ԿԷՕԶՏԷ ՔԱԶԱԶ
gozdekazaz@agos.com.tr
Սուրբ Զատկի օր կայանալիք հանրաքուէի նախօրեակին բոլոր քաղաքական կազմակերպութիւնները խտացուցած են իրենց քարոզչական աշխատութիւնները։ Քարոզարշաւին ամենադժուար պայմաններուն մէջ մասնակցող կուսակցութիւնն է ՀՏՓ, որուն աւելի քան 3 հազար անդամները, 13 պատգամաւորները արդէն ձերբակալուած են։ Բացի այդ ոստիկանական ուժերը կամ շրջանային վարչութիւնները յաճախակի կերպով կը խոչընդոտեն այս կուսակցութեան աշխատութիւնները։ Բոլոր այս աննպաստ պայմաններու առկայութեան, ՀՏՓ-ականները բաւական լաւ տպաւորուած են քարոզարշաւի ընթացքին իրենց դէմ ցուցաբերուած ուշադրութենէն։ Այս մասին զրուցեցինք կուսակցութեան առաջատար դէմքերէն Մարտինի պատգամաւոր Փրոֆ. Միթհատ Սանճարի հետ։
ԿԷՕԶՏԷ ՔԱԶԱԶ- Ի՞նչ տեսակ արգելքներ կը դիմագրաւէք ընտրութեան քարոզարշաւի ժամանակ։
ՄԻԹՀԱՏ ՍԱՆՃԱՐ- Հանրաշարժով կը շրջինք նախապէս ճշդուած ուղղութեան մը մէջ։ Շրջագայութիւնը աւարտելէ ետք կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակին առջեւ կը հանդիպինք ժողովրդին հետ։ Շատ անգամ այս հանդիպման վայրերուն մէջ ժողովուրդը անհանգստացնող միջամտութիւններ կը կատարուին։ Օրինակի համար ոստիկանութիւնը մի առ մի կը նկարահանէ հանրահաւաքի մասնակիցները։ Սակայն հակառակ այս բոլորին ժողովուրդը մեծ ոգեւորութիւն մը կը ցուցաբերէ մեզի նկատմամբ։ Այս ալ անշուշտ կ՚անհանգստացնէ իշխանամէտ շրջանակները։
Կ.Ք.- Իսկ ինչպէ՞ս կը գնահատէք ժողովուրդին տրամադրութիւնը։
Մ.Ս.- Բոլոր այս արգելքներուն եւ մէկուկէս տարիէ ի վեր շարունակուող ոստիկանական միջամտութիւններուն եւ բռնութիւններու մէջ ժողովուրդը տակաւին չէ յուսալքուած։ Մենք շատ անգամ կը շնչենք 7 Յունիս 2015-ի ընտրութիւններու հոգեբանութիւնը։ Յատկապէս ալ վերջերս պետութեան ծանր հալածանքներուն ենթարկուած քաղաքներուն մէջ աւելի տեսանելի կը դառնայ այս երեւոյթը։ Կուսակցութեան անունով որու եկած ըլլալը երկրորդական նշանակութիւն ունի։ Իրենց համար կարեւորը այդ շարժումին ներկայութիւնն է, ո՛չ թէ շարժումի այս կամ այն դերակատարի ներկայութիւնը։ Յայտնի է որ քրտաբնակ քաղաքներու մէջ հանրաքուէի առաջարկները մերժողները բաւական լուրջ թիւ մը պիտի կազմեն։
Կ.Ք.- Իսկ որո՞նք են այդ քաղաքները։
Մ.Ս.- Այդ քաղաքներու գլխաւորն է Ճիզիրը։ Անշուշտ որ Ճէյլանփընարի նման աւելի բազմազգի դիմագիծ ներկայացնող Ռոժաւայի հարեւան սահմանամերձ տարածքներու մէջ տարբեր հոգեբանութիւն մը կը տիրէ։ Այս քաղաքները իրենց տնտեսական եւ ընկերային առանձնայատկութիւններով իրենց յատուկ վերապահութիւնները ունին։ Միւս կողմէ Սիլոփի, Շըրնախ, Վիրանշեհր եւ մանաւանդ Սուրուչի մէջ արտակարգ ոգեւորութիւն եւ վճռակամութիւն մը կը տիրէ։ Քաղաքական գարունի մը միջավայրը կը զգանք։ Մեր միակ մտահոգութիւնը գիւղերու բնակիչներուն դէմ գործադրուած ճնշումներն են։
