ, որ անշնորհք կերպով մը կապուած էր փակելով Մայր եկեղեցւոյ դուռը տեղապահ Գարեգին սրբազանին առջեւ, որպէսզի ան «Հրաշափառ»ով մուտք չգործէ եկեղեցի։ Պետական փոխանորդը հաւանաբար արգիլած էր վեղարաւորներուն, քահանաներուն, սարկաւագներուն՝ երթալ ու դիմաւորել տեղապահը։ Ո՛չ մէկ հոգեւորական ներկայ էր, նոյնիսկ անոնք, որոնք քուէարկած էին յօգուտ Գարեգին սրբազանի։ Բացի միայն Սահակ սրբազանէ։ Իսկ Շիրինօղլու ալ հրապարակած էր տարօրինակ կոչ մը, որմով հրաժարելու կը հրաւիրէր քուէներու մեծամասնութեամբ, եկեղեցական օրէնքին, կանոնին տառին ու ոգիին համապատասխան ընտրուած տեղապահը՝ առանց բացատրելու, թէ ինչո՞ւ հրաժարելու չէ հրաւիրած այսքան տարիէ ի վեր պատրիարքական ընտրութիւնը չկազմակերպած, իր պաշտօնին վրայ լուրջ թերացումներ ունեցած, յամառօրէն իր աթոռէն չհեռացող եւ համայնքն ու եկեղեցին խայտառակող, տեղապահի մը ընտրութեան պարագային իր պաշտօնէն հեռանալ խոստացած Աթեէշեանը։ Հասցէները շփոթած ըլլալու է...
Այն ինչ որ կը պատահի այսօր Պոլսոյ մէջ՝ գրեթէ մօտիկ առնչութիւններ ունի վաթսուն տարի առաջ Երուսաղէմի մէջ պատահած իրադարձութիւններուն հետ, որոնց գլխաւոր դերակատարներն էին Տիրան Ներսոյեան ու Եղիշէ Տէրտէրեան արքեպիսկոպոսները։ Երուսաղէմի Կիւրեղ Իսրայէլեան պատրիարքի մահէն ետք (1949), աթոռը թափուր կը մնայ երկար ժամանակ։ 1956-ին Տիրան Ներսոյեան տեղապահ Եղիշէ Տէրտէրեանը Յորդանանի կառավարութեան դիմաց կ՚ամբաստանէ՝ ըսելով, թէ ան գիտակցաբար կը ձգձգէ պատրիարքական ընտրութիւնը։ Ներսոյեան կը պահանջէր, որ անմիջապէս արտօնուի պատրիարքական ընտրութեան կայացումը։ Որպէս պատասխան քայլ, Տէրտէրեան ալ Ներսոյեանի հասցէին զրպարտագիր մը կը խմբագրէ, որու հիման վրայ Յորդանանի կառավարութիւնը ամերիկահպատակ Ներսոյեանը կը վտարէ երկրէն։ Ներսոյեանի կողմնակիցները, որոնց շարքին էր նաեւ Շնորհք Գալուստեան եպիսկոպոսը, ցոյցեր կը կատարեն, բողոքի ալիք կը բարձրացնեն եւ խմբակային նամակ կը յղեն Յորդանանի իշխանութիւններուն ու կը յաջողին Ներսոյեանի կեցութեան ժամկէտները երկարացնել։ Երուսաղէմի միաբանական ընդհանուր ժողովը այս իրադարձութիւններէն քանի մը օր վերջ կը պաշտօնազրկէ Տէրտէրեանը՝ զինքը հեռացնելով տեղապահի ու լուսարարապետի զոյգ պաշտօններէն, եւ տեղապահ կ՚ընտրէ Ներսոյեանը։ Վերջինիս բացակայութեան՝ վանքի ընդհանուր կառավարիչ կը կարգուի Սուրէն Քեմհաճեան եպիսկոպոսը։
Տէրտէրեան, որ այդ շրջանին կը գտնուէր Մայր աթոռի մէջ, Վազգէն կաթողիկոսին կը խոստանայ հրաժարիլ Երուսաղէմի մէջ ունեցած իր բոլոր պաշտօններէն ու միջոց մը չվերադառնալ Երուսաղէմ՝ ելլելով Հայ եկեղեցւոյ ընդհանուր շահերէն։ Թէեւ աւելի վերջ Տէրտէրեան պիտի յայտնէր, թէ նման խոստում մը չէր տուած կաթողիկոսին, այլ վերջինիս փափաքին վրայ ի սէր խաղաղութեան յայտնած է, թէ Երուսաղէմ վերադարձին իր դէմ եղածներուն համար բարեացակամ կեցուածք պիտի ունենայ։ Տէրտէրեան վերադառնալով Յորդանան՝ կը սկսի բնակիլ Ամմանի մէջ։ Ան դատ կը բանայ Տիրան Ներսոյեանի ու Երուսաղէմի միաբանութեան դէմ՝ անօրինական համարելով անոնց բոլոր որոշումները։ Ան դատ մըն ալ կը բանայ Յորդանանի ներքին գործոց նախարարութեան դէմ, որ օրինական համարած էր Երուսաղէմի միաբանութեան որոշումները։