Կ.Ք.- Ի՞նչ տեսակ ճնշումներու կ՚ակնարկէք։
Մ.Ս.- Նահանգապետեր, երբեմն կուսակալներ, յաճախ Ոստիկան Զօրաց հրամանատարներ դէպի գիւղեր կ՚այցելեն եւ գիւղապետերուն մերթ սպառնալով, մերթ ալ զանազան խոստումներով քարոզչութիւն կը կատարեն։ Կը դժուարանանք այս տեսակի ճնշումները չէզոքացնելու։ Մեր շրջանային վարիչներէն շատեր, յատկապէս ալ նահանգային մասնաճիւղերու պետեր ձերբակալուած են։ Շատ անգամ կը բաւարարուինք միայն ու միայն գործադրուած ճնշումները արձանագրելով։
Կ.Ք.- Եթէ հանրաքուէն կառավարութեան ակնկալութիւններէն հեռու արդիւնքով մը աւարտի հասարակութիւնը ի՞նչ պիտի տեսնէ 17 Ապրիլին։ Քաղաքական գործօնները ի՞նչ փոփոխութիւններ պիտի ունենան։
Մ.Ս.- «Ո՛չ»ի յաղթահարումը դէպի բնականոնացման տանող ճանապարհին մեկնակէտը պիտի հանդիսանայ։ Մի գուցէ 17 Ապրիլի առաւօտուն «Ո՛չ»ի յաղթանակի յայտարարումով որոշ ալեկոծում մը ապրինք։ Կարգ մը քաղաքներէ ներս կամայական պոռթկումներ կրնան տեսնուիլ։ Սակայն այդ ալեկոծումը երկարատեւ պիտի չըլլայ։ Մեր՝ ժողովրդավարական ուժերուս համար մեծագոյն առիթը հասարակութիւնը եւ երկիրը դէպի բնականոնացման տանող ճանապարհի բացուիլն է։
Կ.Ք.- Այս գործընթացին մէջ բնականոնացումը ինչե՞ր կը ներառէ։
Մ.Ս.- Սոսկալի բեւեռացումը, ծայրայեղ լարուածութիւնը, տեսանելի-անտեսանելի բախման առանցքներու աշխոյժութիւնը վերացնելու առիթներ կը ստեղծուին։ Չեմ կարծեր թէ ԱՔՓ առանց բան մը պատահած ըլլալու տրամադրութիւնով իր ճամբան շարունակէ։ Այս կուսակցութեան մէջ վերջերս որդեգրուած ռազմավարութենէն դժգոհ տարրեր կան։ Այդ տարրերը կամ կուսակցութեան վերակերտման պիտի ձեռնարկեն, կամ ալ պիտի ուղղուին նոր կուսակցութիւն մը հիմնելու։ Չեմ խորհիր նաեւ թէ ՄՀՓ Պահչելիի նախագահութեան ներքեւ կարենայ շարունակել։ Այստեղ ալ Պահչելիին ընդդիմացող կազմերը կամ նոր համագումարի մը առիթ կը գտնեն, կամ ալ նոր կուսակցութիւն մը կը կազմեն։ Կը խորհիմ թէ ԱՔՓ եւ ՄՀՓ-էն պոկուածները կեդրոնական աջը նկարագրող նոր ընթացքի մը մէջ պիտի ըլլան։ Այս տեսակ զարգացումը անշուշտ որ հաւասարակշռութիւնները բնականոնացման հասցնելու համար խիստ կարեւոր են։ Իսկ մենք որպէս ՀՏՓ, մինչեւ օրս պաշտպանած նպատակները ալ աւելի ուժով պիտի բարձրացնենք։ Այսպէսով Թուրքիա արագօրէն պիտի վերանորոգէ ժողովրդավարական ծրագիր մը։ Թափ պիտի տանք քրտական խնդիրը բախումներով լուծելու դէմ բանակցութիւններու վերսկսման։ Պիտի արագացնենք նաեւ բոլոր նիւթերու մէջ բանակցութեան աշխուժացումը։