1957-ի Մարտին վերջապէս կը կայանայ պատրիարքական ընտրութիւնը եւ պատրիարք կ՚ընտրուի Տիրան Ներսոյեանը (հարկ է նշել, թէ ի տարբերութիւն Էջմիածնի, Կիլիկիոյ ու Պոլսոյ աթոռներուն, Երուսաղէմի գահակալը կ՚ընտրուի միաբանական ժողովին կողմէ)։ Միաբանական ժողովը Տէրտէրեանը իր շարքերէն հեռացնելու որոշում ալ կը կայացնէ՝ միաբանութեան դէմ նիւթած դաւերու, Տիրան Ներսոյեանը ամբաստանելու եւ պատրիարքարանի աշխատանքներուն վնասած ըլլալու պատճառով։ Այս ամբողջ ընթացքին սփիւռքահայ բազմաթիւ եկեղեցականներ ու աշխարհականներ նամակներ կը յղէին կաթողիկոսին՝ դատապարտելով Տէրտէրեանի գործելաոճը։ Անոնք, որոնցմէ մէկն էր նաեւ Պոլսոյ պատրիարք Գարեգին Խաչատուրեանը, եռանդագին կը փորձէին համոզել կաթողիկոսը, որպէսզի պատժէ Տէրտէրեանը։
Վազգէն կաթողիկոսը ապրիլ 1957-ին կ՚արտայայտէ իր վճիռը Եղիշէ Տէրտէրեան արքեպիսկոպոսին մասին։ Նկատի առնելով՝
-Երուսաղէմի միաբանական ընդհանուր ժողովին որոշումները,
-Տէրտէրեանի բարոյական կենցաղին դէմ եղած ծանրակշիռ ամբաստանութիւնները, որոնց պատճառով ենթական իր վրայ հրաւիրած էր եկեղեցւոյ ու հասարակութեան սաստիկ վրդովմունքն ու դատապարտումը,
-Տէրտէրեանի Երուսաղէմի աթոռին շահերուն ու միաբանակից եղբայրներուն դէմ արարքները, որոնք ծանր կերպով անդրադարձած էին Հայ եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականութեան վարկին՝ յաչս հայ ժողովուրդին ու օտարներուն,
-որ իր գործելաոճով անհաւատարիմ եղած է Մայր աթոռին եւ առ ոչինչ համարած է կաթողիկոսին յորդորներն ու կոչերը, եւ այդպէսով դրժած է իր հաւատարմութեան ուխտը,
-հիմնուելով նաեւ Տէրտէրեանի մասին Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական բոլոր աթոռներու եւ թեմերու վերաբերմունքի ու տեսակէտներուն վրայ,
Վազգէն կաթողիկոսը կը հաստատէ Տէրտէրեանի վերաբերեալ Երուսաղէմի միաբանութեան կողմէ առնուած բոլոր որոշումները, ետ կ՚առնէ տեղապահ ըլլալու հանգամանքին բերմամբ իրեն շնորհուած արքութեան պատիւը, զինք կը կախակայէ, կը փիլոնազրկէ եւ չ՚արտօներ որպէսզի Տէրտէրեան վարչական ու հոգեւոր իշխանութիւն մը ներկայացնէ որեւէ տեղ՝ մինչեւ որ վերջնական որոշում մը տրուի Եպիսկոպոսաց ժողովին կողմէ։ Կաթողիկոսը Տէրտէրեանը նաեւ կ՚աքսորէ Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան վանքը՝ զրկելով որեւէ արարողութեան մասնակցելու իրաւունքէն եւս։
Իսկ թէ ինչպէ՛ս վերջացաւ այս պատմութիւնը՝ յայտնի է։ Շուրջ երկու-երեք տարի անց, Տէրտէրեան Յորդանանի իշխանութիւններուն նեցուկով վերադարձաւ Երուսաղէմ, արտաքսել տուաւ ընտրեալ-պատրիարք Տիրան Ներսոյեանն ու իրեն համակիր հոգեւորականները (որոնց շարքին նաեւ լուսարարապետ Շնորհք եպսկ. Գալուստեանը) ու բազմեցաւ Երուսաղէմի աթոռին՝ երեսուն տարի շարունակ, մինչեւ 1990-ը, ղեկավարելու համար զայն։ Հիները կը յիշեն, մինչ այդ թուականը չէր յիշուեր անոր անունը Պոլսոյ եկեղեցիներուն մէջ՝ Շնորհք պատրիարքի հրահանգով։
Պետութիւնն ու անիմանալի այլ ուժեր իր ետին ունի այսօր Արամ Աթէշեանը։ Վերջինս Եղիշէ Տէրտէրեանի սանն ալ եղած ըլլալու է Երուսաղէմի իր տարիներուն, թէեւ բաւական մը հեռու է ունենալէ այդ իւրայատուկ անձնաւորութեան վարչական կամ, երբեմն վիճելի իսկ ըլլայ, գրական տաղանդները։ Կաթողիկոսը, որ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է Տիրան Ներսոյեանի ձեռամբ, հետզհետէ մեծցող այս տագնապը լուծելու կը հրաւիրուի աւելի վճռական քայլերով, այլապէս անխուսափելիօրէն կը հասուննայ ապագայի մեծ տագնապը։