Կ.Ք.- «Ո՛չ» արդիւնքը ի՞նչ նշանակութիւն պիտի ունենայ ՃՀՓ-ի համար։
Մ.Ս.- Կը յուսամ թէ ՃՀՓ ալ շինիչ դերակատարութիւն մը կ՚ունենայ ժողովրդավարական վերանորոգման եւ բանակցութիւններ տանող երկխօսութեան հաստատումին մէջ։
Կ.Ք.-Իսկ հապա հանրաքուէի արդիւնքը «Այո՛» ըլլա՞յ։
Մ.Ս.- Ժողովրդավարական շարքերու համար պայմանները պիտի ծանրանան։ Թէեւ չեմ յուսար որ նախատեսուած դրութիւնը իսկոյն գործադրուի։ Արդէն ընտրութիւններու համար որոշուած տարեթիւը 2019 է։ Էական է այն որ «Այո՛»ի յաղթահարման պարագային հասարակութեան մէջ բեւեռացումը եւ քաղաքական լարուածութիւնը թափ ստանայ։ Թուրքիոյ հասարակութիւնը նուազագոյն երկու ճակատներու վրայ իրարու դէմ ոխով ու թշնամութեամբ բեւեռացած է։ Այդ բեւեռացումը ալ աւելի պիտի խստանայ։ Այսքան յստակ գիծերով բեւեռացած երկրի մը մէջ քաղաքական կայունութիւնը ապահովել շատ դժուար է։ Ուրեմն մեծ հաւանականութիւն է որ անգամ մը եւս մատնուինք վարչական ճգնաժամի։ Ու երբ քաղաքական կայունութիւնը կը բացակայի՝ կը բացակայի նաեւ տնտեսական կայունութիւնը։ Կը կարծեմ թէ քաղաքական ճգնաժամն ալ պիտի խորանայ։ Այս զարգացումը պատճառ պիտի դառնայ որ Էրտողանի շուրջ բոլորուած շրջանակը կքի։ Էրտողան ներկայ ռազմավարութիւնը կը տանի Պահչելիի գլխաւորած ՄՀՓ-ի եւ «Էրկէնէքոնի» տարրերու զօրակցութեամբ։ Սակայն այս միասնութիւնն ալ առիթներ կ՚որոնէ նոր հաշուեյարդարներու դիմելու համար։ «Այո՛»ի յաղթահարումը չի կրնար կանխել ՄՀՓ-ի մէջ տիրող պառակտումը։ Այս պայմաններու տակ ժողովրդավարութեան շարքերը պէտք է աշխատին նոր բախումներու առանցքի մը գոյանալէն։ Հասարակութեան մէջ այլընտրանքի մը բացակայութեան մտահոգութիւնը կանխելու ուղղութեամբ լուրջ պատասխանատուութիւն մը ունինք։ Որպէս ՀՏՓ կը գիտակցինք այդ պատասխանատուութեան։
Կ.Ք.- Իսկ արդէն բաւական տկարացած ժողովրդավարական շարքերը պիտի կրնա՞ն այդ պատասխանատուութիւնը ստանձնել։
Մ.Ս.- Չեմ ուզեր որ խօսքերս դատէք որպէս չափազանցուած լաւատեսութիւն։ Թուրքիոյ հասարակութիւնը բաւականին գերզգայուն է եւ ժողովրդավարական շարքերն ալ ամուր արմատներ ունին։ Հասարակական ողջամտութիւնը լուրջ գործօն մըն է, պէտք չէ անտեսել այդ գործօնը։ Անցեալին շատ աւելի դժուար ժամանակներ յաղթահարած ենք։ Կասկած չունիմ որ նոր մարդիկ նոր գործելաոճեր եւ նոր ռազմավարութիւններ արտադրելու կարողութիւն ունենան։